ԽԱՉՊԱՆՑ
- (0)

2013-ին Ֆերման Թորոսլարի թրքերէն լեզուով հեղինակած «Աքսոր» գիրքին, ամբողջական վերնագրով՝ «Ապստամբութեան բովէն անցած մութքեցի հայ ընտանիք մը», «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ի գործակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ, Մարի Մերտխանեան Եարալեանի կողմէ արեւմտահայերէնի թարգմանուած եւ «Լուսակն» հրատարակչատունէն, Երեւանի մէջ 2022-ին լոյս տեսած գրքին ընթերցումիս աւարտին արտասովոր փափաք մը մղեց զիս գիրքին բովանդակութեան մասին գոնէ մամուլով իրազեկելու ընթերցասէրները եւ նախաճաշակ մը տալու այս նորատիպին մասին, որպէսզի աշխարհի չորս ծագերու հանրութեան լայն զանգուածներուն հասանելի դառնայ: Հեղինակին ծնողներուն՝ Ղազարին եւ Գայիանէին, որպէս ծպտեալ հայեր ապրած տարիներուն, նոյնիսկ սեփական տան մէջ, իրենց խօսակցութեան եւ արտայայտութիւններուն մէջ զգուշաւորութեան համար հայկականութեան թէ քրիստոնէութեան ակնարկելու համար գործածած բառամթերքէն փոխ առնելով «խաչպանց» բառը՝ վերնագրեցի տողերս։
Անոնք յաջողած էին բառի մը մէջ խտացնել պատմութիւն, հաւատամք եւ ինքնութիւն եւ տասնամեակներ գոյատեւած՝ անկոտրում կամքով։ Հեղինակը սեփական ընտանիքի գոյերթի պատումով վաւերական փաստագրումը կը կատարէ ցեղասպանութեան տարիներուն զանազան ձեւերով երկիր մնալ յաջողած հատ ու կենտ հայերու վիճակուած ճակատագրին, սեփական երկրին մէջ ըլլալով արմատախիլ, աքսորական եւ անինքնութիւն ապրելու իրավիճակներուն, այլապէս կարելի է ըսել թերեւս որ հոն առկայ է 1915-էն ետք շարունակուած ցեղասպանութեան պատմութիւնն ու հայ ինքնութեան պահպանման կամքը, թէկուզ երկար տարիներ ծպտեալ ապրելու ծանրագոյն պայմանները յաթահարելու ստիպողականութեամբ։
Նորատիպը նեղ յուշագրութիւն մը ըլլալէ շատ անդին Ցեղասպանութենէն մինչեւ մեր օրերը շարունակուող ամենաերկար հերոսամարտի պատմութիւնն է, որ տեսերիզի մը նման հեղինակին հաղորդականութեան շնորհքով համեմուած, լայն դիտանկիւնով, իւրաքանչիւր հատուածի ընթերցումին հետ կը պատկերանայ մեր աչքերուն առջեւ։ Գործողութիւններու դաշտը միայն հեղինակին ծննդավայրը չէ, այլ՝ բռնագրաւուած համայն արեւմտահայաստանն է, իսկ գործող հերոսները միայն Թորոսլար ընտանիքի անդամները չեն, այլ՝ բռնի թրքացման դէմ անթուլ պայքարող իրաւազրկեալ մեր ժողովուրդի այն հատուածը, որ երկիր մնալով հանդերձ դարձաւ աքսորական, արմատախիլ, քեմալական հանրապետական Թուրքիոյ վերաբնակեցման որոշումներով, ուղղակի չսպաննուեցաւ, բայց անոր պարտադրուեցաւ կրօնափոխ դառնալ. երբեմն այդ մէկը կատարուեցաւ հասնելով մինչեւ թրքացման, պետական փաստաթուղթերու մէջ առանց իսկ ենթականերուն գիտութեան, ակամայ բռնի համաթրքացման Ֆերմաններով (հրահանգագրերով) գողցուեցաւ անոր ազգային պատկանելիութեան իրաւունքը, մինչեւ իսկ փոխուեցաւ անունը: Ինքնութիւնը ապրեցաւ ծպտեալ, բայց պահեց հայ ըլլալու գիտակցութիւնը իր էութեան մէջ, հակառակ զայն իրմէ խլելու թուրք պետութեան հետեւողական բռնամիջոցներուն կիրառումին, չենթարկուեցաւ իր հողը կեղեքողին եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով տարերային կերպով դիմադրեց թրքացումին, մինչեւ իսկ ճնշեալ այլ փոքրամասնութիւններու կողքին մասնակից դարձաւ ցեղասպան բռնակալի դէմ ծագած ապստամբութեան, տեւաբար մերժելով ցեղասպանին հետ գործակցութեան ուղին, մինչ այսօր ոմանք ըտրած են զայն կամովին։
Հատորին հեղինակումը խիզախութիւն է, թրքերէն բնագրին «Արաս» հայկական հրատարակչատան կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հրատարակութիւնը յանդուգն նախաձեռնութիւն է։ Աքսորը համայն Թուրքիոյ մէջ ծպտեալ հայերու շարունակուող հերոսամարտի վաւերական նորագոյն փաստագրումն է, իսկ «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ին կողմէ արագ արձագանգով զայն արեւմտահայերէնի թարգմանելու իրագործումը, մեր ներազգային բնագաւառին մէջ համադրուած ու նպատակային աշխատանք ծաւալելու ունակութեան եւ հնարաւորութիւններու առկայութեան վերյիշեցումն է։
Լեզուի մասնագէտ չըլլալով հանդերձ չեմ կրնար չդրուատել թարգմանութեան դիւրահաղորդ լեզուն։
Համացանցային հարթակներով հեղեղուած մեր օրերուն մէջ օգտաշատ ու հաճելի ընթերցում կը ցանկամ բոլոր գրքասէրներուն։
Ազգային պահանջատիրութեան նուիրական գործին մէջ հաշուառելի գործօն է երկիր ապրող մեր ժողովուրդի պայքարունակ այս հատուածը, որուն մարդկային տարրական իրաւունքներու ապահովման եւ ազգային ինքնութեան պահպանումին սատարելու բարոյական պարտաւորութիւնը ունինք ազգովին։
Արազի երկու ափերուն երկիրն է մեր սուրբ։
16 Օգոստոս 2023
Գրիգոր Տունկեան