Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն բարձրաձայնած է Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի բնակավայրերու թիրախաւորման մասին
«Երբ մենք այստեղ ենք` Ուաշինկթընի մէջ, երբ մենք կը փորձենք ամրապնդել հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը, խաղաղ լուծման վերադառնալ, մենք կը ստանանք Հայաստանէն ու Լեռնային Ղարաբաղէն հաղորդագրութիւններ, որ քաղաքացիական բնակավայրերը` Ստեփանակերտը, Մարտունին, Հատրութը կրկին կը թիրախաւորուին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ: Քաղաքացիներ կը զոհուին», ըսած է Մնացականեան: Նախարարը աւելցուցած է, որ կան անվտանգային գիծեր, որոնց չըլլալու պարագային Արցախի ժողովուրդը պիտի կանգնի ցեղային զտման սպառնալիքի դիմաց:
– Աշխարհի մէջ ցեղասպանութեան վտանգի գնահատումով զբաղող հեղինակաւոր «Genocide Watch» կազմակերպութիւնը Ազրպէյճանին «շնորհած է» ցեղասպանութեան սպառնալիքի 9-րդ` բնաջնջում եւ 10-րդ` ժխտողականութիւն աստիճանները: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Genocide Watch-ն կ՛անդրադառնայ 27 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծած պատերազմին եւ կ՛ըսէ. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է պահանջէ, որ Ազրպէյճան դադրեցնէ բոլոր յարձակողական գործողութիւնները Արցախի Հանրապետութեան վրայ եւ կրակի դադրեցման հրաման տայ»: