Հայաստանը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն ու Դատապարտումը կը Դիտարկէ Համաշխարհային Անվտանգութեան Ապահովման Ծիրէն Ներս. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կը դիտարկէ ցեղասպանութիւններու համաշխարհային կանխարգիլման եւ համաշխարհային անվտանգութեան ապահովման ծիրէն ներս: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, Փետրուար 13-ին, Ազգային ժողովի կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Վլատիմիր Վարդանեանի հարցին:

«Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը չենք դիտարկեր զուտ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս: Մենք ատիկա կը տեսնենք ցեղասպանութիւններու համաշխարհային կանխարգիլման եւ համաշխարհային  անվտանգութեան ապահովման ծիրէն ներս, որովհետեւ ակնյայտ է, որ ցեղասպանութիւններու ճանաչումն ու դատապարտումը նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ամէաարդիւնաւէտ գործիքներն են, եւ մենք այս ճանապարհին պէտք է ըլլանք առաւելագոյնս գործնական»,- ըսած է Փաշինեան:

Անդրադառնալով այս ոլորտէն ներս նիւթական ծախսերուն՝ վարչապետը նշած է, որ այդ հարցը կրնան քննարկել ու որոշել, թէ ինչ պէտք է ընել, որ այդ միջոցները ծախսուին առաւել նպատակային:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.