ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ պէտք է յարգենք ննջեցեալի յիշատակը

Նշմար

ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ պէտք է յարգենք ննջեցեալի յիշատակը

Կրօնական շրջագծին մէջ կամ այդ հասկացողութեամբ պիտի չփորձեմ պատասխանել վերեւ նշուած հարցադրումներուն: Շարժառիթը այս գրառումիս այն պատեհութիւնն էր, ուր կարգ մը բարեկամներ հարց տուին ըսելով, թէ ինչո՞ւ պարտք կը զգաս եւ մահագրութիւն կը գրես սիրելիի մը յիշատակին։ Նման ընկերներու պատասխանս մէկ է, եւ այդ մէ՛կը հանրային ձեւով կ՛արտայայտուիմ, որպէսզի յստակացնեմ հարցադրումին տուն տուող պատճառները, այդ կապակցութեամբ պարզաբանելով համոզումներս, յանձնելով զանոնք հասարակութեան ուշադրութեան։

Այսպէս, Հայ ժողովուրդը թերեւս այն սակաւաթիւ ազգերէն է, որ ծայր ասիճան յարգանք կը տածէ ննջեցեալի եւ ամէն միջոցի կը դիմէ յիշատակը յաւերժացնելու համար։ Մեզ համար՝ շիրիմը սրբավայր է, սոսկ քարէ կոթող մը չէ։

Աւելի՛ն, աճիւնները մասունքի համազօր են եւ գերեզմանները հաւաքական յիշողութեան շտեմարան։

Ճիշդ այդ պատճառով, բարբարոսները երբ կը նուաճեն հայրենիքդ, առաջին հերթին կը պղծեն գերեզմաններդ, ջանալով ոչնչացնել բնիկ հաւաքականութեան մը դարերով, խնամքով պահուած այդ վկայութիւնները՝ խորտակելով յիշողութեանց շռնդալից վկայութիւնները։

Ննջեցեալի գերեզման այցելելը, մեզի համար պարտադիր հանգամանք է։ Ճիշդ այդ պատճառով, տօնական տաղաւարներու յաջորդ օրը, երկուշաբթին՝ օր մեռելոց հռչակած ենք։

Աւելին, Հալէպահայերէս ո՞վ չի յիշեր ծովածաւալ բազմութիւնը, որ սեւազգեստաւորուած, ամէն շաբաթ օր՝ երեկոյեան, հայորդիներ իրենց ննջեցեալներու շիրիմները կ՚այցելէին, մոմավառութեամբ եւ խունկ ծխելով գերեզմանի գլխուն, ողբալով սիրելիի մը յիշատակը։

այնքա՜ն աչքառու Կ՚ըլլար Ճապալ Սայտէի (Խօրթլախ տաղ) սգակիրներու շարանի բարձունք մագլցելու պատկերը, կը յիշեցնէր կուպրի լիճի մը տեսքով՝ մարդկային ալիքաւորումներ: Այդ «վշտի շքերթը», նոյնիսկ օտարազգի մարդկանց ակնածանքին եւ յատուկ ուշադրութեան կ՚արժանանար։

Բոլորս ա՛լ, երբ պատահի Տիրոջ հրամանը եւ հողին յաձնենք սիրելի մը, օր առաջ կ՚ուզենք մեր ննջեցեալին գերեզմանը տապանաքարով մը օժտել, որպէսզի սոսկ ցուրտ հողակոյտի մը մէջ, անյիշատակ եւ անմնացորդ չմնայ՝ իր յաւիտենական դրոշմով՝ «անշարժ պահեայ» նոր տունը։ Գէթ, այդ ձեւով իր յաւիտենական երթին ինքնութեանը ճանաչողութեան «այցեքարտ» մը օժտելով առյաւէտ ճամբորդին, ձեւով մը լիացնելով մեր հոգու պարտքը։ Աւելին, կը փորձենք մեր լաւագոյնը ընել եւ փարթամ դամբարան սարքել իր «նոր հանգստարանին»։

Ամէն անհատ, իրեն ընձեռնուած կարելիութիւններով, կը փափաքի վերջին հրաժեշտը տալ սիրելիի մը, նոյնի՛սկ հազարաւոր մղոններ կտրելով, օրին եւ ատենօք՝ կը փորձէ հասնիլ անոր յուղարկաւորութեան։

Ուրիշներ, հերթով ծաղկեպսակ կը զետեղեն, իսկ ոմանք՝ կենացներ կը խմեն, պանծացնելով հանգուցեալին յիշատակը։ Ոմանք ալ, դամբանականներ կ՛արտասանեն՝ վեր առնելով հանգուցեալին բարեմասնութիւնները։

Մեր մօտեցումն ալ, նոյնիմաստ մեկնակէտ ունի, թուղթին յանձնելով մեր յիշատակները ու տպաւորութիւնները մեզմէ առյաւէտ բաժնուած սիրելիներուն, կ՚աշխատինք պատշաճութեան սահմանին մէջ, փոխան ծաղկեպսակի

Մեր ճիտին պարտքը տալ, հանգամաւոր՝ հրաժեշտ տալով յաւիտենականութեան սլացող ուղեւորին, խնդրելով հոգիին խաղաղութիւն ու լուսաւորութիւն։

Այդ հոգեկան բաւարարութիւնն է, որ մեր սրտերը կը մխիթարէ եւ կ՚ամոքէ յաւէտ կորուստի մը վիշտը, յագեցնելով մեր մէջ կուտակուած սիրոյ եւ յարգանքի զգացումները:

Թող որ անխափան շարունակենք այս աւանդոյթը, ամէն ոք ձեռնտու միջոցով մը, բանաւոր, գրաւոր, ծաղեկապսակով եւ կամ նուիրատուութեամբ՝ մատուցէ իր խղճի պարտքը անբաղձալի այս տարերքին, յաւերժացնելով մեր ննջեցեալներուն յիշատակը։

Սիրելիներ, երբե՛ք ցաւ չտեսնէ՛ք եւ մնացէ՛ք միշտ առողջ ու անսասան։֎

ժան Հալլաճեան

24 Մարտ, 2021- Թորոնթօ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.