Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած հոգեթով տօնախմբութիւնը Գանատայի մէջ

«ԱՐՄԱՏ ԵՒ ՍԱՂԱՐԹ»

Հայկական սփիւռքի տարածքին հայու ինքնութիւնը վառ պահող Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան իննսունամեայ փառահեղ անցեալ, մեր մշակոյթի զանազան խաւերը դրսեւորող բեղմնաւոր ներկայ ու շէնշող, յուսալից ապագայ՝ երկու ժամուան մէջ։ Անցեալէն դէպի ապագայ ձգտող՝ բծախնդրօրէն համադրուած ու շաղկապուած ծրագիր, ուր տեղ գտած են միութեանս հիմնադիրներէն մինչ այսօրուան ամենափոքրիկ համազգայնականը։ Համազգայինը՝ կազմակերպուած եւ ներկայացուած առաւելաբար երիտասարդ համազգայնականներու կողմէ. ա՛յս հեռանկարով է որ ճամբայ ելաւ «Արմատ եւ Սաղարթ»ը։ Իսկ այն, ինչ որ հետը տարաւ հանդիսատեսը՝ անհուն գոհունակութիւն։

Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 6-ն է։ Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի մուտքին մեզ կը դիմաւորէ Համազգայինի հրատարակութիւններէն բաղկացած ու գեղեցկօրէն համադրուած գիրքերու բլուր մը. շուրջը կը դառնանք, կը նշմարենք դասագիրքեր, Համազգայինի գրական հանդէս` «Բագին»էն բազմաթիւ օրինակներ, վէպեր ու բանաստեղծական հատորներ, Համազգայինի հազարաւոր հրատարակութիւններէն նմոյշներ, որոնց միջեւ կոկիկ տեղաւորուած է Համազգայինի հայերէնախօս պուպրիկը՝ Լալան, իսկ որոնց վերը՝ գագաթը բազմած է ժամանակին գործածուող հին տառագիր մեքենայ մը, կարծես հասկցնելով՝ զիս չէք կրնար մոռնալ։ Ետին՝ հայկական ոճով, ցորենի հասկերով, պանիր ու գինիով զարդարուն հիւրասիրութեան երկար սեղանը, ու անոր ետեւ, վերէն կախուած մեծ պաստառի վրայ «Արմատ եւ Սաղարթ»ի խորիմաստ որմազդը։ Աջին զետեղուած է  Համազգայինի ընդհանուր գործունէութենէն փրցուած հատոր մը՝ սեւ ու ճերմակ լուսանկարներու պատը, որուն առջեւ կանգնողը հպարտութեան ու յուզումի պահեր կ՚ապրի։ Հիմնադիրներու լուսանկարներէն սկսեալ մինչ տպարան ու ճեմարաններ, յատկանշական պահեր ու ժողովներ, իրեր ու դէմքեր, ուր տեղ գտած է կտոր մըն ալ Թորոնթօ։ Անդին կը նշմարենք եռոտանիներու վրայ երկու գրաւիչ գեղանկարչութիւններ, որոնց վրայ  կարծես պար բռնած ըլլան մեր մեսրոպաշունչ տառերը։

Մինչ հայ դասական երաժշտութեամբ համեմուած ջերմ մթնոլորտը կը շարունակուի, կանուխէն եկած ամբոխը՝ անհամբեր օրուան հանդիսութեան, ճշդուած ժամանակէն առաջ կը սկսի ուղղուիլ «Համազգային» թատերասրահէն սրահէն ներս, ուր զինք կը դիմաւորեն Համազգայինի հիմնադիրներէն բժ. Համօ Օհանջանեանը, Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը ներկայացնող՝ Մերուժան Խաչատրեանի գեղանկարչութիւնները։ Բեմին խորքը ցուցադրուող  Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան կողմէ պատրաստուած «Համազգայինը պատկերներով» տեսահոլովակը շարունակութիւն մը կ՚ըլլայ նախասրահին մէջ ստեղծուած մթնոլորտին։ Թատերասրահը՝ մինչեւ յետին աթոռը ու աւելցուած աթոռները նոյնիսկ, լեցուն է. ներկայ են հոգեւոր հայրեր, հիւրեր ու միութիւններու ներկայացուցիչներ, համազգայնականներ ու հայ մշակոյթի սիրահարներ։

Ժամը 7-ին ծայր կ՚առնէ օրուան հանդիսութիւնը, այս առիթով յատկապէս համադրուած «Ի՞նչ կ՚ըսեն մեր հիմնադիրները» տեսահոլովակով,  որ հակիրճ վայրկեաններու մէջ կը փոխանցէ Համազգայինի առաքելութիւնը եւ հիմնադիրներէն Շանթի ու Աղբալեանի պատգամները՝ յաջորդող սերունդներուն. ընթերցողներն են Արեն Մնացականեան, Մուշեղ Գարագաշեան եւ Սեւակ Յարութիւնեան։  Աւարտին, բեմահարթակին վրայ կը յայտնուի «Արմատ եւ Սաղարթ» ծրագիրի հեղինակ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան, որուն հակիրճ խօսքէն կարելի է հետեւցնել որ հանդիսութեան նպատակը ոչ միայն անցեալը գովերգել է, այլ նոյնքան եւ աւելի՝ ներկան ապրիլ ու միասնաբար էջը դարձնել դէպի հարիւրամեակ։ Այս առիթով, ան կ՚ողջունէ ներկայութիւնը Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի, ինչպէս նաեւ Համազգայինի  Գանատայի շրջանային վարչութեան, որ կը հովանաւորէ երեկոն։

Ապա, հակիրճ կերպով կը ներկայացնէ օրուան յայտագիրը։ Կը սաւառնինք դէպի մեր ակունքները, մեր արմատները, հոն՝ ուրկէ կը ստանանք մեր հանապազօրեայ աւիշը՝ «Մըր էրկիր»։ Ժողովրդական, գաւառական երգերու հոգեհարազատ մեկնաբան, Համազգայինի Գուսան երգչախումբի անդամներէն Նուէր Ղազարեանն է բեմահարթակին վրայ, շուիի ընկերակցութեամբ իր պատանի որդւոյն՝ շնորհալի Սեյրանի, մինչ պաստառին վրայ իրերայաջորդ կերպով սահող պատկերները ալ աւելի կենդանի կը դարձնեն պահը՝ Մշոյ դաշտերն ու Սասնոյ սարերը. հոն, ուր ահաւասիկ, վայրկեաններ ետք մեզ կը դիմաւորէ իւրաքանչիւր ոտքի զարկին հետ մեր հին պապը արթնցնող «Քոչարի»ն, Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբի տղոց կատարողութեամբ. պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար՝ հայրենիքէն վերջերս ժամանած Նելլի Կարապետեան։ Տեսարանը կը շարունակուի. ցորեանի դաշտերուն մէջ ենք, յուշիկ յուշիկ արթնցող ցորեանները հնձուորի ձեռքին կը սպասեն։ Դանիէլ Վարուժանի «Ցորեանի հովեր»ը տպաւորիչ կերպով կը մեկնաբանէ երիտասարդ ասմունքող Մեղեդի Մնացականեան Գալուստեան, շուիի վրայ կ՚ընկերակցի Սեյրան Ղազարեան։ Կ՚եզրափակենք առաջին տեսարանը «Վախենամ քնեմ, խոր քնով ընկնեմ արտերս մնան հնձելու» երգով, մեկնաբանութեամբ Նուէր Ղազարեանի, տուտուկի վրայ է Սեյրանը։

Հայրենիքի ձայնը մեզ զիրար կապողն է. բեմին վրայ է Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը, խմբավար՝ Հռիփսիմէ Թովմասեանն ու դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանը։ «Իմ հեռաւոր հայրենիք»ին կը յաջորդեն «Պինկէօլ»ն ու Կոմիտասի «Կայնի Եարօ»ն, ոգեւորելով ներկաները։ Յայտագիրին մէջ իր պատշաճ տեղը գրաւած է Համազգայինի գործունէութեան մէջ իր անհերքելի դրոշմը դրած՝ Բարսեղ Կանաչեան. «Շուշօ»ն մեծապէս կը հմայէ հանդիսատեսը։ Համազգայինի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթի խորիմաստ «Ես պատրանքը սիրեցի» բանաստեղծութիւնը թռիչք կու տայ պատանի ասմունքող Արիս Չուլճեանի. տպաւորիչ է ներկայացումը։  Ծափերուն ներքեւ «Գուսան»ը կ՚եզրափակէ իր ելոյթը «Փառքի ճամբով» երգի առինքնող մեկնաբանութեամբ։

Յայտագիրի իւրաքանչիւր բաժին ունի իր համապատասխան պաստառներու շարանը, ինչ որ ամբողջական կը դարձնէ ստեղծուած պահը ու հմայք մը կու տայ լրիւ ծրագիրին։ Էջը կը դարձնենք։ Փարիզ ենք. կրնայինք ըլլալ հայրենիքէն հեռու որեւէ այլ տեղ, հոգեվիճակը նոյնը պիտի ըլլար ինչպէս այն որ կ՚ապրէր Փարիզի տղոցմէ (ինչպէս ճանչցուեցան Շահնուր, Սարաֆեան, Շուշանեան եւայլն), տաղանդաւոր գրող, բժ. Շաւարշ Նարդունին։ «Ամէն բանէ վեր» գլուխ գործոցը լաւագոյն թարգմանը կը հանդիսանայ վտարանդի հայու սրտին, որ ասդին անդին դիմելով կը փնտռէ ի՛ր ամէն բանէ վերը ու վերջապէս կը բարձրաձայնէ «Հայաստա՜ն, ամէն բանէ վե՜ր»։ Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակէն երիտասարդներ Վարագ Պապեանի եւ Ռուբէն Ճանպազեանի ազդեցիկ դերակատարութիւնը կ՚արժանանայ որոտընդոստ ծափերու։

Հոն ուր հայ մշակոյթ կը բուրէ, յաւերժ կ՚ապրի մեր խաղի մոգ ու մեր աղօթք Կոմիտասը, որուն խորաթափանց նայուածքը բեմին խորքէն կը յուզէ մեզ։ Կ՚ունկնդրենք «Քելէ քելէ»ն ու «Շողեր ջան»ը , ապա Բաբաջանեանի «Վաղարշապատի պար»ը, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն վկայեալ դաշնահահար Գարինա Խշուաճեանի ու ջութակահար Նշան Փափազեանի կատարողութեամբ։ Համազգայինի կրթական ուղին լուսաւորած, սերունդներու դաստիարակ ու գրող Մուշեղ Իշխանի «Կտակ»ը կը սուզուի մեր հոգիներուն մէջ, պատանի ասմունքող Լոռի Պէրպէրեանի մեկնաբանութեամբ։ Ոգեծփուն ու վառ դրօշին հետ մէկտեղ՝ մեր տառերը մեզ կտակող Իշխանին կու գայ յաջորդել Վահան Թէքէեանի «Տաղ հայ լեզուին» քաղցրահամ գրութիւնը, պատանի ասմունքող Ալիք Պապողլեանի հարազատ մեկնաբանութեամբ։ Ասմունքէն կը թեւածենք դէպի որպէս աղբիւր կարկաչող «Տաւիղ»ը. այնքան հրապուրիչ է Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբի մենակատարներ՝ Լանա Տէր Պետրոսեանի, Բերլա Բուշմանեանի եւ Մարիա Մանուկեանի հեզասահ ու նազանքով պարը, բեմադրութիւնը՝ Ազատ Ղարիբեանի, Գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Նելլի Կարապետեան։

Ժամը հասած է լսելու Համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ «Դէպի հարիւրամեակ» խորագրեալ զրոյցը ծայր կ՚առնէ. բեմահարթակին վրայ, դէմ դիմաց զետեղուած աթոռներու վրայ իրենց տեղերը կը գրաւեն համազգայնական, Նոր Հայ Հորիզոնի հաղորդավար Դոկտ. Խաժակ Գուլաճեան եւ օրուան հիւրը՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան։ Հետաքրքրութեամբ կ՚ունկնդրենք առցանց գրադարանի, մանուկներու համար պատրաստուած ելեկտոնային խաղերու՝ Լալան ու Արան ծրագիրի, հայերէնի ուսուցիչներու եւ դասագիրքերու պատրաստութեան ծրագիրի, երիտասարդին ուղղուած համացանցային հարթակի (Հ-բեմի) մասին շահեկան զրոյցը։

Վարագոյրը կը գոցուի. պահ մը կանգ կ՚առնենք, մեր երախտիքի տուրքը մատուցելու երկարամեայ վաստակաւոր համազգայնականներու, որոնք Համազգայինի ծիրէն ներս յատկապէս եւ հայ մշակոյթի ծիրէն ներս ընդհանրապէս շօշափելի ներդրում ունեցած են։ Բեմահարթակին վրայ են Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ծովիկ Գահուէճեանն ու Գլաձոր մասնաճիւղի ատենապետ Լորիկ Գաթրճեանը։ Հանդիսավարը իւրաքանչիւր պարգեւատրեալի յատուկ երկտողով մէկ առ մէկ ներկայացնելէ ետք, բեմ կը հրաւիրէ Համազգայինի իննսունեամեակին առիթով պարգեւատրուող Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի անդամներէն՝  Գրիգոր Հոթոյեանը, Սոնա Յովհաննէսեանը, Ռուբէն Մնացականեանը,  Յակոբ Ճանպազեանը, Ժիրայր Պետրոսեանը. Նաեւ, յետ մահու կը պարգեւատրուին վաստակաւոր ընկերներ Գալուստ Պապեանն  ու Սուրէն Չէքիճեանը։ Յիշեցման կարգով՝ Գլաձոր մասնաճիւղը նման քայլ մը առած էր նաեւ Համազգայինի ութսունամեակին առիթով, պարգեւատրելով իր նուիրեալներէն՝ այժմ ողբացեալ Ռոստոմ Եղոյեանը, Արշօ Պոյաճեան Սոլաքեանն ու Էդիկ Յովսէփեանը, ինչպէս նաեւ Վանիկ Յովհաննէսեանն ու Սիմոն Հասըրճեանը։

Վարագոյրը կը բացուի ու ահա մեր առջեւ են Համազգայինի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբի անդամներն ու հայկական տարազ հագած փոքրիկն Թէրէզա Պէրպէրեանը, որուն շրթներէն կը լսենք Համօ Սահեանի «Ես Հայաստանն եմ» հակիրճ բանաստեղծութիւնը, որ  լաւագոյն կերպով կը դրսեւորէ մեր հինաւուրց հայրենիքի յաւերժութիւնը։ Ապա, հայրենի գունագեղ պատկերներով պարուրուած՝ «Մեր աշխարհ»ի գիրկն ենք, կ՚անցնինք «Նախիջեւան», ապա «Ծաղկաձոր»ի ծաղկաւէտ հանդերը։ Այնքան համաչափ ու կենսուրախ է մեր «Հայ Աստղեր»ը, խմբավարութեամբ՝ Հռիփսիմէ Թովմասեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Վանիկ Յովհաննէսեանի։

Ծափերը կը շարունակուին։ Բարձր կը հնչէ Արա Գէորգեանի եռանդուն «Արտաշատ»էն հատուած մը, բեմ կու գայ «Էրեբունի» պարախումբը պարի շարժումներով հրաժեշտը տալու, ու իրարու ետեւէ բեմահարթակին վրայ կը յայտնուին օրուան դերակատարները։ Սրահը ոտքի է. ծափերը երկա՜ր։ Քիչ անց, իննսունամեակի կարկանդակին շուրջ կը հաւաքուին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները, Համազգայինի կեդրոնական, շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու անդամներն ու պարգեւատրուող Համազգայնականները։

Շնորհաւո՜ր ըլլայ 90-ամեակդ, սիրելի՛ Համազգային. սփիւռքի տարածքին մեզ մեր դարաւոր մշակոյթին, մեր արմատներուն կապող, մեր քայլերը դէպի հայութիւն, դէպի մայրենին առաջնորդող անվեհեր միութիւն։ Ուս ուսի՝ դէպի հարիւրամեակ։

 

Մարաթուկ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.