ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ». Ը․ – Աւանդութիւն

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․

Ը․ – Աւանդութիւն

Կը մէջբերեմ ամբողջ պարբերութիւն մը․ «Աւանդութի՞ւն․ ի՞նչ աւանդութիւն։ Մենք Սփիւռքի մէջ, աւանդութիւն-մաւանդութիւն չունինք․ մենք բանապաշտ, իրատես, քաղաքակրթուած, քոսմոփոլիթ, համալսարան աւարտած արհեստագէտ (արուեստագէ՞տ – ԳՔ) մարդիկ ենք: Բայց նաեւ՝ գիտենք մեր կարողութեանց սահմանները, ու կը հասկնանք՝ ինչո՛ւ հայ ըլլալը մեր պատմութեան “courant d’air”ին ուժեղ զօրութեան, թափին ու հմայքին յանձնուիլ ալ է։ Արուեստի գործ մըն է հայ ըլլալը», գրած է Վ․ Օշական («Տպաւորութիւններ», Տ)։

Այսպէս, ըստ իր ոճին, հաստատման սեմին՝ խնդրայարոյց պատասխան մը, որ թիւր տպաւորութիւն մը կը ձգէ, եւ կարծել կու տայ, թէ ինք մերժող մըն էր աւանդութեան։ Բայց սեմին դատողական հակազդեցութիւն մը՝ կ’անտեսէ մնացեալ ըսուածը։ Քաղաքայնութիւնը՝ բանապաշտութիւն է (կը կարծեմ՝ բանապաշտութիւն մըն է – միջնադարեան վանք-համալսարանները բանապաշտութիւններ մշակեցին, յատկապէս արեւմուտքի մէջ, որուն աստուածաբանութիւնը շեշտակի բանապաշտութեամբ մը բանեցաւ։ Մեր մօտ այդ ուղղութեան իւրացնող մըն էր Գրիգոր Տաթեւացին): Է իրատեսութիւն (կը կարծեմ՝ իրատեսութիւն մը – վերջ ի վերջոյ, «իրատեսութիւն» համարուածը՝ փորձառութիւն մը եւ մեկնաբանութիւն մըն է)։ Է ըստ քաղաքային պայմաններուն կրթուածութիւն։ Է աշխարհաքաղաքացիութեան գիտակցութիւն (կը կարծեմ՝ քիչ մը շատ ընդհանրացում է․ սփիւռքահայութեան բոլոր անդամներն ու անդամուհիները կարելի չէ այն գիտակցութեան ենթարկուողներ, կամ ստանձնողներ ճանչնալ)։ Է համալսարանական ուսումնառութեամբ զարգացածութիւն (կը մտածես՝ թէ որքան ալ որ մէկը ուսեալ ըլլայ՝ իր ուսումը աւանդութիւն մը իւրացնելու աշխատանք է. օրինակ՝ իր համալսարանական ուսումնառութեան աւարտին, իր դոկտորական թեզը նուիրեց Արեւմտահայ վէպին․ զայն ընդգրկեց՝ թէ համաձայն իր ուսման աւանդութեան, թէ ալ՝ հայ աւանդութիւն մը իւրացնելու համար)։ Հետաքրքրական է, որ քաղաքայնութեան այս յատկանիշները նշելէ յետոյ, հայ ըլլալու մասին երբ կը խօսի՝ մեր «պատմութիւն»ը կը փոխաբերէ իբրեւ «courant d’air», զոր կը բացատրէ իբրեւ ուժեղ, թափով եւ հմայքով հովի զօրութիւն մը, այնպիսին՝ որուն կը յանձնուի նոյնիսկ բանապաշտը, իրատեսը, քաղաքակրթուածը, քոսմոփոլիթը, համալսարան աւարտածը։ Եւ յանձնուելով է, որ, ինչպէս արուեստագէտ մը, կը ստեղծէ իր հայու ինքնութիւնը։ Պատմութիւնը, որուն կ’ակնարկէ, իսկական աւանդութիւնն է։ Ինքնին՝ այս հակասականութիւնը կը թելադրէ, որ աւանդութիւնը կարեւոր է։ Անշուշտ՝ ո՛չ «աւանդութիւն-մաւանդութիւն»ը։ Մինչ իսկական աւանդութեան յանձնուիլը այնքան որ կարելի է՝ գիտակցութիւնը կը պահէ, «աւանդութիւն-մաւանդութիւն»ին յանձնուիլը՝ կատարեալ անգիտակցութիւն մըն է։ Գիտակից յանձնուողներն են, որոնք իրենց ինքնութիւնը կերտելու օրէնքներն ու կանոնները կը սորվին, եւ ի վիճակի կ’ըլլան բնակելով այժմէութեան մէջ՝ ստեղծելու նոր ինքնութիւնը։

Իսկական աւանդութիւնը բիւրեղացումն է «դարերու իմաստութեան եւ փորձառութեան» (ՍԻՏ)։ Ուստի, իր ինքնութեան արուեստագէտը՝ կ’ընդառաջէ այն իմաստութեան եւ փորձառութեան, անոնց ունկնդիր կ’ըլլայ այնպէս՝ ինչպէս ունկնդիր կ’ըլլայ իր ներկայ կացութեան։ Որովհետեւ գիտէ, թէ առանց ունկնդիր ըլլալու անոնց՝ «շատ բան չի կրնար ընել» (նոյն)։ Անոնց բաղադրիչներն են՝ լեզուն, եկեղեցին, հարենիքի սէրը եւ հայու ինքնութիւնը․ ասոնք «գլխաւոր սիւներ»ն են («Պարիսպներ Եւ Բաց Դռներ», ՊԲԴ)։ Լեզուով կը հասկնայ այն ամբողջ գրականութիւնը՝ որ մշակուած է, նաեւ՝ բանահիւսութիւնն ու ժողովրդային բարբառները։ Եկեղեցիով կը հասկնայ՝ կրօնական զգայարանքը, որ աւելին է քան ամբողջութիւնը հաւատալիքներու․ անիկա հայութեան «հոգեկան հայրենիք»ն է, պիտի ըսէի՝ հետեւելով Գարեգին Կթղ․ Յովսէփեանցի՝ «հոգեւոր հայրենիք»ն է, երկիրը ստեղծագործ հոգիին ու մտքին։ Հայրենիքի սէրով կը հասկնայ՝ ո՛չ թէ լոկ հողին սէրը, այլ՝ աւելի անդին՝ յանձնառու «արմատի, հիմի, սկզբնատիպարի գաղափարը» (ՍԻՏ), որ «երեւակայութիւն» կու տայ, եւ ծրագրել կը ներշնչէ, նաեւ՝ կազմակերպուիլ (ՄՀ), եւ ոչ թէ գերին դառնալ պատմութեան դէպքերուն անդոհանքին։ Հայու ինքնութիւնով կը հասկնայ՝ բարոյական կորովը, թէ «անպարտելի ենք» պարտութիւններով եւ կորուստներով հանդերձ, որովհետեւ «մենք ենք մեր հողը եւ բարոյական հայրենիքը․․․մեր արժէքը վեր է ամէն կործանումէ» (նոյն)։ Եւ այն արժէքը «ներքին» յեղափոխութիւն կը պահանջէ․ հրաժարիլ «հանգիստ ու դիւրին կեանքի վարժուած» մտայնութենէն, եւ «հզօր ճիգ մը» գործադրել մենք մեզ փոխելու համար», ու գործելու կարողութեանց բարձրագոյն մակարդակով (նոյն)։

Վ․ Օշական խռովարարաբար պատկերագրած է «ական» մը, որուն անունը «Օծում» է (տե՛ս «Թակարդին Շուրջը» գիրքը)։ Իր «Յոբելեանի Մը Առիթով» յօդուածաշարքին մէջ, ատոր մասին իր անդրադարձը․ «․․․կոչ մըն էր նետուած ամէն հայու՝ արթննալու եւ քննելու իր ներսի անձը, եւ չափելու, թէ ինք ո՞ր չափով պատրաստ էր տէր կանգնելու իր ազգային սրբութիւններուն (այս “սրբութիւն” բառը պէտք է որ չակերտներու մէջ առնուի, որպէսզի մարսելի ըլլայ մեր օրերու արթուն, մշակուած ու նոր միտքերու կողմէ), որ այս պարագային՝ եկեղեցին էր։ Դժբախտաբար, իր նպատակին չհասաւ գրութիւնը, ու հանրութիւնը ազդուած քանի մը հիւանդ ու տկար միտքերէ՝ իր ուշադրութիւնը դարձուց երկրորդական մանրամասնութիւններու վրայ ու չտեսաւ մեծ պատկերը»։ Ապա քանի մը խօսք կեդրոնական կերպարին համար, որ է տ․ Աւետիսը։ «Աւետիսը չէր գիտեր, թէ ի՞նչ հերոսական էր իր արարքը, ինչ ուժեր զինք կը մղէին առաջ եւ ինչու ինք աւելի հզօր էր քան երիտասարդները, բայց ոչ՝ աւելի վաւերական։ (…)։ Տ․ Աւետիսը տիպարն է այն հայուն, որ գիտէ՝ թէ կրօնքին Աստուծմէն եւ մշակոյթի Լոկոսէն աւելի հզօր ուժ մը կայ․ Կեանքին Ուժը՝ որ կը ղեկավարէ մարդկային ճակատագիրը։ Իր պատարագը անոր ըրեր էր, որովհետեւ հայ ժողովուրդին խորագոյն իմաստութեան հետ հաղորդ՝ ինք այդ ուժը միայն կը ճանչնար եւ անոր միայն կը վստահէր»։ Եւ տ․ Աւետիսէն ետք՝ քանի մը խօսք երէցկնոջ մասին․ «Երէցկինին լոյսը վառելն ալ պատմական արարք մը չէ, այլ կը պատմէ մեր ազգային մշակոյթի հոլովոյթին մէջ։ “Օծում”ը կ’ուզէ շեշտել, թէ կինն է գլխաւոր դերակատարը մեր մշակոյթին պաշտպանութեան եւ փոխանցման մէջ»։ Այս անդրադարձը Վ․ Օշականի մեկնաբանութիւնն է, որ պարզաբանութիւն մըն է իր մտքին, իր ցանկացած ու իրեն ցանկալի մտքին։ Սակայն, ըստ իս, տակաւին մեկնութիւններ կը մնան։ Մեկնութիւն մը իմ կողմէ։

Տ․ Աւետիսը տիպարն է եկեղեղւոյ, ուստի՝ «հոգեւոր հայրենիք»ին կամ իր բացատրոյթով՝ «հոգեկան հայրենիք»ին։ Ան, ուերմն, տիպար մըն է հայ ինքնութեան չորս սիւներէն մէկուն, ուստի եւ՝ հայ աւանդութեան չորս սիւներէն մէկուն։ Թէեւ ինք այն սիւներու շարքին մէջ մշակոյթը չէ յիշած, բայց երբ ի մտի ունենանք իր մտքերը ինքնութեան ձեւաւորման մասին, ապա դժուար չ’ըլլար հասկնալ, թէ մշակոյթն ալ աւանդութեան «սիւն» մըն է, ի շարս գլխաւոր համարուած միւսներուն։ Հետեւաբար, թէ՛ տ․ Աւետիսը եւ թէ երէցկինը աւանդութեան երկու սիւները կը խորհրդանշեն։ Հակառակ «ահաբեկիչ»ներուն խռովարարութեան՝ աւանդութեան «սիւն»երը կը յաղթեն, եւ ոչ միայն կը յաղթեն, այլեւ լոյս կը վառեն․ չմոռնանք, որ տ․ Աւետիսը եւ երէցկինը մէկ մարմին են։ Ոչ աւանդութիւն-մաւանդութիւնը, այսինքն այն՝ որ նուազագոյնը անտեղեակութիւն մըն է, այլ աւանդութիւնն է, որ լուսատու է անոնց համար՝ որոնք անոր կը մերձենան։

Սփիւռքի մշակութային վիճակը «երաշտ»ի մէջ է․ մշակութային աւանդումը չի գործեր։ Հայաստանէն արտածուած «համատարած ֆոլքլոր» մը՝ ամէնուր (ՀՄՕ), աւելի ճիշդ՝ ֆոլքլորի մէկ-երկու տարր։ Երբ մշակութային աւանդումը չի գործեր՝ աւանդութիւնը ընդհանրապէս չի գործեր, այսինքն՝ նորէն չի խօսուիր։ Ուրեմն, ան«պատուանդան» բարքի մը մէջ է Սփիւռքը, որ չի գիտակցիր՝ թէ աւանդութիւնը «պատուանդան» մըն է, «որուն կը դոփէ մարդ իր ոտքը՝ սլանալու համար դէպի անծանօթը», ու իր նոր ինքնութիւնը կերտէ (ՍԻՏ)։