Խմբագրական. Յաւերժական Հայաստանի ուխտը՝ ընդդէմ ուրացման եւ իրականութեան կեղծումին
- (0)

Ապրիլեան այս սրբազան օրերուն, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը կը դիմաւորենք մեր արդի պատմութեան ամենաճակատագրական ու մութ հորիզոններուն առջեւ, հայ միտքն ու հոգին կը գտնուին գոյաբանական ահաւոր անդունդի մը դէմ յանդիման։
Այսօր, Երեւանի վարչախումբին կողմէ հետեւողականօրէն հրամցուող «իրական Հայաստան»-ի նորայայտ ու սին աճպարարութիւնը կը փորձէ մեզ համոզել, թէ մեր արդար դատն ու պատմական յիշողութիւնը լոկ «բեռ» են, զորս պէտք է փութով թօթափել՝ յանուն անորոշ, նուաստացուցիչ ու վաղանցիկ «խաղաղութեան» մը։ Սակայն, իբրեւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած սերունդներու ժառանգորդներ, մեր բարոյական պարտքն է ահազանգել եւ բարձրաձայնել, որ այսպիսի մօտեցում ոչ թէ իրապաշտ դիւանագիտութիւն է, այլ բացայայտ ուրացում եւ հոգեւոր անձնատուութիւն։ Հայ Դատի հետապնդումը եւ պահանջատիրութեան օրակարգը որպէս «ծուղակ» կամ «կարծրատիպ» որակելը ինքնին դաւաճանութիւն է մեր նահատակներու անթաղ ոսկորներուն եւ մեր ազգային ինքնութեան ամէնէն տարրական հասկացողութեան նկատմամբ։
Պետական մակարդակով քարոզուող այս համակերպումը կը միտի արժեզրկել մեր հաւաքական յիշողութիւնը, զայն ներկայացնելով իբրեւ խոչընդոտ՝ պետականաշինութեան ճանապարհին։ Մեզի կը թելադրուի, թէ պէտք է հրաժարինք արդարութեան համազգային պահանջէն՝ իբր թէ ներկայ պետութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու համար։
Սակայն, պատմութեան դաժան դասերը մեզի սորվեցուցած են ու կը շարունակեն սորվեցնել, թէ առանց արդարութեան եւ առանց անխաթար յիշողութեան պահպանման, որեւէ պետական միաւոր պարզապէս աշխարհագրական լքուած պարապութիւն մըն է, զուրկ՝ կենսատու հոգիէ եւ ազգային դիմագիծէ։
Եթէ այսօր ծունկի գանք թշնամիին առջեւ եւ «ձերբազատուինք» մեր իրաւունքներու հետապնդումէն, մենք մեր իսկ ձեռքով պիտի ամբողջացնենք 1915-ի ոճրագործներուն կիսատ ձգած հայաջնջման ծրագիրը։ Յիշողութեան կամաւոր կորուստը հաւասարազօր է ինքնակամ իրաւազրկման, իսկ սեփական դատէն հրաժարող ազգը դատապարտուած է դառնալու պատմութեան լուսանցքի փոշի։
Այս օրհասական պահուն, երբ Մայր Հայրենիքի սահմանները կը տատանին, եւ անոր ղեկը ստանձնած միտքը կը գտնուի հոգեբանական ու գաղափարական գահավիժումի մէջ, Սփիւռքը կոչուած է ըլլալու հայութեան գոյապայքարի ամուր եւ աննկուն առաջնագիծը։ Սփիւռքը պարզապէս օժանդակող ուժ կամ հեռակայ դիտորդ չէ, այլ հայկական քաղաքակրթութեան այն զարկերակն է, որ կը սնանի արդարութեան տենչով եւ հայրենազրկման ցաւով։ Մենք չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք թոյլ տալու, որ պահի մը տկարութիւնը, ներքին պառակտումը կամ պաշտօնական Երեւանի որդեգրած կարճատեսութիւնը ջնջէ մէկուկէս դարու մեր արիւնալի պայքարն ու ձեռքբերումները։ Արցախի դաժան կորուստը, հոն իրականացուած բռնի հայաթափումն ու մշակութային եղեռնը վառ ապացոյցներն են այն դառն իրողութեան, որ թշնամիին ախորժակը երբեք չի յագենար միակողմանի զիջումներով, այլ ընդհակառակը։
Ուստի, Սփիւռքը այսօր պէտք է վերստանձնէ իր պատմական առաքելութիւնը՝ իբրեւ հայ ազգի յաւերժական արժէքներուն, անսակարկելի իրաւունքներուն եւ Արցախի վերականգնելի դատին անդաւաճան ու միակ կայուն պահապանը։ Երբ հայրենի պետականութեան հիմքերը կը խարխլին ներքին նահանջողականութեան պատճառով, Սփիւռքի քաղաքական ու մտաւորական ներուժը պէտք է հանդիսանայ այն այլընտրանքային բերդը, որ թոյլ չի տար ազգային իտէալներու վերջնական մաշումին։ Մենք պէտք է ըլլանք այն ձայնը, որ միջազգային բեմերուն վրայ կը հնչեցնէ հայու անժամանցելի իրաւունքը, մերժելով ամէն տեսակի «գործնական» պատրուակ, որ կը միտի «սրբագրել» պատմութիւնը ի նպաստ ոճրագործին։
Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը սովորական սգատօն կամ օրացուցային արարողութիւն չէ, այլ մեր կամքի վերանորոգման եւ անզիջող պայքարի նոր ուխտադրում մը։ Մենք պէտք է աշխարհին եւ, նախեւառաջ, մեր ներքին յոգնածներուն ու ինքնակոչ «իրապաշտներուն» յայտարարենք յստակօրէն՝ հայ ազգը չի սահմանափակուիր միայն այսօրուան վարչական նեղ քարտէսով կամ ժամանակաւոր իշխանութեան մը կամակատարութեամբ։ Մեր ինքնութիւնը կը խարսխուի հազարամեակներու վրայ երկարող հաւաքական կամքի եւ բացարձակ արդարութեան տեսլականին վրայ, որուն դիմաց ցանկացած զիջողականութիւն ժամանակաւոր ստուեր է։
Պետականութիւնը առանց համազգային իտէալի՝ լոկ մարմին է առանց ողնաշարի, որ դատապարտուած է փլուզման առաջին իսկ փոթորիկին։ Մեր ուժը մեր անզիջողականութեան եւ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ է, որոնք կը կազմեն մեր ազգային յարութեան երաշխիքը։ Մենք կը մերժենք «Իրական Հայաստանի» պարտուողական ու նեղմիտ կաղապարը, որովհետեւ մեր հաւատամքը յաւերժական Հայաստանն է՝ իր ամբողջական իրաւունքներով, արեւմտահայաստանի ու Արցախի կորուսեալ ժառանգութեամբ եւ ազգային անխախտ արժանապատուութեամբ։
Այս պայքարը պիտի շարունակուի այնքան ատեն, քանի դեռ հայկական արդարութեան արեւը չէ ծագած մեր բովանդակ հայրենիքին վրայ, եւ քանի դեռ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը շնչէ իբրեւ մէկ միասնական, պահանջատէր եւ աննկուն ամբողջութիւն։
«Հորիզոն»