Հայաստանի Մէջ Տեղադրուեցաւ Զապէլ Եսայեանի Արձանը
Հոկտեմբեր 9-ին Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղի` Զապէլ Եսայեան գիւղատնտեսական կեդրոնի զբօսայգիին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայ նշանաւոր գրող, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի արձանին:
Նշենք, որ «Անվախ Զապէլ» անուան յուշարձանի քանդակագործն է Նունէ Թումանեանը, իսկ նախագիծը կեանքի կոչուեցաւ Armenian Artists Project բարեսիրական առցանց պատկերասրահին կողմէ: Այս ծրագիրը իրականացաւ նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ երկու սփիւռքահայերու` Վիքթոր Զառուկեանի եւ Ճիւտի Սարեանի: Անոնք կ՛աջակցին Հայաստանի այլազան ծրագիրներու: Վերջին տարիներուն Վիքթոր Զառուկեան եւ Ճիւտի Սարեան ունեցած են միաժամանակ երկու հիմնական նպատակ` նպաստել Հայաստանի մէջ կայուն գիւղատնտեսութեան եւ աջակցիլ հայ արուեստին: Այդ իսկ նպատակով մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ դիմած են Armenian Artists Project բարեգործական առցանց պատկերասրահին, նուիրատուութիւն կատարած եւ ընտրած քանդակագործ Նունէ Թումանեանը` ստեղծելու համար խիզախ հայ կնոջ` Զապէլ Եսայեանի արձանը:
Հաղորդենք, որ Armenian Artists Project-ը բարեգործական նախագիծ է, որ կ՛օգնէ Հայաստանի մէջ բնակող հայ արուեստագէտներուն, որպէսզի հասնին միջազգային հարթակ, իսկ վաճառքէն ստացած շահոյթը կ՛ուղղէ տարբեր բարեգործական նպատակներու իրագործման:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ Զապէլ Եսայեանի քանդակը տեղադրուեցաւ կամուրջի մը վրայ` աջ ձեռքին բռնած գիրք, որ կը խորհրդանշէ անոր սէրը գրականութեան հանդէպ, իսկ ձախ ձեռքը բռունցք վիճակով, որ կը խորհրդանշէ Եսայեանի մարտական ոգին եւ անհնազանդ բնաւորութիւնը: Մինչ արձանի կամուրջ-պատուանդանը կը խորհրդանշէ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Արեւելեան Հայաստանը, որոնց վրայ, իբրեւ կապող օղակ, կանգնած է Զապէլ Եսայեան կերպարը:
Քանդակագործ Նունէ Թումանեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին պատմեց, որ արձանը պրոնզաձոյլ է եւ կամուրջին հետ 2,5 մեթր բարձրութիւն ունի, իսկ անոր ստեղծումը տեւած է մէկ տարի եւ երեք ամիս: Ան աշխատանքի ժամերէն երեք ամիսներ տրամադրած է Զապէլ Եսայեանի մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու աշխատանքին: «Մինչեւ կերպարի ստեղծման անցնիլը` ուսումնասիրեցի բոլոր մատչելի նիւթերը, կարդացի Եսայեանի ինքնակենսագրական «Սիլիհտարի պարտէզները» գիրքը: Կերպարը շատ հետաքրքրական էր իր միշտ պայքարող եւ անարդարութիւն չհանդուրժող տեսակով», ըսաւ արուեստագէտը: