Համազգայինը ազգապահպանման եւ հայրենակերտման մշակութային ուղիղ ճանապարհ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ ԱԶԳԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՄԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՈՒՂԻՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան 90-Ամեակին եւ Թորոնթոյի «Գլաձոր» Մասնաճիւղի 50-Ամեակին Առիթներով

Մուշեղ Գարագաշեան

Ազգապահպանումն ու հայրենակերտումը, ողջ հայոց պատմութեան ընթացքին, իրագործուած են՝ առաւելաբար մշակութային ուժականութեամբ, քան՝ քաղաքական կամ զինուորական հզօրութեամբ։ Հայ ժողովուրդը իր գոյութեան ընթացքին ստեղծած մշակութային մնայուն արժէքներով պահած ու արժեւորած է ազգն ու հայրենիքը, քան՝ զինուորական առժամեայ եւ անցողիկ նուաճումներով։

Հայոց պատմութեան նախաքրիստոնէական շրջանին, հայերը, Ուրարտական, Երուանդեան եւ Արտաշիսեան թագաւորական հարստութեանց ժամանակաշրջաններուն, տուին թէեւ կարգ մը դիւանագէտ, հանճարեղ եւ աշխարհակալ թագաւորներ, բայց անոնց նուաճումներն ու յաջողութիւնները ժամանակաւոր եւ անցողիկ բնոյթ ունեցան, որովհետեւ հայոց մշակութային եւ ազգային ինքնութիւնը տակաւին գիտակցուած եւ արմատաւորուած չէր։ Այդ ատեն հայոց հեթանոսական կրօնն ու մշակութային արժէքները ինքնուրոյն չէին եւ կը հետեւէին քիչ մը պարսկական եւ հելլենական մշակութային արժէքներուն։

Գ. Դարուն էր, որ քրիստոնէական կրօնի պետականացումով, երբ հայերը ստեղծեցին Ազգային Դիմագծով Եկեղեցի եւ Գրերու Գիւտով հիմնեցին հայադրոշմ մշակոյթ, զատորոշուեցան շրջակայ ազգերէն եւ իրենց հայրենիքին մէջ արմատաւորուեցան, իբրեւ ինքնուրոյն ազգ։ Այնուհետեւ՝ հայ հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներով արտայայտուեցան իբրեւ՝ Ոսկեդարու սքանչելի թարգմանական եւ ինքնագիր մատենագրութիւն, իբրեւ՝ Արծաթէ դարու անկրկնելի հոգեւոր երաժշտութիւն, մանրանկարչութիւն եւ ճարտարապետութիւն ու արդի ժամանակներու, իբրեւ՝ հայ աշխարհաբար գրականութեան, Կոմիտասեան երաժշտութեան, Թամանեանական ճարտարապետութեան, Սարեանական գեղանկարչութեան, Քոչարական քանդակագործութեան եւ ժողովրդական երգարուեստի ու պարարուեստի զարթօնք, ծաղկում եւ բարգաւաճում։

Հայ մշակոյթի անփոխարինելի այս արժէքներով է, որ հայութիւնը կրցաւ պահել ու պահպանել իր հայրենիքը եւ ազգը, անոր համար ապահովելով՝ «Յաւերժի ճամբորդը»-ի անցագիրը։

Հայ ազգին յաւերժութեան երաշխիքը հանդիսացող՝ մշակութային հրաշազօր ու պատմական ուժականութեան տեսիլքն ու գիտակցութիւնը ունեցող՝ մտաւորական եւ պետական այրեր, ինչպէս՝ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Համօ Օհանջանեան եւ ուրիշներ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումէն ետք՝ ստոյգ ուծացումէ փրկելու համար հայրենազրկուած եւ սփիւռքացած հայ ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը՝ 1928 Մայիս 28-ին, Գահիրէի մէջ հիմնեցին՝ Համազգային Հրատարակչական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւնը:

Համազգային Հրատարակչական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւնը (յետոյ՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն) նպատակն ու առաքելութիւնը 90 տարիներ շարունակ, եղան՝ պահել, պահպանել, զարգացնել ու տարածել հայ մշակութային արժէքները հայ հոգիներուն մէջ, եւ յաչս աշխարհի։ Համազգայինը իր առաքելութեան ճամբուն վրայ, մասնաճիւղեր բացաւ սփիւռքի բոլոր հայաշատ գաղութներու մէջ, հիմնեց հայաշունչ ճեմարաններ, գրական-գեղարուեստական հանդէսներ, հրատարակչական-գրատուն։ Յառաջացուց արուեստի միաւորներ եւ դպրոցներ՝ թատերական, երաժշտական , պարարուեստի, կերպարուեստի եւ այլք։ Կազմակերպեց հայ մշակոյթը ծանօթացնող ձեռնարկներ եւ գիտաժողովներ։ Համազգայինի մշակութային իրագործումները, համազօր էին պետութեան մը մշակութային նախարարութեան իրականացումներուն, որոնք հայ հոգիներուն մէջ մանաւանդ՝ վերածուեցան ազգային գիտակցութեան պահպանման զէն ու զրահի եւ ծառայեցին ոգեղէն հայրենիքի մը կերտումին, մինչեւ՝ իրականացումը վերանկախացած իրական Հայրենիքին, որուն մարգարէաբար եւ ջերմագինս հաւատացողներն էին Համազգայինի հիմնադիրները։

Վերջին յիսնամեակին, երբ միջին արեւելքի տագնապներու բերումով փոխուեցաւ սփիւռքահայութեան գաղութային պատկերը եւ քանակական նժարը թեքեցաւ դէպի արեւմտեան հեռաւոր երկիրներ, Համազգայինը բաժնեց իր ժողովուրդին ճակատագիրը եւ իր մասնաճիւղերը հիմնեց նաեւ արեւմտեան երկիրներու մէջ ձեւաւորուած հայ գաղութներուն ի սպաս։

Այս իրադարձութեանց մէջ, միջին արեւելքի զանազան երկիրներէ վերագաղթած հայեր, Թորոնթոյի նորակազմ գաղութին մէջ, 1969-ին հիմնեցին Համազգայինի մասնաճիւղ մը, որ ապա իր վրայ առաւ՝ «Գլաձոր» խորհրդանշական անուանումը։

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը, քաջ գիտակից Համազգայինի առաքելութեան, 50 տարիներ շարունակ, իր վարչական եւ յանձնախմբային կազմերով, ստանձնելով Թորոնթոյի գաղութի մշակութային թեւի աշխատանքները, դարձաւ եւ կը մնայ՝ ընդհանրապէս աշխոյժ գաղութի աշխոյժ միաւորներէն մէկը։

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան օրէն, նախաձեռնեց հայ մշակոյթը լաւագոյնս ներկայացնող եւ փոխանցող միջոցառումներ. կազմակերպեց , իրենց կենդանութեան իսկ, սփիւռքահայ եւ դասական մեծ դէմքերու նուիրուած՝ յոբելենական ու գրական-գեղարուեստական երեկոներ. կատարեց հրատարակութիւններ, դասաւորեց ճոխ եւ ներկայանալի գրադարան եւ ծաւալեց գրատարածի լայն գործունէութիւն։ Գեղարուեստի բոլոր բնագաւառներու մէջ եւս, ծաւալեց շինիչ եւ դաստիարակիչ աշխատանք. գրական, երաժշտական, թատերական, կերպարուեստի եւ պարարուեստի յառաջացուցած իր խումբերով եւ խմբակներով, ինչպէս նաեւ աշակերտական արտասանական եւ շարադրական մրցանքներով ու փոքրերու համար պատմութեան յատուկ պահերով, ֆիլմարուեստի փառատօնով, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը, իր առաքելութեան ճամբուն վրայ, կատարեց ու կը կատարէ երախտաշատ աշխատանք։

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղին գլխաւոր յաջողութիւններէն է այսօր՝ հեզասահ սերնդափոխութեան գործընթացը, որ մեզի կը ներշնչէ յոյսը՝ նոր ժամանակներու յարիր, երիտասարդական նորարար մշակութային միութեան մը։

Նոր ժամանակներու գերազանցապէս նիւթապաշտական այս մոլուցքին մէջ, երբ կը թերգնահատուին մշակութային արժէքները, մարտահրաւէրը ընդհանրապէս Համազգայինինն է՝ նոր միջոցառումներով միութիւնը պահելու՝ ազգապահպանման եւ հայրենակերտման ուղիղ ճանապարհի վրայ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.