Հակադաշնակցական մոլուցքի նշաձողը կամ Արսէն Թորոսեանի բարբաջանքը

Civic.am լրատուամիջոցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւոր եւ նախկին նախարար Արսէն Թորոսեան ընդդիմութեան գործունէութեան մասին անդրադառնալու ընթացքին, առիթը չէ փախցուցած, որպէսզի իր ժպրհութիւնը փաստէ եւ Դաշնակցութիւնը թիրախ ընտրէ իր ցեխարձակումներուն ընդմէջէն։

Չեխ գրագէտ Ֆրանց Քաֆքա խօսք մը ունի յիմարաբանութեան մասին. «Միայն իրենց յիմարութեան պատճառով է, որ կարգ մը մարդիկ կրնան այդքան վստահ ըլլալ իրենք իրենց վրայ»:

Թորոսեանի հակադաշնակցական վերջին ցնդաբանութիւնը տարբեր չէր կրնար ըլլալ չեխ գրագէտի վերեւ նշուած եզրայանգումէն։ Քաղաքացիական Պայմանագրի անդամներու մօտ շեշտուած է Դաշնակցութիւնը վարկաբեկելու տռփասիրութիւնը։

«Դաշնակցութիւնն իր գոյութեամբ է հարուած հասցնում հայոց պետականութեանն իր 130-ամեայ պատմութեամբ։ Որ իրանք չլինէին հայոց պետականութիւնն աւելի ուժեղ կը լինէր թէ էն ժամանակ, թէ՝ հիմա»… բարբաջած է Թորոսեանը հարցազրոյցի ընթացքին։

Այս օրերուն, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական կեանքին ընդդիմութեան առաջամարտիկն է, բնականաբար պիտի դառնայ իշխանութեանց եւ իշխանամէտ զանգուածի վայրահաչութիւնեանց թիրախ, սակայն նախկին պետական նախարարի մը կողմէ այս մակարդակի ցնորաբանութիւն՝ իսկապէս ողբալի է։ Պարզապէս ստորաքարշութիւն՝ Անգարային եւ Պաքուին հաճոյանալու։

Դաշնակցութիւնը,

որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ընթացքին կուսակցական իր ղեկավարութեամբ ու մարտիկներով խորապէս գիտակից էր, թէ կենսական ինչ նշանակութիւն ունէր պետութեան սահմաններու ամրագրումը եւ այդ ուղղութեամբ՝ 1918-1920 ժամանակահատուածին, Լոռիի, Արցախի եւ Սիւնիքի տարածքներու պաշտպանութիւնը, հայրենակերտումը՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար գլխաւոր մտասեւեռումն ու նպատակակէտն էր։

Դաշնակցութիւնը,

որ 132 տարի տէր կանգնած է իւրաքանչիւր արտերկրի մէջ տարասփռուած հայ համայնքի, հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայ դպրութեան աշխարհասփիւռ ոստաններուն։

Դաշնակցութիւնը,

որուն աշխարհատարած Հայ Դատի յանձնախումբերն ու կամաւոր ծառայողները՝ հայոց պետականութեան արտաքին քաղաքականութեան հունաւորման դիւանագիտական-քարոզչական անպաշտօն դեսպաններն ու քաղաքական գործիչներն են։

Դաշնակցութիւնը,

որ չվարանեցաւ առաջամարտիկը դառնալու Արցախեան ազատագրական պայքարին եւ իր հարիւրաւոր նահատակներով անջնջելի դրոշմը դարբնեց հայոց նորօրեայ պատմութեան էջերուն վրայ։

Արսէն Թորոսեանը եւ իր «Իմ Քայլ»ական փարիսեցի «հայրենասէր»ներու ու դրուժաններու ձախաւեր գործունէութեան իբրեւ արդիւնք, ոչ միայն Արցախի պատմականօրէն հայապատկան հողերէն տարածքներ կորստեան մատնուած են, այլեւ տարածքներ յանձնուած են եւ կը յանձնուին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան սահմաններէն։

Հայութեան նորօրեայ ողբերգութեան հեղինակներու հաւատաքննութեան պահը անխուսափելի է։ Սակայն մինչ այդ պահը՝ Քաֆքայի խօսքերով, «Միայն իրենց յիմարութեան պատճառով է, որ կարգ մը մարդիկ կրնան այդքան վստահ ըլլալ իրենք իրենց վրայ»։

Վահագն Գարագաշեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.