Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Դ.)
Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
Ե․- Անդրազգայինը
I.- Կը կարծուի, թէ 1862-ին է, որ առաջին անգամ «անդրազգային» (transnational) բառը գործածուած է, բանասիրական դասախօսութեան մը մէջ (Լայփցիկի Համալսարան)։ Դասախօսութիւնը կարդացած էր գերման Կէյօրկ Գուրթիուս (Georg Curtius)։ Մինչ այդ բառը գերմաներէնի մէջ շրջանառութեան մտած էր։ Բառը բովանդակող Գուրթիուսի խօսքը անանուն հեղինակ մը ամերիկերէնի թարգմանելով մէջբերած էր «Princeton Review»ի մէջ, 1868-ին։ Այս է նախադասութիւնը․ «every language is fundamentally something transnational», որ թարգմանի՝ իւրաքանչիւր լեզու հիմնականօրէն անդրազգային երեւոյթ է:
Այս վարկածը քննարկելու տեղը չէ յօդուածաշարքս, ուստի՝ աւելորդ պիտի ըլլար լեզուի անդրազգայնութեան վրայ յամենալը։ Լոկ ըսեմ, որ հաստատումը կը ձգտէր խնդրականացնելու լեզուի մը բացարձակապէս ազգային երեւոյթ ըլլալու տեսակէտը, եւ զայն ցոյց տալու՝ որպէս լեզուական աւելի մեծ աշխարհի մասնիկ: Արդարեւ, լեզուներն ալ երկրէ երկիր չուողներ են, տարագրուողներ են, արտագաղթողներ են, եւայլքն, եւ ըստ իրենց բազմավայրերուն՝ բազմակերպարանուողներ են, ձուլուողներ են, եւ կամ, պիտի աւելցնէի, կը նմանին սփիռքացողներու։
Ամերիկերէնի մէջ, «transnational» բառը պիտի դարձեալ երեւար 20-րդ դարուն սկիզբը՝ նշելու համար այն մայրուղիները, որոնք Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջանները իրարու կը կապէին։ Ատոնք, անշուշտ, ետքն է, որ պիտի վերածուէին ճշգրիտ իմաստով «transnational» մայրուղիներու, այսինքն՝ երկրէ երկիր գացող-տանողներու: Հուսկ՝ բառը պիտի առնէր «անդրցամաքային» («transcontinental») իմաստն ալ։
1916-ին, «Atlantic Monthly»ի մէջ «Trans-National America» («Անդր-Ազգային Ամերիկա») տիտղոսով յօդուած մը լոյս կը տեսնէր: Հեղինակը՝ Ռանդոլֆ Բորն (Randolph Bourne): Յօդուածագրին առաջարկն էր, թէ Միացեալ Նահանգներ ընդունելու էր իր աշխարհաքաղաքացիական բնոյթը: Ըստ իրեն, ԱՄՆ-ի առաքելութիւնն էր առաջնորդել աշխարհաքաղաքացիութեան ստեղծումը: Իր «անդր-ազգային»ը՝ զանցումն էր ազգային նկարագիրներուն եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւններուն վասն աշխարհաքաղաքացիութեան: Ան այսպէս կը մտածէր՝ հակազդելու համար Եւրոպական ազգայնականութիւններուն. նաեւ, անկասկած, ԱՄՆ-ի Անգլօ-Սաքսոն ցեղակեդրոն գաղափարաբանութեան:
Ակադեմական աշխարհին մէջ, 1968-էն ետք սկսաւ ընդհանրանալ «անդրազգային» եզրը։ Եւ պիտի բազմէր բազում քննասիրութիւններու տիտղոսներուն մէջ, նաեւ՝ «Diaspora: a journal for transnational studies» պարբերականի կողքին վրայ։ Ու պարբերականին տիտղոսը կը թելադրէ սփիւռքներուն առհասարակ ընկալումը իբրեւ անդրազգային երեւոյթներ։
Զայն ինչպէ՞ս կը հասկնար Թէօլէօլեան, ինչպէ՞ս կը սահմանէր (կը հասկնայ եւ կը սահմանէ տակաւին): Բայց նախքան այդ, թող արտօնուի ինծի շեղում մը, եւ յիշեմ Սփիւռքագէտին ուղղուած քննադատութիւն մը, որ թիւրիմացութեան մը վրայ կեցած էր (թէեւ Սփիւռքագէտին բաժին «մեղք»ն ալ իր դերը ունեցած էր, որովհետեւ՝ վերջինս «անդրազգային» եւ «անդրազգայնական» եզրերը նոյնիմաստ եւ փոխն ի փոխ գործածած էր սկիզբը), ապա ներկայացնեմ սահմանումը, զոր Թէօլէօլեան տուած է: Ըսեմ, որ ան իր մօտ պահելով հանդերձ քննադատին յօդուածը, որեւէ առիթով չէր պատասխանած քննադատութեան (գէթ ուղղակիօրէն), այլ՝ քալած իր մտածման ուղիով եւ հրաժարելով «անդրազգայնական»էն, որ վրէպ մըն էր։
Քննադատն է Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, յիրաւի վաստակաւոր մտաւորական մը: Յօդուածին տիտղոսը՝ «Ամերիկեան Սփիւռքագիտութեան Վտանգը՝ Տարագիր Հայութեան» («Արարատ», 26 Ապրիլ 2008, էջ 4): Գրած է. «Ամերիկեան Սփիւռքագիտութեան, որ ընկերային-հասարակական գիտութիւններուն մէջ՝ վերջին քսանամեակին իր ուշագրաւ տեղը գրաւած Բաղդատական Սփիւռքագիտութեան մէկ ճիւղն է, որ կը ֆինանսաւորուի ամերիկեան իմպերիալիզմին կողմէ՝ զայն ծառայեցնելու համար իր կողմէ հետապնդուող աշխարհակալական ծրագիրներուն: …ԱՄՆ-ը ըլլալով խառնակենցաղ, ՏԱՐԱ-տնկեալ (TRANS-planted), իր տիրած երկրի բնիկ ժողովուրդին ոսկորներուն վրայ հիմնադրուած կայսերական գերպետութիւն, իր գաղափարախօսութեան ու շահերուն դէմ կը գտնէ բոլոր պատմական հայրենիքի մը մէջ բնական կազմաւորումով ծնունդ առած եւ հին մշակոյթ ունեցող ԱԶԳԵՐԸ…ԱՄՆ կ’ուզէ ջնջել Սփիւռքներու ազգային դիմագծերը, եւ կ’ուզէ զանոնք վերածել խառնակենցաղ, անդրազգային, քոզմոփոլիթ, աստանդական եւ անդիմագիծ բեկորներու զանգուածներու…որոնք հարկադրաբար կը դառնան աժանագին աշխատուժի աղբիւրներ: …Ահա թէ ինչո՞ւ ամերիկեան սփիւռքագիտութիւնը կը քարոզէ այն վարկածը, թէ Ապագան կը պատկանի ”համաշխարհայնացում”ին, ուր գոյութեան իրաւունք պիտի չունենան ազգային եկեղեցիներն ու պետութիւնները, պատմական իրաւունքներն ու անոնց յենած պահանջատիրութիւնները, հայրենի հողին կառչածութիւնը եւ ամէն բնոյթի կապուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը: Եւ թէ՝ ապագային մէջ պիտի գոյատեւեն միայն ու միայն անդրազգային սփիւռքներու բեկորները…եւ ոչ թէ՝ ազգային դիմագիծով սփիւռքներու հաւաքականութիւնները…: Նաեւ թէ՝ այս վարկածին հետեւող սփիւռքագիտութիւնն է ”միակ գիտական”ը, միակ իրապաշտականը: Ուրեմն՝ ՄԱՀ Տարագիր Հայութեան»: Այս ընդհանուր նայուածքէն ետք, քննադատը իր ուշադրութիւնը քիչ մը դարձուցած է Թէօլօլեանի վրայ, ըսելով՝ «մասնաւորաբար տխո՜ւր է Խ. Թէօլէօլեանի մը պարագան, որ առանց այլայլելու կրնայ գրել սա ձեւի բաներ. ”Ես իմ որոշ գրութիւններուս մէջ, հայութիւնը ԱԶԳ չեմ կոչեր, այլ ԱՆԴՐԱԶԳ, եւ այս բարդ ու զարգացող հասկացողութիւնը սահմանուած է աւելի ուժականութեամբ օժտուելու մօտ ապագային, որ ԱՆԴՐԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ (transnational) եւ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԻ (mondialisation) ԱՊԱԳԱՅ ՄԸ պիտի ըլլայ հաւանաբար” (տե’ս ”Յառաջ-Միտք եւ Արուեստ”, թիւ 280, 7 Ապրիլ 2002): Լաւ է, որ ան ”հաւանաբար” կ’ըսէ, եւ ոչ՝ վստահաբար…, քանի որ ինք եւս վստահ չէ՝ թէ ամերիկեան այս վարկածը կրնայ յաղթանակել վերջնականապէս: Խ. Թէօլէօլեան քիչ անդին կը խոստովանի՝ բարեբախտաբար, իր միտքը խռովող ու լլկող հանգամանք մը: Ան բառացիօրէն կը գրէ՝ ”Դժուար է ինծի նման որոշ չափով ազգայնամիտ սփիւռքահայու մը համար ընդունիլ, որ իր նախընտրած ճիւղը (Սփիւռքագիտութիւնը) կը բարգաւաճի, մասամբ որովհետեւ ԱԿԱՄԱՅ կ’օգտուի ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ նախընտրութիւններէն: ԲԱՅՑ ԱՅԴ՝ ԱՅԴՊԷՍ Է»:
Ի մի խօսք՝ «անդրազգայնական»ը եւ անկէ ծնունդ «անդրազգ»ը յայտնապէս խռոված են քննադատը, որուն համար «տարագիր» բառը եւ «տարագիր հայութիւն» բացատրոյթն են բնորոշիչը Սփիւռքեան մեր վիճակին: Սակայն «տարագիր»ը եւ «տարագիր հայութիւն»ը՝ յղումներ են, յուշարարներ են Մեծ Եղեռնեան փորձառութեան, եւ չեն վերաբերիր իրողապէս համաշխարհայնացումի հոսանքին մէջ գտնուող սփիւռքային կացութեան: Արդ, Թէօլէօլեան երբ կ’ընդունի՝ թէ «իր նախընտրած ճիւղը»՝ Սփիւռքագիտութիւնը «Ամերիկեան Կայսերական կառոյցի նախընտրութիւններէն» օգտուելով կը բարգաւաճի, ատիկա չի նշանակեր՝ թէ կը հրաժարի «որոշ չափով ազգայնամիտ սփիւռքահայու» իր աշխարհէն: Եւ ճիշդ այդ չհրաժարիլն է, որ կայսերական «նախընտրութիւններ»ը կը բերէ ի սպաս Սփիւռքի այժմին ճանաչողութեան, եւ հաւանական ապագային նախատեսութեան մը:
Թէօլէօլեանի սահմանումը «անդրազգային»ի:
«Անդրազգային» որակելի է հաստատութիւն մը, օրինակ՝ տնտեսական. կազմակերպութիւն մը, օրինակ՝ քաղաքական, ինչպէս ՀՅԴ-ն. նաեւ՝ ազգ մը: Որեւէ հաստատութիւն, որեւէ կազմակերպութիւն, որեւէ ազգ, որուն «մասնիկներ»ը միայն մէկ երկրի մէջ չեն գործեր, այլ երկրի մը սահմանները անդրանցնելով կը գործեն՝ «անդրազգային» են: Մինչ զինք քննադատողը, եւ այլք «անդրազգային» բառը ժխտականօրէն ընկալած են, Թէօլէօլեան, որոշ վերապահութեամբ հանդերձ, դրականօրէն ընկալած է, եւ աւելին, անոր վրայ հիմնուելով՝ օրինակ ներկայ ցիրուցան հայութիւնը կոչած է «անդրազգ» (ինք ունի նաեւ «Սփիւռքազգ» անուանումը, որ սակայն տարբեր նշանակութիւն ունի, եւ իր տեղը պիտի ունենայ այս յօդուածաշարքին մէջ): Իրեն համար՝ արեւմտահայութիւնն է, կամ արեւմտահայութեան մնացորդներն են, որ բառին իրական իմաստով Սփիւռք են։ Գրած է. «Համակարծիք եմ այն տեսակէտին, թէ այսօր թերիմաստ է խօսիլ հայ ազգի մը մասին (անոր միութեան եւ իսկութեան առումներով), եւ աւելի իմաստ ունի խօսիլ հայ ”անդրազգ”ի մը մասին, որ կը բաղկանայ իրարու հետ յարաբերութեան մէջ եղող, սակայն ինքնանկախ ընկերային տարածքներ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Ղարաբաղի շրջանին, Սփիւռքին, որ ինքնին ահագնօրէն տարասեռ է: Անդրազգ մը կ’ապրի իր բազում միջ-ազդեցութիններով եւ փոխանակութիւններով, եւ աւելին է քան (այլ է քան) լոկ գումարը իւրաքանչիւրի ներքին գործունէութիւնները» («Redefining Diasporas»): Ըստ իրեն՝ «Սփիւռք դարձած ցրուած ազգի մը որեւէ միաւորը, որ կարելի եղածին չափ անտեսելով այլազան պետութիւններու սահմանները՝ կը փորձէ զօդել իր ազգին բազմաթիւ մասնիկներու (անդր) ազգային գործունէութիւնը, ըլլա՛յ կրօնական, ըլլա՛յ մշակութային, ըլլա՛յ տնտեսական, եւ ըլլա՛յ քաղաքական մարզերէն ներս»: Անշուշտ, անդրազգային գործունէութիւնը՝ «պետութիւններու սահմաններ»ուն «անտեսում»ով միայն չըլլար, այլ խօսքով՝ խախտումովը օրէնքներու: Բայց «անտեսում»ը՝ որուն կ’ակնարկէ Թէօլէօլեան, կ’առնչուի «ազգին բազմաթիւ մասնիկներ»ը կրօնականօրէն, մշակութայնօրէն, տնտեսականօրէն, քաղաքականօրէն զօդելուն, եւ այս զօդելու գործունէութիւնը մարսելի չէ այս կամ այն երկրի սահմաններուն մէջ կեդրոնացեալ համաձոյլ ազգութիւն մը ունենալու քաղաքականութեան: Մարսելի չէ՝ որովհետեւ «ո՛չ միայն հիւրընկալ-պետութիւններ, այլ նաեւ հայրենի պետութիւնը կրնայ դժգոհիլ ի՛ր իսկ ցրուած սփիւռք-մասնիկներուն անդրազգային գործունէութենէն, քանի որ անոնց սկզբունքը կը գերադասէ ազգը կամ անդրազգը՝ պետութենէն»:
«Անդրազգային» գործունէութիւնը ազգ-պետութիւնները կը հրաւիրէ զիջումներու, նոյնիսկ հիմնական փոփոխութիւններ կատարելու «ազգ, Սփիւռք, պետութիւն եւ էթնիկական փոքրամասնութիւն» իրենց հասկացողութեան մէջ, հրաժարելու «բեւեռացնող նախապաշարումներ»է, օրէնքներէ եւ գործելակերպէ: Համաշխարհայնացումի այդ երեւոյթը «նոր ու դաժան իրականութիւններ»ու մարտահրաւէր է ազգ-պետութիւններուն: Միաժամանակ, նաեւ մարտահրաւէր է ցրօնքներուն: Այլ խօսքով, համաշխարհայնացման մէջ, ընդհանրական անդրազգայնացումն է, որ իր ճամբան կ’ընէ եւ պիտի ընէ, հակառակ անոր հանդէպ բոլոր խորշանքներուն: Այլեւս որեւէ Սփիւռք իր հայրենիքին «հակապատկեր»ը չէ, «նախընտրելի այլընտրանք»ը չէ, «անկարեւոր» մասը չէ: Այլեւս մերժելի է որեւէ հայրենիքի եւ անոր Սփիւռքին միջեւ գերադասման կամ ստորադասման որեւէ արժեւորում: «Սփիւռքները հմուտ են կախեալ վիճակի մէջ գործելու (…) ազգ-պետութիւններն (ալ) պիտի ստիպուին սորվիլ ապրիլ ոչ-միաձոյլ, երկուութիւն պարտադրող իրավիճակներու մէջ: Պիտի ստիպուին յարգել մարդկային եւ քաղաքական իրաւունքները փոքրամասնութիւններու, որոնք խորթ են կամ գոնէ խորթ կը թուին իրենց: Պիտի ստիպուին ապրիլ իրականութեան մը մէջ, ուր բեւեռացումը անկարելի է, ”մենք” եւ ”անոնք” չկան, այլ կայ վիճակ մը՝ ուր անոնք մեր մէջ ալ են, մենք՝ անոնց. խառնածին եւ խառնակառոյց իրավիճակ՝ որուն միւս կոչումը ”Սփիւռք” է»: Թէօլէօլեանի հայեացքին մէջ, սփիւռքացումը (ըսեմ՝ նախնական իր հանգրուանով) միայն հայրենիքէ մը անոր ժողովուրդին ցրւումը չէ, այլեւ ժամանակակից աշխարհին մէջ, իր սահմաններէն ներս ապրող ժողովուրդին անդրազգացումը: Ասիկա, անկասկած, առհասարակ գայթակղեցուցիչ է, ուստի հայութեան համար ալ, վասնզի անիկա պապենական երկրէն մնացորդ մը ունէր փրկուած, եւ այսօր՝ այն մնացորդն ալ վտանգուած է: Այնուհանդերձ, իրականութիւններուն գիտակցում մը, եւ «անդրազգային մտածելակերպի եւ գործընթացի որդեգրում» մը ստիպողական են: Սփիւռքեան «կախեալ վիճակի մէջ» մտածելու եւ գործելու հմտութիւնը անհրաժեշտ է, որ իւրացուի: Գրած է. «Այսօր, Հայաստանի նորակերտ ազգ-պետութիւնը ստիպուած է ծրագրել եւ գործել այս նոր դրոյթին մէջ: Սփիւռքը՝ նոյնպէս»:
(Շարունակելի 4)
Comments are closed.