«Ինը հայեր»

Ոչ միայն ինը հայեր, այլ աշխարհով մէկ սփռուած ազգ մը ամբողջ։

Սերունդէ-սերունդ փոխանցուող այդ անտեսանելի շղթան՝ հայ մնալու խոր զգացումը, մեր նախնիներու հոգիներէն բխած անշէջ կրակ մըն է։ Ան այսօր ալ վառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, ինչպէս որ եղեռնի յուշերը՝ թարմ ու անխախտ են մեր յիշողութեան մէջ։

Այս բոլորը մեզի կը պարտադրէ չմոռնալ, չլռել եւ պահանջել։

Մենք ցիրուցան եղած բուռ մը ժողովուրդ՝ դարձեալ կը մագլցինք կեանքի փշոտ պատերէն, օտար հողերու վրայ արմատ նետելով՝ կը պայքարինք, որպէսզի չկորսնցնենք մեր ինքնութիւնը, կը կառչինք մեր լեզուին՝ որպէս հիմք մեր գոյութեան եւ կը ջանանք «Հայ» անունը բարձր պահել օտարներու դիմաց։

Այս մտքերուն մէջ կորսուած, ժպիտիս ու ներքին վշտիս միջեւ տատանելով կը դիտէի «Ինը հայեր» թատերգութիւնը, որ պարզ ներկայացում մը չէր, այլ յիշողութիւններու կենդանի սպի մը եւ միաժամանակ ակնարկ մը ներկայ իրականութեան։

Շաբաթ, 18 եւ կիրակի, 19 ապրիլին, «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի դերակատարներուն նուիրումով եւ բեմադրիչ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի տքնաջան աշխատանքով, այս պատմութիւնը նոր շունչ առաւ բեմին վրայ։

Հեղինակը՝ Լեզլի Այվազեան, իր ստեղծագործութեան միջոցաւ կը բանայ երեք սերունդներ ընդգրկող, եօթը անդամներէ բաղկացած հայ ընտանիքի մը դուռը, որուն պատմութիւնը կ՚ամբողջանայ անոնց երկու հարազատներով՝ կազմուելով «Ինը հայեր»-ը ։

Ընտանիքին մեծ հայրը՝ ժամանակի բարդութիւններու դէմ կանգնած, իր արմատներուն հանդէպ ուեցած սէրն ու յարգանքը սրտին մէջ պահելով եկած եւ հաստատուած էր Նիու Ճըրզի։

Ան իր կեանքը նուիրած էր հայ գրականութեան, գիրքեր գրած էր, որ յետ մահու պարծանք դարձան իր կնոջ, զաւկին եւ թոռներուն։

Ան իր հօրը հետ մէկ գիշերուան ընթացքին Կեսարիոյ մէջ եկեղեցի կառուցած էր, իր խորանով, արեւմարէն մինչեւ արեւածագ աշխատելով, սակայն երեքուկէս պատ կրցած էին պատել միայն, եւ երբ արեւը ծագած էր, կառուցումը դադրած էր, որովհետեւ թուրքերը արգիլած էին պաշտամունքի շէնքեր շինել։ Այդ կիսաւարտ պատերուն ներքեւ ան քարոզներ տուած էր՝ պահպանելով հաւատքն ու ինքնութիւնը։

Անշուշտ բոլոր դերակատարները ունէին իրենց առանձնայատուկ գիծերը, սակայն իմ ուշադրութիւնս յատկապէս գրաւեց Անին՝ Վարդանի առաջին թոռնուհին։

Ան երիտասարդուհի մըն էր, որուն երակներուն մէջ կը բաբախէր հայրենիքի տենչը։ 1992- թուականին, Հայաստանի անկախութենէն անմիջապէս ետք, ան կը մեկնի հայրենիք, կը տեսնէ ոչ միայն ազատութեան բերկրանքը, այլ նաեւ կեանքի դառնութիւնները։ Կ՚ապրի այդ ծանր իրականութիւնը իր ամբողջ էութեամբ։ Իր բաճկոնը հանելով կու տայ սառած իր հայրենակիցին, ինքն ալ ցրտահարուած ըլլալով հանդերձ… նամակ կ՚ուղարկէ իր ընտանիքին, որ սոսկ թուղթ մը չէր, այլ անոր խտացուած արցունքները։ Այդ տողերուն մէջ կը թրթռար կեանքի խաւարը, առանց լոյսի գիշերները, առանց վառելանիւթի ցուրտ բնակարանները, թիթեղեայ տուներուն մէջ ապրող հայերու ցաւը, ամէն օր բազմացող գաղթականներուն թիւը… կը գրէր Անին, ու անոր ամէն մէկ բառին մէջ սիրտը քիչ մը աւելի կը փշրուէր իր հայրենակիցներուն տուայտանքով։ Ան լացաւ… ու իր լացը հասաւ մօրն ու մեծ մօրը։

Ան իր հետ հայրենիք տարած էր մեծ հօր աճիւնը, կ՚ուզէր Հայաստանէն Թուրքիա անցնիլ եւ իր մեծ հօր աճիւնը Կեսարիոյ մէջ ամփոփել։ Սակայն այդ ցանկութիւնը չիրականացաւ. օդակայանին մէջ անոր ձեռքէն խլուեցաւ այդ սրբազան բեռը, զոր ինք կռնակին կրելով հասցուցած էր Հայաստան։

Անին կը դառնայ խիզախ հայուհիի տիպար մը։ Ան մեզի կը ստիպէ մտածել, թր արդեօ՞ք մենք ալ կը զգանք ու կ՚ապրինք մեր հայրենիքի ներկայ վիշտը, կը մտածե՞նք անոր ապագային մասին, կ՚օգնե՞նք կարօտեալ հայու մը։

Հայ մնալը սոսկ անուն չէ։ Ան խղճի պարտք է՝ նուիրում, լեզուի պահպանում, յիշողութիւն եւ պատասխանատուութիւն։ Եւ ամենակարեւորը ան կոչ է հաւատարիմ մնալու մեր նախնիներու կտակին եւ այդ ոգին փոխանցելու գալիք սերունդներուն։

Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը, մաղթելով որ անոնց բեմը միշտ առլցուի կեանքով, իմաստով եւ հայկական ոգիով։

Մայտա Մանուկեան
«Հորիզոն»

Լուսանկարները՝ Արա Սամսոնի