Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանին հետ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի Հայաստան-Գանատա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Իշխան Սաղաթէլեան Նոյեմբեր 24-ին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրու Թըրնըրի հետ։ Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Հայաստան-Գանատա յարաբերութիւններու զարգացման շարք մը ուղղութիւններու վերաբերեալ։
Իբրեւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ, Իշխան Սաղաթէլեան շնորհաւորած է դեսպան Թըրնըրին՝ Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանութեան բացման առիթով եւ կարեւորած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կայուն զարգացումը։
Իշխան Սաղաթէլեան դեսպանին ուշադրութեան յանձնած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան եւ անոր արդիւնքով էթնիկ զտման՝ ակնկալելով կատարուածին վերաբերեալ միջազգային յստակ գնահատական եւ գործնական քայլեր՝ առանց երկիմաստութիւններու։
Բարձրացուցած է նաեւ ռազմագերիներու եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ապօրինի կալանաւորման եւ անոնց շուտափոյթ ազատ արձակման խնդիրը։
Յատուկ անդրադարձ կատարուած է Արցախի հայութեան համալիր իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան։
Մտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կառոյցներու կայացման, անոնց զարգացման եւ առկայ խնդիրներու վերաբերեալ։
Comments are closed.