Համազգային Դիմադրութեան Ծաւալման Անհրաժեշտութիւնը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Պատմութեան մէջ քաղաքական օրինաչափութիւններէն մէկը այն է, որ երբ երկիր մը պարտութիւն կը կրէ թշնամիէն, կը բռնագրաւուի անոր կողմէ, կը յանձնուի անոր, այդտեղ կ՛իշխէ թշնամիին օրակարգին եւ ոչ թէ ազգային օրակարգի սպասարկող իշխանութիւն, ապա ինքնաբերաբար օրինական կը դառնայ այս բռնագրաւումին դէմ անհաշտ կեցուածքը, ինչպէս նաեւ` բռնագրաւման եւ թշնամիի օրակարգին սպասարկող իշխանութեանց դէմ համընդհանուր ժողովրդային դիմադրութեան ձեւաւորումը: Ժողովրդային թէ զինեալ այսպիսի դիմադրութեան դասական օրինակներ են Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին ընդդէմ նացիական բռնագրաւումին ֆրանսացի ժողովուրդին ծաւալած դիմադրական շարժումը, Վիեթնամի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան դէմ վիեթնամցի ժողովուրդին պայքարը, 1982-էն ետք Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ ծաւալած լիբանանեան ազգային դիմադրութիւնը:

9 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները ստորագրեցին հայոց ժամանակակից պատմութեան ամէնէն պարտուողական,  յանձնուողական համաձայնագիրը, որ ընդհանրացած է կոչել Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան եռակողմ յայտարարութիւն: 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին արդէն բաւական մեծ զինուորական կորուստներ կրած էինք, այդ յայտարարութեան ստորագրութեամբ ալ կրեցինք քաղաքական պարտութիւն, 12.000 քառ. քմ տարածք ունեցող Արցախէն մնաց հազիւ 2500-3000 քառ. քմ` բաւական անորոշ կարգավիճակով: Այդ պարտուողական համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք ալ ազրպէյճանական սադրանքները շարունակուեցան, մնայուն պահանջներ ներկայացուեցան Հայաստանին` սահմանագծումի եւ սահմանազատումի հարցով, ինչպէս նաեւ` «Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացման հարցով, զինեալ ներթափանցումներ կատարուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք, նմանօրինակ գործողութիւններ կատարուեցան նաեւ Արցախի` ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, Շուշիի մօտ վերջերս խափանուեցաւ Հայաստանէն Արցախ կազ մատակարարող խողովակի աշխատանքը, քանի մը շաբաթէ ի վեր ազրպէյճանական զօրքերը Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղին նկատմամբ սադրանքներ կ՛իրականացնէին, իսկ մարտ 24-էն ետք, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին վստահելիութիւնը փորձելու ակնյայտ քայլով մը եւ ըստ երեւոյթին օգտուելով Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմէն, ազրպէյճանական ստորաբաժանումները զանազան պատճառաբանութիւններով ներխուժեցին նոյն Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղը եւ Քարագլուխ բարձունքը, եւ բաւական երկար բանակցութիւններէ ետք ռուս խաղաղապահները իրենց վերահսկողութեան տակ առին Փառուխը: Իսկ Քարագլուխի բարձունքէն մաս մը տակաւին կը մնայ թշնամիի ձեռքը…

Փաստօրէն, ուրեմն, ազրպէյճանցի թշնամիի ախորժակին չափ ու սահման չկայ… նոյնիսկ` ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան եւ անոր վերահսկողութեան տիրոյթին մէջ: Իսկ այս ընդհանուր մթնոլորտին դիմաց հայկական կողմը ի՞նչ կ՛ընէ, գրեթէ` ոչինչ: Արցախի նախագահը «Նամակ ռուսաց թագաւորին» հերթական աղերսագիրը կը ղրկէ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` անկէ պահանջելով աւելցնել Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներուն թիւը, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը բաւական ամչկոտ դատապարտանքի յայտարարութիւն կը հրապարակէ, Հայաստանի «պետական այրեր»-ն ալ կը շարունակեն իրենց բարբաջանքը, թէ իրենք հաւատարիմ պիտի մնան նախապէս որդեգրուած ռազմավարական ընտրանքին, որ «Խաղաղութեան դարաշրջան»-ի բացումն է Հայաստանի դրացիներուն հետ:

Բայց այդ «դրացիները» նախ պատրաստ պիտի ըլլան խաղաղութեան, որպէսզի կարենաս խաղաղութեան մասին խօսիլ անոնց հետ, այլապէս «խաղաղութիւն» կոչուածը կը վերածուի քու ազգային իրաւունքներէդ կամաւոր հրաժարելու քայլի: Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ճիշդ այդ է, որ ներկայիս կ՛ուզեն Հայաստանէն: Հլու կամակատար մը, սպասարկող մը ըլլալ պարզապէս համաթուրանական օրակարգին: Ասիկա ցոյց կու տայ վերջին օրերուն Ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ աւելի յաճախ շեշտադրուող` Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու թեզը: Ասիկա ցոյց կու տայ նաեւ  թուրքերուն կողմէ հետզհետէ աւելի լորձնաշուրթն խօսակցութիւնները այսպէս կոչուած «հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման» մասին: Եւ տեսնենք, թէ այս ծիրին մէջ ի՛նչ կը սպասուի հայութեան գլխուն, մանաւանդ 6 ապրիլին Փաշինեանի եւ Ալիեւի` Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած հանդիպումէն ետք:

Ակնյայտ է. այնքան ատեն որ Ազրպէյճանը իր ախորժակները սրած է, չենք կրնար ըսել, որ պատերազմը կանգ առած է: Սակայն նաեւ աւելի քան ակնյայտ է, որ այնքան ատեն որ Հայաստանի մէջ կ՛իշխեն պարտուողական այս իշխանութիւնները, ամէն օր հայ ժողովուրդը քիչ մը աւելի արիւնաքամ պիտի ըլլայ, ամէն օր քիչ մը աւելի մեր պատմական հայկական տարածքներէն պիտի կորսնցնենք: Այս իշխանութիւններուն համար «հայրենիք», «հայկական պատմական տարածք» ոչինչ կը նշանակեն: Անոնց համար աւելի կարեւոր օրախնդիր հարց է փակ տարածքի մէջ ծխախոտ չծխելը կամ ճաշարանի մէջ աղամանի արգիլումը, քան` հայրենիքի հողերուն պաշտպանութիւնը…

Այս բոլորին պատճառով ալ, եւ որպէսզի ազգովին կարենանք կասեցնել մեր հայրենիքի եւ ազգի այս թաւալգլոր ընթացքը, հիմա, աւելի քան որեւէ ժամանակ, անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուինք համազգային դիմադրութեան շարժումի կազմաւորման: Հայաստանի մէջ գործող բոլոր ազգային քաղաքական ուժերը ներկայիս պարտաւոր են իրենց քաղաքական տարակարծութիւնները մէկ կողմ դնել եւ աշխատիլ մէկ ընդհանուր նպատակ իրագործելու, այն է` դէմ դնել օրէ օր Հայաստանը խեղդող համաթուրանական օրակարգին եւ հեռացնել այդ օրակարգին սպասարկող իշխանութիւնները, ազգային յստակ ուղիի վրայ դնել մեր հայրենիքի եւ ազգի գնացքը…

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.