Կը հաւատանք՝ ամբողջական հայութեամբ, միաւորուած հայրենիքի կերտումին. ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի անքակտելի մասնիկն է ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդականը Միութիւնը։

90 տարիներ առաջ իր հիմնադրութենէն ի վեր, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդականը բեղմնաւորուեցաւ, բազմապատկելով իր անդամներու թիւը եւ ընդարձակելով իր գործելադաշտը: Գանատայի մէջ, Մենք այսօր կը գործենք Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Սէնթ Գաթրինզի, եւ Վանգուվըրի մէջ: Մեր Միութեան կիզակէտը՝ Հայ Դատի աշխատանքներն են։

Գանատայի Դաշնակցական երիտասարդութիւնը Հայ Դատի ճակատին վրայ՝ պայքարի դրօշը կրող առաջին զինուորն է։ Ներկայ ենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով տարուող համասփիւռքեան նախաձեռնութիւններուն ու կը քալենք առաջին գիծի վրայ։ շարքերը առաջնոդողն ենք։

Կը քալենք ու մեր ձայնը կը բարձրացնենք, որովհետեւ կը հաւատանք Հայ Դատի Լուծման – ամբողջական հայութեամբ` ամբողջական հայրենիքի կերտումին:

https://www.facebook.com/120633978044872/videos/3178272045594041/

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.