Ինչո՞ւ Անպայման Կարդալ Երուանդ Փամպուքեանի «Մեծ Եղեռնի Առաջին Վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» Հատորը

ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հազուագիւտ գիրքեր մեծ տպաւորութիւն եւ ազդեցութիւն կը ձգեն ընթերցողին վրայ: Իմ պարագայիս, Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Մեծ Եղեռնի Առաջին Վաւերգրողը. Շաւարշ Միսաքեան» 2017ին լոյս տեսած հատորը այդ փոքրաթիւ գիրքերու կարգին անցաւ: Ըսեմ, թէ ինչո՛ւ:

Դեկտեմբեր 2017ին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ, զեկուցական հանդիպման մը մէկ դադարին, Փամպուքեան հատ մը այս գիրքէն իր կողմէ մակագրուած յանձնեց՝ ըսելով. «Երկար ճամբայ ունիս մինչեւ Ամերիկաները, յարմարութիւն ունենաս՝ կարդա՛»:

Վերջերս, խաղաղ պահէ մը օգտուելով՝ առիթը ունեցայ այս գիրքը կարդալու եւ իմանալու 24 Ապրիլի 1915ի շուրջ շարք մը նորութիւններ, որոնք կը նկատեմ չափազանց կարեւոր, ըստ իս, գերզգայուն նոր տեղեկութիւններով լեցուն, նոյնիսկ օրին եղած փաստարկումներ, որոնք այսօրուան իրաւաբանին ու պատմաբանին կրնան ծառայել՝ իբրեւ քաղաքական-իրաւական տուեալներ մեր դատի ազդու (effective) հետապնդման մէջ:

Ինչո՞ւ այս բոլորը եւ ինչպիսի՞ նորութիւններ:

Առաջին. Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ ընդհանրապէս լուսարձակի տակ առնուած են ֆետայիներ, խմբապետներ, գնդապետներ, հիմնադիրներ, եւ այլն: Շաւարշ Միսաքեանի մասին այն պատկերը, որ կը յստականայ մեզի այս գիրքին միջոցաւ, խմբագիրի մը ուրուագիծն է (profile), որ կը վերածուի քաղաքական գործիչի, ապա Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրողի ու վրէժխնդրութեան տեսլականի: Չարաբաստիկ Ապրիլ 24ի երեկոյեան, Պոլսոյ իր տուն վերադարձին ան ընկերոջմէ մը կը տեղեկանայ Սիամանթոյին եւ այլոց ձերբակալութեան մասին: Ոստիկաններ յաջորդաբար երկու գիշեր կը խուժեն Միսաքեանի յաճախ այցելած մէկ բնակարանը եւ կը ձերբակալեն տան երետասարդը, որ իբրեւ Շաւարշ կ՛աքսորուի ու կ՛առաջնորդուի դէպի մահ…

Հո՛ս է, որ բուն գործը կը սկսի Միսաքեանի համար: Աքսորը արդէն հնձած էր պոլսահայ մտաւորականութիւնը եւ ընտրանին հասարակական գործիչներու, որոնց կարգին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ: Հազիւ հազ ճողոպրած ու առօրեայ հետապնդումի առարկայ դարձած՝ Միսաքեան կը նախաձեռնէ «Վիշապի Առժամեայ Մարմին» անունով ընդյատակեայ Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէին (ի դէպ՝ ան 30 տարեկան է հոս) երկու այլ անձերու՝ մարմնին մասնակցութեամբ՝ մարտական հարցերու պատասխանատու Գրիգոր Մերճանեանի (Մերճանոֆ) եւ երիտասարդ վանեցի Սամուէլ Դարբինեանի հետ:

Ըստ Փամպուքեանի՝ «Առժամեայ Մարմինը ունէր շարք մը օժանդակող անդամներ, ինչպէս՝ Տիգրան Ծամհուր, Արամ Չարըգ եւ շատ մը ուրիշներ, որոնք տարագրութեան տարիներուն փախստական՝ յաճախ ծպտեալ իբրեւ թուրք, քիւրտ, արաբ պետեւի կամ գերմանացի, կը գործէին երկրի մէկ ծայրէն միւսը, մինչեւ Սուրիոյ անապատները եւ Միջագետք: Անոնց միջոցաւ է, գլխաւորաբար, որ Առժամեան իրազէկ կը դառնար ներքին գաւառներու մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն եւ զանոնք կը փոխանցէր արտասահման»:

Դիտարկում առաջին. ուրեմն Միսաքեան՝ ի հեճուկս առօրեայ ոստիկանական հետապնդումներուն, եւ ի դէմ իր գործընկերներու ձերբակալութեան ու աքսորման կ՛որոշէ ծպտեալ կեանք մը ապրիլ, Պոլսոյ մէջ այդ օրերուն Առժամեայ Մարմին նախաձեռնել, ՀՅԴ Արեւմտեան Բիրոյի հաւանութիւնը ստանալ, կապեր ուղղարկել գաւառները, տեղեկութիւն հաւաքել տեղահանութեանց եւ հաւաքական սպանդին մասին ու զանոնք փոխանցել արտասահման: Մէկ խօսքով՝ Պոլսոյ ձերբակալութիւններէն ետք, դժոխային պայմաններու տակ կուսակցական գործը շարունակել:

daronderkhachadourian2Երկրորդ. Միսաքեան գաւառներէն հաւաքած այդ տեղեկութիւնները եւ վաւերագրումները իր առաջին իսկ նամակէն՝ գաղտնաբար ուղղարկուած 27 Ապրիլ 1915ին (ճիշդ կարդացիք, այսինքն ճողոպրելէն երեք օրեր ետք), Պալքանի Կեդրոնական կոմիտէին կ՛որոշէ այս նամակները գրել «ծածկագիր, գաղտնի մելանով եւ օտարալեզու (ֆրանսերէն, ռուսերէն, պուլկարերէն) լրագիրներու լուսանցքներուն վրայ: Պալքանեան Կեդրոնական կոմիտէն, ընդհանրապէս անոր գործավար-քարտուղարը՝ Տիգրան Խաչիկեան կը վերծանէր եւ կ՛արտագրէր զանոնք»: Ապա գրութիւնները կը փոխանցուէին «անմիջապէս հետեւեալ վայրերուն Ժընեւի՝ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան, Թիֆլիս՝ ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյին եւ Ամերիկայի ու Եգիպտոսի կուսակցական մարմիններուն, որոնք իրենց կարգին, մամուլով եւ այլ միջոցներով պէտք է իրազեկ դարձնէին հայ ու օտար հանրային կարծիքը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին տեղի ունեցող այն արհաւիրքներուն մասին, որոնցմով Թուրք պետութիւնը կ՛աշխատէր բնաջնջել ամբողջ հայ ժողովուրդը» (մէջբերումները՝ Ե. Փամպուքեանէն):

Դիտարկում երկրորդ. Միսաքեան, օգտագործելով գաղտնի, ինքզինք ոչնչացնող մելան, յատուկ բառապաշարով մը, որ կարելի էր «բանալ» Պալքանի կառոյցին կողմէ՝ օտար թերթերու ճերմակ բաժիններուն մէջ կը գրէ 55 նամակներ, 27 Ապրիլէն մինչեւ 5 Հոկտեմբեր 1915, շաբաթական 2-3 գրութիւններով արտաքին աշխարհը իր ջանքերով տեղեակ կը պահէ հայկական գիւղերու եւ աւաններու տեղահանութեանց ու ոչնչացման միջոցներուն մասին՝ գաղտնաբար եւ անխափան:

Երրորդ. այս ծպտեալ նամակագրման գործը ընելու համար, ինչպէս նաեւ Պուլկարիայէն ստացուելիք պատասխան նամակներու հասցէագրման համար, Միսաքեան կը դիմէ նուիրեալ անձերու օգնութեան, այս պարագային, մեծաւ մասամբ, երիտասարդ աղջիկներու, որոնք առհասարակ կ՛օժանդակեն Օսմանեան իշխանութեանց ուշադրութիւնը շեղելու մտադրութեան: Այսպէս, շրջան մը նամակներ ստացող կապը Մանիշակ Ապաճեանն է, այլապէս Grand Rue Pangalti, No. 53 բնակող Mlle Vergine Khatcherian-ն է, ուրիշ տեղ մը Պոլսոյ Robert College յաճախող յանդուգն աշակերտուհիի մը կասկած չարթող հասցէն…

Դիտարկում երրորդ. Միսաքեան լման ցանց մը ի գործ կը դնէ, ոստիկանութեան քիթին տակ: Քաջասիրտ ու նուիրեալ անձեր՝ «անծանօթ զինուորներ», որոնք տրամադիր են իրենց մատղաշ կեանքը վտանգելու ու ձերբակալուելու գնով իսկ ազգին ծառայել:

Չորրորդ. 24 Ապրիլին յաջորդող անմիջական օրերուն, այնքան ճակատագրական կարեւորութիւն ունեցող մանրամասնեալ տեղեկահաւաքն է այս: Պոլսոյ մտաւորականութեան աքսորեալները կը գտնուին Այաշ, Չանղըրը, Չորում: Վարդգէս (Յովհ. Սէրէնկիւլեան, Օսմանեան խորհրդարանի անդամ, որ պիտի ձերբակալուէր քիչ մը աւելի ուշ՝ 2 Յունիսին եւ կը սպանուէր 26 Յուլիսին Գր. Զօհրապի հետ միսնաբար), Պոլսոյ պատրիարքը եւև այլ անձեր փորձ կը կատարեն ազդելու Թալէաթի ու այլ պատասխանատուներու վրայ, սակայն ի զուր: Արհաւիրքին նկարագրութիւնը օր ըստ օրէ ցոյց կու տայ ոճիրին աննախընթաց ահաւոր բնոյթը:

Միսաքեանի բառերով. «Գիսակը (Վարդգէս) երէկ ներկայացաւ Թալէաթին իր բնակարանին մէջ… Նախարարը բացարաձակապէս յայտարարէր է «քանի որ դուք մեր նեղ օրերուն մեր վզին չոքելով, բարենորոգում, ինքնավարութիւն, եւ այլն պահանջեցիք, հիմա մենք ալ մեր լայն օրերուն հայ ժողովուրդը ցիրուցան պիտի ընենք, որպէսզի մինչեւ 50 տարի բարենորոգման կամ ինքնավարութեան խօսք չկարենաք ընել…»: Գիսակը դիտել տուած է, որ Համիտին գործը շարունակե՞լ կ՛ուզէք: Թալէաթը հաստատական պատասխանած է առանց վերապահութեան» (26 Մայիս 1915)։

daronderkhachadourian1«Զէյթունցիներուն մէկ մասը աքսորած են Էնկիւրիի Սուլթանիէ կոչուած տեղը, ճախճախուտ եւ վատառողջ անկիւն մըն է, ուրկէ թուրքերն անգամ կը փախչին եղեր: Իսկ մաս մըն ալ ղրկած են Միջագետքի Տէյր Զօր կոչուած վայրը, վրանաբնակ վայրենիներու մէջ: Պատրիարքը ամերիկեանի (խմբ. իմա՝ ամերիկեան դեսպանի) միջոցով խնդրած է, որ արտօնեն դեղ, առողջապահական նիւթեր եւ եկեղեցական գոյքեր (Մաշտոց, միւռոն) ղրկելու: Թալէաթը նախ ծամծմեր է, իսկ երկրորդ անգամուն, երբ թարգմանը ներկայացած է վերջնական պատասխան ստանալու, յայտներ է, թէ չեն կրնար արտօնել: «Մեր կայսրութեան գերագոյն շահերը կը պահանջեն այսպէս վարուիլ. կը խնդրեմ որ ալ չխօսիք այս մասին»: Հակառակ այս պատասխանին, դեսպանը երկու երեք օրէ ի վեր նոր ժամադրութիւն մը կը խնդրէ, և երէկ պիտի տեսակցէր: Չգիտենք արդիւնքը: Ինչպէս կը տեսնէք, Իթթիհատը կատարելապէս հետեւողական է իր ծրագրին մէջ: Բնաջինջ ընել բոլոր հայկական համախմբումները, նոյնիսկ յատկապէս դէպի մահը առաջնորդելով զանոնք» (2 Յունիս 1915):

Դիտարկում չորրորդ. օրը օրին եղած 24 Ապրիլի յաջորդող անմիջական ժամանակաշրջանի միջամտութեանց ու նախաձեռնութիւններուն (պատրիարք, Ամերիկայի դեսպան, Թալէաթ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր) այս տեղեկագրումը մեզ կը դնէ հսկայական արժէք ունեցող վաւերաթուղթերու առջեւ, դարձեա՛լ արդիւնքը Միսաքեանի այս կոթողային աշխատանքին:

Հինգերորդ. եւ հաւանաբար իմ ակնոցով այս բոլորէն ամէնէն նշանակալիցը՝ Միսաքեան հաւանաբար օրին առանց իր կատարածին պատմական արժէքին անդրադարձած ըլլալու՝ Պալքանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ իր կատարած այս նամակագրութեամբ՝ մեզի կը կտակէ աննախադէպ վաւերագրման հաւաքածոյ մը, տեղեկագրուած ականատեսներու կողմէ, դէպքերը տեղի ունեցած իսկ օրերուն: Փաստեր եւ փաստարկումներ, որոնք կ՛ապացուցեն հայասպանութեան կանխամտածուած եւ ծրագրուած ըլլալու բնոյթը, Իթթիհատական կուսակցութեան եւ օսմանեան կառավարութեան կողմէ, նաեւ ամբողջութեամբ գործի դրուած անոնց կողմէ: Հոս կան բազմաթիւ մէջբերումներ Միսաքեանի «նամակ»ներէն: Պիտի գոհանամ միայն մի քանին յիշելով:

Դարձեալ Միսաքեանի բառերով.

«Երեկուան մեր սպասած նամակը Այնթապէն էր Մայիս 10 թուակիր… Ապրիլի սկիզբէն ի վեր երկու օր անգամ մը կարաւաններ կ՛անցնին եւ առանց քաղաքը կենալու կ՛երթան դէպի հարաւ, Միջագետքի ճահիճները: Ֆռնուզ, Կապան, Ալաբաշ, ամբողջ Զէյթունը պարպուած է: Բոշնաք (Խմբ. Պոսնիացի) գաղթականները որջեր կը հաստատեն: Աննկարագրելի է թուրքերու խինդը: Աքսորականներու վրայ դրուած գազանութիւնները ոչ թէ պատմել, լսել անգամ գանկեր կը պայթեցնէ: Կիներ առեւանգել, կոյսեր պղծել, հայ տարազով ու անունով ծպտուած աղջիկներ խաբել, փախցնել եւ բռնի թրքացնել ամէնօրեայ եւ սովորական դէպքեր են» (30 Մայիս 1915):

«Հերթեւի կանանց մէջ եղան մայրեր, որ յուսահատութենէն իրենց ծծկերները Արաքսը նետեցին: Թահսինը կը չքմեղանայ ըսելով, որ հրամանը վերէն է… «Կը խօսուի որ Իթթիհատը կը պնդէ կոտորել կամ քշել:»… «Մուշէն ոչ մէկ լուր: Կը խօսուի կոտորածի եւ գրաւման մասին», (28 Յունիս 1915):

«Գերման-զուիցերիացի ուսուցիչ մը, որ Հալէպ կը պաշտօնավարէր Պոլիս հասաւ… ճամբան հանդիպէր է անհամար անթաղ դիակներու: Կը նկարագրէ տեղափոխուաղ բազմութեանց ահաւոր տառապանքները. այր չկայ, կիներ ու մանուկներ, որոնք կը խոշտանգուին վայրագօրէն… միայն ինք երեք յղի կիներ տեսեր է, որոնց միջոց չեն տուած հանգստանալու եւ որոնք ճանապարհին մեռեր են արիւնահոսութենէ:»… «Տրապիզոնի առաջնորդը Կարին ղրկեր են պատերազմական ատեանով դատելու… Առաջնորդը իր սենեակին լամբը վրան թափելով՝ անձնասպան եղեր է, որովհետեւ պահանջեր են ստորագրել թուղթ մը, այն իմաստով, թէ բանտի մէջ մեռածները բնական մահով մեռեր են:»… «Հիւսնի Մանսուրի եկեղեցին խուզարկելով Ս. Սկիհը նետեր են արտաքնոց, յետոյ ժանտարմաները շուրջառ հագեր եւ պատարագը կեղծեր են հայհոյելով Քրիստոսին, հայութեան եւ այլլն.: Քահանան բանտն է եւ ամէն օր կը խոշտանգուի», (29 Յունիս 1915):

«Զօհրապը մեռեր է Տիգրանակերտի ճամբուն վրայ: Հրէշային անպատկառութեամբ մը երէկ ներքին գործերու խորհրդականը թելեֆոնով հաղորդեր է տիկին Զօհրապին: …Տոքթ. Լեփս[իւս]ը ըսաւ, որ բանակին բոլոր հայ բժիշկները պիտի ձերբակալեն եւ կը հասկնանք ի՛նչ չարաշուք նպատակով: Անշուշտ մտաւորականութեան այս տարրն ալ պիտի փճացնեն այս կամ այն կերպով»։ Նոյն նամակէն՝ «Միայն ճամբորդներէ տեղեկութիւն առնուած է, որ Գարահիսարի սանճաքին եւ յարակից գազաներու հայ ժողովուրդը մեծագոյն մասամբ ջարդուած է: Մարզուանէն ալ 100-150 տուն թրքացած են:… Շ. Գարահիսարի առաջնորդն ալ կախած են», (21 Յուլիս 1915):

«Ինչ կը վերաբերի զուտ հայկական նահանգներու, Տիգրանակերտէն մինչեւ Երզնկա, Սըվազ, Պիթլիս, Կարին, եւ այլն, ժողովուրդը բոլորը կոտորուած է: Ամելէ թապուրներու մէջ առնուած երիտասարդները տեղն ու տեղը սպաննուած են, կիներ կամ առեւանգուած են կամ նոյնպէս սպաննուած են: Կոտորած եղած է այն հաշուով, որ այլեւս խօսք չի լինիր նոր ծնող հայ սերնդի մը: 1-2 տարեկան երեխաներ թուրք ընտանիքի մէջ առնուած են: Իսկ անկէ վեր մինչեւ ամէնէն ծերը ջարդուած են: Տեղին վրայ կոտորուած հայերու թիւը առանց չափազանցելու՝ 200,000ը կ՛անցնի, չհաշուելով տեղահանութեանց ընթացքին ոչնչացած հայերու թիւը: Այնպէս որ կարելի է ըսել, թէ այլեւս Հայաստանի մէջ հայ չկայ», (11 Օգոստոս 1915):

Ապա Միսաքեան կը փոխանցէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսէն քանի մը նամակներ:

«…աշխարհ տեսած չէ, եւ պիտի չտեսնէ այսքան արհաւիրք, այսքան թշուառութիւն եւ կարօտութիւն: Երուսաղէմի աւերը բախտաւորութիւն է հայութեան աւերակաց բաղդատմամբ: Կոտորած, բռնաբարութիւնք, երկսեռ մանուկներու անհետացում, անհամար առեւանգութիւնք, գեղդէմ կանանց, հարսներու եւ կոյսերու վաճառում, մինչեւ անգամ երեք մէճիտի», (19  Յուլիս 1915)։

Միսաքեան կը շարունակէ.

«Զաւէնեանը (Խմբ. պատրիարքը) անցեալ շաբաթ օր տեսնուեցաւ վարչապետին հետ՝ յայտնեց թէ հայերու կորուստը 500,000է աւելի է, չհաշուելով մանուկներու յափշտակութիւնը, կիներու բռնաբարութիւնը եւ այլն: Վարչապետը լռութեամբ մտիկ ըրած է եւ առանց պատասխանելու զարմացած՝ այն տպաւորութիւնը ձգեր է, թէ իր ձեռքը չի գտնուիր այս գործերու բանալին, եւ թէ ինքն ալ զգացուած է», (1 Սեպտ. 1915):

«Իզմիրի գերման հիւպատոսը, Պոլսոյ դեսպանատան դիմելով, խնդրած էր միջամտել հայերու դէմ կատարուած հալածանքը դադրեցնելու համար. դեսպանտունէն պատասխաներ են, թէ «Ստորին հայերուն համար պէտք չէ որ ինք միջամտէ», (13 Սեպտ.1915)։

Դիտարկում հինգերորդ. եւ այսպէս կը շարունակուի օրը-օրին բազմատասնեակ գերզգայուն տեղեկութեանց փոխանցումը արտասահման: Փաստեր եւ փաստաթուղթեր, որոնք նոր լոյս կը սփռեն օրին եղած միջամտութեանց, իշխանութեանց մտադրութեան, ոճիրին ահաւորութեան եւ դիտաւորեալ հայ ազգը բնաջնջելու այս ճիւաղային ծրագիրին ու գործընթացին վրայ. տուեալներ՝ որոնք մեր Դատի արխիւային բովանդակութիւնը իւրայատուկ կերպով կը հարստացնեն:

***

Միսաքեանի լրատուութեան այս հոսքը վերջնականապէս կը խափանուի 16 Մարտ 1916ին, երբ Պոլսոյ մէջ Պուլկար դեսպանատան բարապան Վլատիմիր Տիմիթրեւի մատնութեամբ, ան դաւադրաբար կը ձերբակալուի: Շուրջ երկուքուկէս տարի հարցաքննութեանց եւ չարչարանքի ենթարկուելէ, անձնասպանական փորձ մը ընելէ, դատավարութեան եւ դատավճիռի ենթարկուելէ ետք, պատերազմի աւարտին, Դաշնակիցներուն՝ Պոլիս մուտքէն ետք ազատ կ՛արձակուի: Բուն հետաքրքրաշարժ բաժինը սակայն այլ տեղ է:

Առաջին. 1930ական թուականներուն, Միսաքեանը օրին, Պոլսոյ մէջ հարցաքննող թուրք ոստիկանապետ Ալի Ռիզա «Զաման» թերթին մէջ կը հրատարակէ իր յուշերը, որոնց մաս կը կազմէ «Ալի Ռիզայի Յուշերը, Ինչե՜ր Տեսայ Ինչե՜ր Անցուցի Ոստիկանական Կեանքիս մէջ (Շաւարշ Միսաքեանի Ձերբակալութիւնը)» խորագիրը: Միսաքեան, տեղեկանալով այս մասին, նաեւ հոն նշուած անճշդութիւններուն՝ Փարիզի իր խմբագրած «Յառաջ» օրաթերթին մէջ, 5 Մայիս 1935էն սկսեալ կը հրատարակէ հատորի մը ծաւալով «Տերեւներ Դեղնած Յուշատետրէ Մը» գրութիւնը: Ոստիկանական խիստ հետաքրքրական ժապաւէնի մը համազօր այս գիրքը (նաեւ հայերէնի կողքին վերջերս հրատարակուած Ֆրանսերէնով) թելադրելի է ընթերցել:

Երկրորդ. աւելի նշանակալիցը՝ Եզիտ Արշակ, Մշեցի, օրին բանտարկուած է այնտեղ, ուր Շաւարշը եւս կալանաւորուած է Պոլսոյ մէջ: 1918ի զինադադարէն ետք, Մերճանոֆ (առժամեայի Մերճանոֆը) Արշակը կը կանչէ եւ կը յանձնարարէ ահաբեկել մատնիչ Տիմիթրեւը: Եզիտ Արշակ ձեռնհասօրէն կը կատարէ պատուէրը. Միսաքեանի եւ շատ մը այլոց մատնիչը ոչ եւս է:

Դէպքերու զուգադիպութեամբ մը, իբրեւ ուսանող, 1956-1958 Պելճիքա գտնուած օրերուն, Երուանդ Փամպուքեան կը տեղեկանայ, որ նոյնպէս Պելճիքա բնակող Եզիտ Արշակ «ցանկութիւն ունէր հօրը, ինչպէս նաեւ իր սեփական յուշերը գրի առնել տալ մէկուն, եւ այդ մէկը կ՛ուզէր որ ես ըլլայի», կ’ըսէ ան: Փամպուքեան կը դիմէ Միսաքեանին, որ իր կարգին կը թելադրէ Արշակին յուշերը գրի առնել «իբրեւ նիւթ պատմութեան համար»: Ահա հո՛ս է, որ Եզիտ Արշակ կը պատմէ, թէ ինչպէս բանտին մէջ ականատես եղած էր Միսաքեանի անձնասպանական փորձին, թէ ինչպէս կը սպրդի անոր բանտի սենեակը ստուգելու համար որ ան ողջ է, եւ կը «փութայ վարը սպասող ընկերներուն՝ աւետելու Միսաքեանի ողջ ըլլալու լուրը»: Ապա, արդէն նշեցինք վերեւը, Արշակ Միսաքեանի մատնիչ Տիմիթրեւը կ՛ահաբեկէ:

***

Լիբանանի պատերազմի նախորդող տարիներուն նամակատան colis-ով կը ստանայինք «Յառաջ»ի թիւերը, շաբաթական օրինականութեամբ: Հօրս՝ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի հայ մամուլի խնկարկու-մասնագէտ-մատենագէտ հանգամանքովը միայն բնական էր, որ «Ազդակ»ի կողքին մեր տան մէջ, նաեւ ըլլար Փարիզի «Յառաջ»ը: Արփիկ Միսաքեանն էր, որ կը խմբագրէր զայն, 1957ին մահացած իր հօր՝ Շաւարշի փոխարէն եւ հայրս Արփիկին հետ ունէր ծաւալուն գրական-մշակութային փոխանակումներ: Սակայն զարմանալիօրէն մի՛շտ Շաւարշն էր, որ ներկայ էր մեր տան մէջ: Փարիզ հաստատուիլ, օրաթերթ հրատարակել, լման սերունդ մը գրողներու, հրապարակագիրներու, հայրենիքի կարօտով տոգորուած հայ գիրի սիրահարներու, ո՛չ թէ միայն քով-քովի բերել, այլ անոնց թռիչք տալ եւ ապրեցնել…։ Ահա՛ այդ էր պատճառը, որ Շաւարշին անունը անընդհատ կը հոլովուէր մեր մօտ:

Սակայն, Փամպուքեանի խմբագրած այս հատորը լման նոր լուսարձակի տակ կը դնէ Շաւարշ Միսաքեան մարդուն իւրայատուկ այս կերպարը: Խմբագիրը, քաղաքական գործիչը, «Նեմեսիս» հասկացողութեան Պոլսոյ օրերէն իսկ յղացք ունեցողը, վրիժառուն, սակայն յատկապէ՛ս այս հատորի իր «Նամականի»ով Հայոց Եղեռնի «Առաջին Վաւերագրողը», յիրաւի՛ Երուանդ Փամպուքեանի բնութագրութեամբ: Գրեթէ անհաւատալի, բայց իրաւ:

***

Վերջապէս, Փամպուքեանի հաստատումով «…Մեծ Եղեռնը վաւերագրող այս փաստաթուղթերը կը գտնուին Պոսթընի (Ուոթրթաուն) ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական արխիւատան մէջ (թղթածրար թիւ 882): Ան նաեւ կը հաստատէ, որ այս «Նամականի»ն, որ կը կազմէ այս հատորին կէսէն քիչ մը աւելին, «Մեծ Եղեռնին վերաբերող բազմաթիւ այլ փաստաթուղթերու հետ միասին, լոյս տեսաւ 2016ին, մեր խմբագրած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» շարքի ԺԲ. հատորին մէջ»:

***

Սեպտեմբեր 2018ին, քանի մը օրով կը գտնուիմ Պէյրութ: Նոր ամբողջացուցած ըլլալով ընթերցումս, մեծ խանդաղատանքով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ընկեր Երուանդին, եւ տպաւորուած ըլլալուս հանգամանքը անձնապէս փոխանցել իրեն: Կը ժամադրուինք Մըզհերի Ճեմարանը եւ շուրջ ժամ մը կը խօսինք: Աւելի ճիշդ ես է որ կը խոկամ ու կ՛անդրադառնամ իր ներկայութեան՝ այս մարդուն, Շաւարշ Միսաքեանի եզակի տիպարին մասին: Ան լու՜ռ մտիկ ընելով՝ գլուխը կը շարժէ, առ ի հաստատում իմ տպաւորութիւններուս: Գոհունակութիւն մը կը պատէ զիս այդ պահուն, որ բաւական լաւ կրցեր եմ ծանօթանալ իմ աննմա՛ն նախնիներէն ազգային յատուկ գործիչ, Դաշնակցական ղեկավար Շաւարշ Միսաքեանին:

Կը թելադրեմ կարդալ գիրքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.