Ի՞նչ կը շահի Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը դաշնակցական սփիւռքահայերու Հայաստան մուտքը արգիլելով
ՄՇԱԿ
Ի՞նչ կը շահի Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը դաշնակցական սփիւռքահայերու Հայաստան մուտքը արգիլելով: Նոյնիսկ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ անցանկալի անձ յայտարարելու գործընթաց քաջալերուած ու ընդունելի երեւոյթ մը չէ, ալ ո՜ւր մնաց` ներազգային հարցերուն մէջ եւ յատկապէս համազգային ու համաշխարհային մակարդակի վրայ գերլարուած այս օրերուն: Հետեւաբար, ինչո՞ւ կրակին վրայ իւղ կը թափէ Փաշինեանը եւ նման արկածախնդրութեան կը դիմէ` քաջ գիտնալով, որ ինք առաւել կը վտանգէ արդէն իսկ վստահութեան եւ համագործակցութեան լուրջ անկում ապրած Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները: Այստեղ փակագիծ մը բանալով պէտք է նշել, որ հայրենազրկուածներուն քաղաքական-կուսակցական պատկանելիութիւնը թերեւս հիմնական գործօն է նման որոշումի հասնելուն մէջ, սակայն երեւոյթը պէտք է աւելի լայն, համասփիւռքեա՛ն եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ծիրին մէջ դիտարկել ու ուսումնասիրել: Ժամանակաւոր եւ երկարաժամկէտ ի՞նչ «ձեռքբերումներ» կ՛ակնկալէ նման արմատական քայլ մը:
Ա.- Փորձել վախցնել սփիւռքի ընդդիմադիր ձայները, իսկ սփիւռքի լուռ ու կրաւորական զանգուածին յստակ պատգամ յղել, որ իրենք ալ նման կարգադրութեան կ՛արժանանան, եթէ յանկարծ բողոքեն: Այստեղ պէտք է յստակացնել, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ո՛չ մէկ ատեն պետական խորհրդանիշ կը մարմնաւորեն ու չե՛ն կրնար մարմնաւորել ալ: Իրենք պարզապէս ժամանակաւոր ներկայացուցիչներ են, իսկ որեւէ իշխանութեան ներկայացուցիչներու նկատմամբ բողոքելը, ցոյց կազմակերպելը, ընդդիմանալը մարդկային կարեւոր իրաւունք ու նաեւ պարտաւորութիւն է: Համազգային աղէտ ու ողբերգութիւն պատճառող ու պետական կործանումի տանող ղեկավարին դէմ սփիւռքի մէջ բողոքելը նուազագոյն քայլն է, որ որեւէ սփիւռքահայ իրաւասու է առնելու: Հետեւաբար այն խօսքերը թէ օտար հողի վրայ Հայաստանի ընտրուած վարչապետին դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելը խայտառակութիւն է, մեղմ ըսած` երեսապաշտութիւն է, որովհետեւ բողոքին տուն տուող պատճառները այնքա՜ն կործանարար ու վտանգաւոր են, որ բողոքին աշխարհագրական տեղը (այս պարագային` վարչապետին օտար հողի վրայ ըլլալը) իսկապէս երկրորդական ու անկարեւոր կը դառնայ: Ինչ կը վերաբերի ընտրուած ըլլալու յանկերգին, ժողովրդավարական տարրական ըմբռնում է, որ ընտրուած ըլլալը բացարձակապէս լիազօրութիւն չի տար իշխանութեան մը ազգասպան ու պետականակործան քաղաքականութիւն վարելու, հետեւաբար բողոքն ու ընդդիմութիւնը (հայրենիքի մէջ թէ դուրս) արդար է ու իրաւացի: Միւս կողմէ` պէտք է հաստատել, որ բողոքի ընթացքին բռնութիւնը դատապարտելի ու անընդունելի է, սակայն այս պահուն հայրենազրկուած սփիւռքահայերը ո՛չ բռնութիւն գործած են իրենց գործողութիւններուն մէջ ու ո՛չ մէկ դատաիրաւական գործընթաց որդեգրուած է զանոնք մեղադրելու իմաստով: Հետեւաբար սփիւռքահայերը ՀՀ-ի մէջ անցանկալի անձինք յայտարարելը իրաւականօրէն անհիմն, անկարեւոր ու անհամաչափ է: Աւելի՛ն. անիկա յստակ բռնապետական ու մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտում է: Բռնապետին նամակը մէկ է` երկրէն ներս ընդդիմադիրները կը հալածուին, անհիմն կը բանտարկուին, դատի ժամանակ կը մահանան, իսկ երկրէն դուրս Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող ընդդիմադիրներուն մուտքը կ՛արգիլուի:
Բ.- Վախի եւ հալածախտի կառավարում: Վախէ ու հալածախտէ տառապող իշխանութեան ներկայացուցիչները հանգստացնելու աժան միջոց մըն է նաեւ ընդդիմադիրներուն Հայաստան մուտքը արգիլելը:
Գ.- Հայաստան մուտքի արգելքի սեւ ցուցակը մեծ հաւանականութեամբ երկար է, սակայն այս պահուն դրութեամբ, երեք հայրենազրկուածները երեք կարեւոր շերտեր կը ներկայացնեն սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Մուրատ Փափազեանը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամի կարգավիճակով` ղեկավար տարր, Մասիս Աբրահամեանը Հոլանտայի Հայ դատի ատենապետութեան հանգամանքով` հասարակական-ազգային գործիչ, ու Սիւնէն իր հայաստանակեդրոն ու ազգանուէր գործունէութեամբ եւ ոգիով` երիտասարդ տարր: Սփիւռքի մէջ զիրար ամբողջացնող պետականամէտ ու հայանուէր եռեակն է թիրախը, զոր իշխանութիւնը կը փորձէ հարուածել: Հոգեպէս եւ բարոյապէս ցաւցնել եւ տկարացնել փորձել սփիւռքի ընդդիմադիր ձայները, որոնց ամէնէն զգայուն լարը հայրենիքն է: Պատկերացուցէք Սիւնէին ներաշխարհը: Պատկերացուցէք` կամաւորական գործի համար ուզէք մտնել հայրենիք, կա՛-մա՛-ո՛-րա-կա՛ն գո՛րծ դէպի վիրաւոր Սիւնիք, Երեւանէն ժամեր հեռու, եւ` ո՛չ խնճոյքի ու պտոյտի, բայց չկարենաք հայրենիք մտնել…
Դ.- Ազրպէյճանն ու Թուրքիան հանգստացնել, որ իշխանութիւնները ամէն ջանք կը թափեն սփիւռքի եւ Հայաստանի ընդդիմադիրներուն եւ ազգային ուժերուն ձայները լռեցնելու: Վկան Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան Մուրատ Փափազեանի մուտքը արգիլելը ողջունելու յայտարարութիւնն է: Հեգնական իրողութիւն է, որ Փափազեանը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանէն ետք Հայաստան մտնելու արտօնութիւն չունի այսօր: Յստակ պատգամ փոխանցել, որ իշխանութիւնը կը չէզոքացնէ բոլոր այն ուժերը, որոնք դէմ են պետականութեան կործանման, նոր հայաթափութեան եւ պատմական իրաւունքներու վերատիրացման ու արդարութեան հաստատման հաշուոյն Թուրքիոյ հետ սիրաբանելուն: Այսպիսով, թերեւս բարենիշ մը շահիլ եւ կամ ի սկզբանէ ձախողութեան մատնուած բանակցութիւններուն մէջ խաղաքարտ մը ձեռք ձգել:
Ե.- Ցոյց տալ, որ իշխանութիւնը իր սեփական աթոռը պահելու համար պատրաստ է ամէն քայլի դիմելու: Պարզ է` իր ապիկար ու հայրենադաւ քաղաքականութեան պատճառով հինգ հազար զոհի, Արցախի մեծամասնութեան կորուստին, տարածքային գերիշխանութեան անկման, արտաքին յարաբերութիւններու տապալման եւ այլ ռազմավարական կոպիտ սխալներու հիմնական պատասխանատուն, փոխանակ հեռանալու, պիտի չվարանի իր իշխանատենչութիւնը երկարաձգելու ու ամրագրելու համար որեւէ քայլի դիմելու:
Զ.- Բաւարարել իշխանութեան հետեւող զանգուածներուն եւ հակադաշնակցական մոլուցքով գինովցած շրջանակներուն կարիքները` նման ամբոխավարական քայլերով: Փորձել հեղինակազրկել պատմական եւ ու մանաւանդ ներկայ համահայկական տարողութիւն ունեցող այն հազուագիւտ ուժերէն մէկը ու սահմանափակել անոր գաղափարական ազդեցութիւնը:
Է.- Շեղել հանրութեան եւ ընդդիմութեան ուշադրութիւնը` շատ աւելի կենսական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներէ, ինչպէս, օրինակ, Հայաստանի բանակին տարհանումը Արցախէն:
Ը.- Խեղաթիւրել գաղափարական մեծ արժէք ունեցող այն հասկացողութիւնը, որ Հայաստանը ինքզինք հայ սեպող բոլոր մարդոց տունն ու հայրենիքն է, անկախ անկէ, թէ անոնք կը կրե՞ն Հայաստանի քաղաքացիութիւն, թէ՞ ոչ, այդպիսով խոր յուսալքութիւն ստեղծել քաղաքացիութիւն չունեցող ազգութեամբ հայ օտարերկրացիներուն մօտ: Պէտք է շեշտել, որ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները քաղաքացիութիւն ունենալ-չունենալով չեն պայմանաւորուած, ու բնաւ այս նեղ չափանիշին մէջ պէտք չէ սահմանափակուիլ, ինչպէս որ ոմանք կը փորձեն արդարանալ: Համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներուն մէջ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, անկախ անկէ` Հայաստանի քաղաքացի՞ է, թէ՞ ոչ, իր ըսելիքն ու մանաւանդ ընելիքը ունի, պէ՛տք է ունենայ: