Հայաստանի Քաղաքացիներուն 59.6 Տոկոսը Դէմ Է Սահմանադրութիւնը Փոխելուն

«Կալըփ» միջազգային կազմակերպութեան հայկական ներկայացուցչութիւնը ներկայացուց Հայաստանի Սահմանադրութեան գծով նոր հարցախոյզի մը տուեալները: Արդիւնքները 12 Մարտին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց ներկայացուցչութեան ղեկավար Արամ Նաւասարդեան:

Հարցախոյզին մասնակցողներուն հարցուցած են, թէ ի՛նչ է անոնց կարծիքը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող Սահմանադրութիւնը պէ՞տք է փոխուի, կամ փոփոխութեան ենթարկուի. 18.74 տոկոսը յայտնած է, որ պէտք է որոշ դրոյթներ փոխել, 7.5 տոկոսը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլորովին նոր Սահմանադրութիւն մը պէտք է, իսկ 59.6 տոկոսը հաստատած է, որ Սահմանադրութիւնը պէտք է մնայ անփոփոխ, մինչ 14.5 տոկոսը յստակ պատասխան չէ տուած։

«Մենք բերել ենք  Յունուարի 24ի տուեալներ, երբ որ 14 տոկոսն էր ասում, որ պէտք է որոշ դրոյթներ փոփոխել, 13 տոկոսն  ասում էր, որ անհրաժեշտ է լիովին նոր Սահմանադրութիւն եւ 34.2 տոկոսը նշել էր, որ Սահմանադրութիւնը պէտք չէ փոփոխել, պէտք է մնայ անփոփոխ, եւ 38 տոկոսը նշել էր, որ դժուարանում է պատասխանել: Իրականում պատկերը բաւականին տարբերւում է,  եթէ նայենք նաեւ Յուլիսի 24ի իրականացրած հարցումը, երբ որ Ալիեւն էր բարձրաձայնել այդ խնդրի մասին, որ Հայաստանը պէտք է փոփոխի Սահմանադրութիւնը, այնտեղ պատկերն ի հարկէ աւելի ուրիշ էր, միայն 11 տոկոսն էր նշել, որ պէտք է որոշակի դրոյթներ փոխել, պատկերը հիմա աւելի, միանշանակ կարող եմ ասել, որ մեծամասնութիւնը մեր քաղաքացիների դէմ է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն Սահմանադրութիւնը որոշակի փոփոխութիւնների ենթարկուի», յայտնեց Նաւասարդեան:

Հարցախոյզին մասնակցած են 1100 անձեր. անիկա կատարուած է 27 Փետրուարի եւ 6 Մարտի միջեւ։