Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Այդքան Ուշադիր Է Իսրայէլի, Բայց Ո՛չ Հայաստանի Նկատմամբ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Այս օրերուն հայութեան շրջանակի մէջ ամէնէն տարածուած հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այդքան վճռական եւ արագ աջակցեցաւ Իսրայէլի, բայց` ո՛չ Հայաստանին ու Արցախին:

Հարցումը աւելի արդիական դարձաւ, երբ անցեալ շաբաթ Politico յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նախազգուշացուցած է` «Ազրպէյճան յառաջիկայ շաբաթներուն կրնայ ներխուժել Հայաստան»:

3 հոկտեմբերին քոնկրեսականներ Նենսի Փելոսիի, Աննա Էշուի, Ֆրենք Փալոնի եւ այլոց հետ հեռաձայնային զրոյցի ժամանակ Պլինքըն, ըստ հաղորդագրութեան, ըսած է անոնց. «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը փնտռէ Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղիներ եւ չի ծրագրեր երկարաձգել  վաղեմի  պայմանագիրը, որ թոյլ կու տայ Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւն տրամադրել Պաքուի»: Պլինքըն աւելցուցած է. «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանական կը տեսնէ, որ  յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին Ազրպէյճան ներխուժէ հարաւային Հայաստան»: Politico գրած է, որ երկու այլ անյայտ աղբիւրներ հաստատած են հեռաձայնային զրոյցը: Քոնկրեսական Փալոն 11 հոկտեմբերին Թուիթըրի մէջ գրած է, որ` «Ալիեւ յառաջ կը շարժի իր նպատակին հասնելու` գրաւելու համար Հայաստանի հարաւը»: 15 հոկտեմբերին, «Արմէնփրես»-ի տուած գրաւոր հաղորդագրութեան մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլըր ըսած է, որ` «Politico»-ի յօդուածը «սխալ է եւ ոչ մէկ կերպով կ՛արտացոլացնէ այն, ինչ որ քարտուղար Պլինքըն ըսած է օրէնսդիրներուն»: Այսուամենայնիւ, Politicօ յայտարարած է, որ հաստատակամ է իր զեկոյցին մասին:

Զարմանալիօրէն Նիկոլ Փաշինեան 11 հոկտեմբերին ըսաւ, որ «ռիսքը չափազանց ցած է», եւ թէ` սահմանին երկու կողմերը ռազմական կուտակումներ չկան: Այսպիսով, վարչապետը հակասած է Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանին, որ 6 Հոկտեմբերին ըսած էր, թէ Ազրպէյճան աշխուժօրէն կը նախապատրաստուի` յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Հայաստան ներխուժելու:

Եւ ամէնէն կարեւորը, Պլինքըն եւ Միացեալ Նահանգներու այլ պաշտօնեաներ բազմիցս ըսած են, որ իրենք հաւատարիմ են «Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»: Անոնք յայտարարած են, որ` «Խորապէս մտահոգուած են Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւններով, յայտարարելով, որ վէճերը լուծելու համար ուժի կիրարկումը անընդունելի է»: Այսուամենայնիւ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ոչ միայն անտեսեց Ազրպէյճանի ուղղուած սեփական նախազգուշացումները, այլեւ Արցախի, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի որոշ հատուածներու բռնագրաւումը: Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա, ըստ երեւոյթին, որոշած են, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան շատ աւելի կարեւոր են իրենց համար, քան` Հայաստանը, անտեսելով Հայաստանի հետ Ռուսիոյ կնքած պայմանագիրները եւ հայերու նկատմամբ արեւմտեան երկիրներու ունեցած համակրանքը: Անոնք հայերուն ուղղակի կարեկցական խօսքեր ըսած են` զերօ գործողութեամբ: Այսպիսի խայտառակ պահուածք մը քաջալերած է Պաքուի բռնակալը` անպատիժ կերպով յառաջ երթալու համար իր բռնագրաւման ծրագիրներուն մէջ: Այս մեծ տէրութիւնները նոյնիսկ համարձակութիւն չունեցան ընդունելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ, որ կը դատապարտէր Ազրպէյճանը կամ պատժամիջոցներ կը սահմանէր անոր նկատմամբ:

Հասկնալի է, որ հայերուն մեծ մասը զայրացած է Իսրայէլի կառավարութեան դէմ, որ իրեն համար զէնք արտադրողներուն թոյլ տուած է` Ազրպէյճանի տրամադրել անոր արդիական սպառազինութիւններուն 60 տոկոսը, որով ան սպաննած եւ վիրաւորած է հազարաւոր հայ զինուորներ, 2020-ի պատերազմին եւ ատկէ ետք:

Ամէնէն կարեւոր խնդիրը այն է, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներ այդքան կը պաշտպանեն Իսրայէլը, բայց` ո՛չ Հայաստանը: Կարճ պատասխանն է` հիմնականին մէջ Ամերիկայի հրէական համայնքի աշխուժութեան շնորհիւ: Կար ժամանակ, երբ հրեայ ամերիկացիներ կ՛ենթարկուէին խտրականութեան` բազմաթիւ առումներով: 1920-ականներէն մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմ եւ անկէ ետք ամերիկեան համալսարանները սահմանափակած էին ընդունուող հրեայ ուսանողներուն թիւը: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք Միացեալ Նահանգներ նոյնիսկ հրաժարած էին ընդունիլ Ողջակիզումէն փրկուած հազարաւոր հրեաներ:

Այսուամենայնիւ, հրեայ ամերիկացիները յաղթահարեցին բազմաթիւ խոչընդոտներ` նշանակալից դեր խաղալով ամերիկեան կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, ինչպիսիք են առեւտուրը` գիտութիւնը, արուեստը, գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, ժապաւէնը, թատրոնը, կատակերգութիւնը, լրատուական միջոցները, քաղաքացիական իրաւունքները եւ քաղաքականութիւնը: Յունուար 2023-ի դրութեամբ, Քոնկրեսի մէջ կային 37 հրեայ ամերիկացիներ` 10 ծերակուտական եւ Ներկայացուցիչներու պալատի 27 անդամ: Ծերակուտական Չաք Շումըր ծերակոյտի մեծամասնութեան առաջնորդն է: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 53,6 միլիոն տոլար յատկացուցած է Միացեալ Նահանգներու` Ողջակիզումի յիշատակի թանգարան կառուցելու համար` նուիրուած դաշնակցային հողի վրայ: Տարիներու ընթացքին տասնեակ ամերիկացի հրեաներ ծառայած են Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանին մէջ: Շելլի Կրինսփան  հրեաներու հետ կապերու Սպիտակ Տան ներկայացուցիչն էր: Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Էլեն Ճըրմըն Ողջակիզումի հարցերով յատուկ բանագնացն է, իսկ դեսպան Տեփորա Լիփշթատ` հակասեմականութեան վերահսկման  եւ անոր դէմ պայքարի յատուկ բանագնացը: Փոխնախագահ Քամալա Հարիսի ամուսին Տակլըս Էմհոֆ ծագումով հրեայ ամերիկացի է: Կան քանի մը հրեաներ կառավարական բարձր պաշտօններու վրայ, ինչպիսիք են` արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, արտաքին գործոց տեղակալ Ուենտի Շըրմըն, ֆինանսներու նախարար Ճանըթ Ելին, գլխաւոր դատախազ Մերիք Կարլընտ, ներքին անվտանգութեան քարտուղար Ալեխանտրօ Մայորքաս, Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Աւրիլ Հէյնզ, CIA-ի  փոխտնօրէն Տէյվիտ Քոհըն, Արժեթուղթերու եւ սակարանի յանձնախումբի նախագահ Կերի Կենսլըր, Գիտութեան եւ արհեստագիտութեանց քաղաքականութեան տնօրէն Էրիք Լանտըր, առողջապահութեան փոխնախարար Ռէյչըլ Լեւին եւ Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան եթերային անվտանգութեան տնօրէն Էնն Նիւպըրկըր:

80 տարի առաջ, երբ 400 ռաբբիներ խնդրած էին հանդիպիլ նախագահ Ֆրենքլին Ռուզվըլթի հետ, մերժում ստացած էին: Սակայն անցեալ շաբաթ խումբ մը հրեայ ամերիկացիներ հանդիպեցան նախագահ Ճօ Պայտընի հետ Սպիտակ տան մէջ, որ  լուսաւորուած էր Իսրայէլի դրօշի գոյներով: Անոնք երկար ճամբայ կտրած են:

Ուիքիփիտիան «Միացեալ Նահանգներու մէջ  իսրայէլական լոպի» դասակարգման մէջ կը նշէ «Յանուն Իսրայէլի միացած քրիստոնեաներ»-ը` աւելի քան եօթը միլիոն անդամով, Հանրային կապերու ամերիկա-իսրայէլեան կոմիտէն (AIPAC), որ ունի երեք միլիոն անդամ եւ 100 միլիոն տոլար տարեկան պիւտճէ, եւ «J Street»-ը` տարեկան 2 միլիոն տոլար պիւտճէով: Միւս կողմէ` ամերիկահայերը ունին նեցուկ կանգնող երկու  խումբ` Ամերիկայի Հայկական համագումարը եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` սահմանափակ պիւտճէներով: Հայերը պէտք է վարձեն ամերիկեան լոպիստական հզօր ընկերութիւններ` հակազդելու համար Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ լոպիստական ընկերութիւններուն:

Հայերը պէտք է բազմապատկեն  իրենց ներգրաւուածութիւնը քաղաքական քարոզարշաւներու մէջ եւ առաջադրուին  իբրեւ թեկնածու` ընտրովի պաշտօններու համար: Ուսումնական հաստատութիւններու հայ ուսանողները պէտք է մասնագիտանան քաղաքագիտութեան կամ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ: Հայերը պէտք է աւելցնեն իրենց շփումները Միացեալ Նահանգներու լրատուական միջոցներու հետ, գրեն նամակներ խմբագիրներուն եւ կատարեն վերլուծումներ` տեղական եւ համաամերիկեան թերթերու մէջ: Համայնքը պէտք է ֆինանսապէս աջակցի հայկական լոպիստական խումբերուն եւ նպաստէ քաղաքական թեկնածուներու դրամահաւաքի քարոզարշաւներուն: Ամերիկայի կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալով` հայերը  կը կարողանան ազդել Միացեալ Նահանգներու  ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեանց վրայ  եւ  աջակցիլ Հայաստանին ու Հայ դատին:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Comments are closed.