Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան եւ Սեւ Ծովեան տարածաշրջանային յանձնաժողովի նիստին

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը յայտնէ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան IUSY- ի Պալքանեան եւ Սեւ Ծովեան տարածաշրջանային յանձնաժողովի նիստին, Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք՝ Սքոպյէի մէջ :

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան IUSY- ի Պալքանեան եւ Սեւ Ծովեան Տարածաշրջանային Յանձնաժողովի հանդիպումը, տեղի ունեցաւ Սքոպյէի մէջ,10-13 Սեպտեմբեր 2026-ին,«Կազմակերպուի՛լ, համախմբուիլ եւ ժողովրդավարականացուի՛լ. Յառաջադէմ երիտասարդութիւնը՝ ընդդէմ հեղինակապաշտութեան» խորագիրով։

ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամ Սիւնէ Գէորգեան մասնակցեցաւ բազմօրեայ հանդիպումին, տարածաշրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարական նահանջի եւ երիտասարդութեան կողմէ արդիւնաւէտ յառաջընթացի վերաբերող քննարկումներուն։

Քննարկումներուն ընթացքին Գէորգեան բարձրաձայնեց տարածաշրջանին առնչուող՝ մարդու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հրատապ հարցերը,մասնաւորաբար անդրադառնալով 2020-էն սկսեալ Արցախի շրջափակման, ապա՝ Արցախի հայ բնիկ բնակչութեան բռնի տեղահանման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, ընդգծելով նաեւ Արցախի ժողովուրդի՝ իր պատմական հայրենիք վերադառնալու հիմնարար իրաւունքը՝ նշելով, որ վերադարձի իրաւունքը պէտք է մնայ միջազգային օրակարգի առաջնահերթ հարցերէն մէկը։

Ան շեշտեց նաեւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը՝ պահանջելով միջազգային յստակ եւ հետեւողական հաշուետուութիւն, ինչպէս նաեւ անոնց անմիջական եւ անվերապահ ազատ արձակումը։
Ան նաեւ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ Ազրպէյճանի ռազմական ներխուժումներուն՝ ընդգծելով, որ նման գործողութիւնները լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնեն տարածաշրջանային խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան համար։

Իր ելոյթներուն մէջ, ան առանձնայատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ պատմական արդարութեան հաստատումը եւ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ միջազգային հետեւողական դիրքորոշումը կարեւոր դեր ունին ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ։

Հանդիպումը աւարտեցաւ ժողովրդավարական արժէքներու պաշտպանութեան, երիտասարդական մասնակցութեան հզօրացման եւ տարածաշրջանային միասնականութեան ուղղութեամբ մասնակիցներու հաւաքական զօրակցութեան վերահաստատումով։

ՀՅԴ Երիտասարդականը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ՝ բարձրաձայնելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին առնչուող՝ ազգային, քաղաքական, անվտանգային եւ մարդու իրաւունքներու հարցերը եւ նպաստելով անոնց նկատմամբ միջազգային իրազեկման ձեւաւորման։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ