Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ն Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի Առանձին, Իր Ծրագիրով»
17 յուլիսին Երեւանի կեդրոնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի բացումը: «Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման նախաձեռնութիւնը ՀՅԴ-ինն է, բայց դիրքի որոշումը տրուած է համապատասխան պատկան մարմիններու հետ քննարկումներէ, խորհրդակցութիւններէ ետք», «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան: «Մենք ըսած ենք, որ մեր պատկերացումով` Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման ճիշդ վայրը Հանրապետութեան հրապարակն է, բայց փորձած ենք նաեւ մասնագէտներու նկատառումները հաշուի առնել», ընդգծեց ան:
Արսէն Համբարձումեանի կարծիքով` Արամ Մանուկեանի արձանը յաջող է եւ իր տեսակով մայրաքաղաքին մէջ իւրայատուկ է: Ան նաեւ նշեց, որ հետեւողական պէտք է ըլլալ եւ Արամ Մանուկեանի տունը վերածել թանգարանի:
Անդրադառնալով յառաջիկայ արտակարգ ընտրութիւններուն եւ դիտարկումին, որ սովորաբար կը յաղթեն այն ուժերը, որոնք կ՛իրականացնեն յեղափոխութիւնը, իսկ ՀՅԴ-ն այդ ցանկին մէջ չէ, Համբարձումեան նշեց. «Կայ փոխուած իրողութիւն, բայց մենք ընտրական գործընթացին պիտի մասնակցինք առանձին` մեր ծրագիրով: Մեր ընտրազանգուածը կայուն է»: