Կարապետեան՝ «TRIPP»-ը պիտի վերանայուի, ոչ թէ չեղարկուի
- (0)

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան յայտարարած է, թէ իշխանութեան գալու պարագային չեն կասեցներ պետական մակարդակով ստորագրուած որեւէ փաստաթուղթ, ներառեալ՝ TRIPP-ը։ Ան այս մասին խօսած է իր բնակարանին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
«TRIPP-ը իսկապէս նախաստորագրուած փաստաթուղթ է։ Մենք մտադիր չենք չեղարկելու պետութեան կողմէ ստորագրուած որեւէ համաձայնագիր։ Սակայն սա չի նշանակեր, թէ պիտի հետեւինք ներկայ իշխանութիւններու բոլոր որոշումներուն․ մենք զանոնք պիտի բարելաւենք», ըսած է Կարապետեան։
Ան նաեւ քննադատած է իշխանութեան կողմէ ներկայացուող «խաղաղութեան օրակարգը»՝ պնդելով, թէ անիկա իրականութեան մէջ կ՚արտացոլէ Ատրպէյճանի շահերը։
Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան ճեպազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Կարապետեանը «Գալուկացի օլիգարխ» անուանելու հարցին։ Ան յայտնած է, թէ վերջին տարիներուն կառավարութիւնը ինքն է Տաշիրի (Տաշիր քաղաք՝ Կարապետեանի ծննդավայր-խմբ.) մէջ իրականացուցած հիմնական ներդրումները՝ շեշտելով, որ որեւէ անհատ չէր կրնար այդ ծաւալի ներդրում կատարել։
Փաշինեան նաեւ քննադատած է այն անձերը, որոնք կը փորձեն որոշ տարածքներ կապել իրենց անուններուն հետ՝ զայն բնութագրելով իբրեւ աւատական համակարգ։ Ան աւելցուցած է, թէ նման անձերը իրենց կատարած ներդրումներէն բազմապատիկ շահած են ապօրինի ձեւերով, եւ վստահեցուցած, որ ապօրինի գոյքի բռնագանձման գործընթացը պիտի շարունակուի։
Անոր համաձայն, «կալուգացի» բնորոշումը կը բխի այն հանգամանքէն, որ Կարապետեանի հետաքրքրութիւններուն կեդրոնը կը գտնուի Հայաստանի սահմաններէն դուրս։