Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովի

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 12-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 14-19 հոկտեմբեր 2019-ին` Ծաղկաձոր, Հայաստան: Ժողովին մասնակցեցան 75 իրաւասու ձայնով քոյրեր եւ եղբայրներ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՄԸՄ-ի մօտ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան, Իրանի Հայ մշակութային Արարատ կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Հարմիկ Զովելեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, ինչպէս նաեւ խորհրդակցական ձայնով Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Ի պաշտօնէ Կեդրոնական վարչութեան գործավարներ, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրը, յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, երիտասարդական համագումարի եւ Կեդրոնական վարչութեան ու շրջաններէ հրաւիրեալներ, ընդամէնը` 110 ներկաներ:

Ժողովը գոհունակութեամբ ողջունեց Արցախի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի նորակազմ շրջանները` միութեան մեծ ընտանիքին մասնաճիւղերուն թիւը բարձրացնելով 110-ի:

Ժողովը համապարփակ քննութեան ենթարկեց ՀՄԸՄ-ի անցնող չորս տարիներու սերնդակերտման ու հայակերտման աշխատանքները, գնահատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ:

Պատգամաւորական ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց լուծման թափ տալու նպատակով: Ժողովը քննեց նաեւ միութեան կազմակերպական ընդհանուր իրավիճակը եւ ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելու կարելիութիւնները: Օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ կանոնագրային տրամադրութիւններու կարգ մը բարեփոխումներ եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին ու կայքին զարգացման վերաբերող ծրագիրներ:

Ժողովը մանրամասն քննելով անդրադարձաւ անցնող քառամեակի ընթացքին միութեան համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզական խաղերու, Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ ընդհանուր բանակումին եւ միութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:

Ժողովը արժեւորեց նաեւ միութեան առաջին երիտասարդական համագումարին եւ անկէ բխած թելադրանքներուն: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի նորօք ստեղծուած հիմնադրամին:

Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր ժողովը շեշտեց միութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի դիմագրաւած համաշխարհայնացումի եւ քաղքենիացումի ահարկու վտանգներուն դէմ դնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ժողովը անդրադարձաւ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի թրքական ներթափանցումի քայլին եւ այդ իմաստով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը ` առ ի զօրակցութիւն սուրիահայութեան եւ յատկապէս ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղին:

Իր աշխատանքներուն աւարտին, ժողովը ընտրեց յառաջիկայ քառամեայ նստաշրջանի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Ընդհանուր ժողովի դիւանի ներկայութեան դիւանը կազմեց հետեւեալ ձեւով.

Եղբ. Վաչէ Նաճարեան` ատենապետ (Լիբանան)
Եղբ. Վիգէն Աւագեան` ատենադպիր (Լիբանան)
Քոյր Թալին Օրտողլեան` գանձապահ (Լիբանան)
Եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան (Սուրիա)
Եղբ. Դաւիթ Յակոբեան (Հայաստան)
Եղբ. Օշին Փիրումեան (Հայաստան)
Եղբ. Հրաչ Սիսեռեան (Ֆրանսա)
Եղբ. Ֆետի Թաժրա (Շուէտ)
Եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան (Քանատա)
Եղբ. Վահէ Թանաշեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբ. Արմանտ Քիլիճեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան (Հարաւային Ամերիկա)
Եղբ. Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիա)

ՀՄԸՄ-Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ
12-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.