Լոյս Տեսաւ «Վէմ»-ի 2020 Թուականի Քրիստափոր Միքայէլեանի Անտիպ Նամակները Բովանդակող Մատենաշարը
Ընթերցողի դատին յանձնուած է «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2020 թուականի ելեկտրոնային տարբերակը` 355 էջ ծաւալով եւ հարուստ բովանդակութեամբ:
Թիւը կը ներառէ «Վէմ»-ի մատենաշար-ի առաջին հատորը` Երուանդ Փամպուքեանի երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնքը հանդիսացող «Քրիստափոր Միքայէլէանի անտիպ նամակները» ուշագրաւ ժողովածուն:
«Վէմ»-ի խմբագրականը` «Քրիստափորի կտակը» խորագիրով, կ՛անդրադառնայ Քրիստափոր Միքայէլեանի նուիրական կերպարին, անոր բազում արժանիքներուն:
Թիւին մէջ հրապարակուած է երիտասարդ ու խոստումնալից պատմագէտ Գէորգ Ա. Ճաղարեանի ուշագրաւ յօդուածը` հերոսներու պաշտամունքի ու հերոսականութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմքերը դրած Թոմաս Քարլայլի պատմագիտական ժառանգութեան վերաբերեալ:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս Ռուբէն Ա. Սաֆրաստեանէն հրապարակուած է «Իմաստաւորելով Հայկական հարցը 21-րդ դարում» ուսումնասիրութիւնը: Իսրայէլի գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ Մայքլ Է. Սթոունի գլխաւորած գիտնականներու խումբին կողմէ վերջերս իրականացուած «Սուրբ երկրի եւ Սինայի հայերէն արձանագրութիւնները» հետազօտական աշխատանքի արդիւնքներուն` Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի հայերէն արձանագրութիւններուն վերաբերեալ , վերծանութիւնն ու մեկնաբանութիւնը կատարած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի աշխատակից Խաչիկ Ա. Յարութիւնեանը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հիմնադրութեան ու առաջին տարիներու գործունէութեան պատմութեան նուիրուած է Էտկար Գ. Յովհաննիսեանի ուշագրաւ հրապարակումը:
Նոր սերունդին համար ահազանգային դեր կը կատարէ Շուշիի ջարդերուն 100-ամեակին մասին Արմէն Ց. Մարուքեանի ցեղասպանագիտական հետազօտութիւնը` այդ յանցագործութեան իրականացման մէջ Թուրքիոյ մասնակցութեան վերաբերեալ:
Այս թիւը զարդարուած է տարիներ շարունակ Կոմիտաս վարդապետին ու անոր աշակերտներուն կողմէ բարեխիղճ կերպով հաւաքուած հայ ժողովրդական երաժշտութեան տոհմիկ ժառանգութեան գանձերէն մէկով` հայկական աւանդական հարսանիքի ծիսաշարերու եւ արարողութիւններու մանրակրկիտ հետազօտութիւնը ազգագրագէտ Հռիփսիմէ Վ. Պիկիչեանի կողմէ:
Յաւելուածով մը հրատարակուած է «Համաշխարհային ճգնաժամը եւ մենք» հիմնարար ուսումնասիրութիւնը` «Քորոնա» ժահրին մասին: Ասիկա ամբողջ աշխարհը պատուհասած ճգնաժամի քաղաքական, տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական հետեւանքներուն վերաբերեալ համապարփակ գիտական հայեացք ձեւաւորելու փորձ է: Ցոյց կը տրուի, որ համավարակը սոսկ համաշխարհային ճգնաժամի խորացման նախնական յարուցիչն է: Կը ներկայացուին ճգնաժամի յաջորդ փուլերուն սպասուող աւելի լուրջ մարտահրաւէրները: Առարկայական փաստերով կը բացայայտուի այն իրողութիւնը, որ Հայաստանը իր ժողովուրդով ու քաղաքական դասով անպատրաստ էր նոյնիսկ ճգնաժամի առաջին փուլին: