Հայաստանի Մէջ «Արեւմտեան Ատրպէյճան Չկայ». Երեւան Կ՛արձագանգէ Ալիեւին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ հաճախ հնչող՝ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կեղծ խօսոյթին: «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում «Արեւմտեան Ադրբեջան» չկայ. արեւմտեան Ադրբեջանն Ադրբեջանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններն են», ըսաւ Բադալեան:

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ «արեւմտեան ատրպէյճանցիներուն» վերադարձի հարցը Ատրպէյճանի օրակարգէն պիտի չհանուի այնքան ատեն որ վերադարձը չէ իրականացած: