Ի՞նչ էին Հայկական բանակին 2018–ի առանցքային ձեռքբերումները

Հայկական բանակին, ինչպէս նաեւ ընդհանուր առմամբ երկրին համար 2018 թուականը բաւական հետաքրքրական տարի էր։ Քաղաքական գործընթացները իրենց անդրադարձը ունեցան նաեւ Զինեալ Ուժերուն վրայ, մարտունակութեան յետագայ ամրապնդման առումով։ Այս մասին կը հաղորդէ Սփութնիք Արմենիան։

Ռազմական փորձագէտ Լէոնիդ Ներսիսեանի կարծիքով` իշխանափոխութենէն ետք բանակին արդիականացման եւ զինման ծրագիրները մասամբ վերանայուեցան, բայց Զու (Զինեալ Ուժեր) զարգացումը ընդհանուր առմամբ ընթացաւ տրամաբանական ընթացքով։ Իսկ փոփոխութիւնները աւելի դրական էին։

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան Յունիսին ըսաւ, որ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին գործօն օդատորմիղ ստեղծման հարց պէտք է դրուի։ Զուգահեռաբար բոլոր այս ամիսներուն ընթացքին մամուլի մէջ քննարկուեցաւ ռուսական Սուխոյ-30 կործանիչներ ձեռք բերելու հնարաւորութիւնը։ Իսկ Դեկտեմբերի սկիզբը նախարարը յայտարարեց, որ յառաջիկային համապատասխան համաձայնագիր պիտի ստորագրուի։

«Գործարքն իսկապէս մօտ էր ստորագրմանը։ Հիմա մնում է միայն կռահել, թէ ինչ է տեղի ունեցել, քանի որ դրա վերաբերեալ պաշտօնական տեղեկութիւն չկայ։ Բայց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնում ոչ ոք չի հերքում, որ Սուխոյ-30-ի մասին վերջնական որոշումն արդէն կայացուել է։ Ամէն ինչ կախուած է կողմերից. այդ մասին հրապարակային կը յայտարարե՞ն, թէ՞ ինքնաթիռները կը ցուցադրեն հենց որ դրանք յայտնուեն», Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին ընթացքին նշած է Ներսիսեան։

Ան նաեւ նշեց, որ ռուսական կողմը գործարքի իրականացման հարցով նոյնպէս որեւէ առարկութիւն կամ խոչընդոտներ չէ ունեցած։

Կործանիչներու ձեռքբերումէն բացի, Մոսկուան եւ Երեւանը այժմ կ“իրագործեն 100 միլիոն տոլարի զէնք մատակարարելու պայմանագիը։ Յիշեցնենք, որ խօսքը այն վարկային ծրագիրին մասին է, որ ստորագրուած էր 2017 թուականի վերջաւորութեան։ Ներսիսեան կը կարծէ, որ ծրագիրին իրականացման հարցով որոշակի առաջընթաց կը նկատուի արդէն 2019 թուականին։

«Վարկն արդէն հաստատուած է, բայց պէտք է սահմանել սպառազինութեան ցանկը եւ ստորագրել համապատասխան պայմանագրերը։ Ցանկի մասին առայժմ ոչինչ յայտնի չէ։ Ու թէեւ աւելի վաղ խօսւում էր, մասնաւորապէս, գործողութեան փոքր շառաւիղ ունեցող «Тор М2» ԶՀՀ–ի (Զենիթահրթիռային համակարգեր) առաքման մասին, բայց առայժմ որեւէ բան ասելը դժուար է։ Այստեղ կարող է սպառազինութեան լայն սպեկտր լինել. ե՛ւ այնպիսիք, որոնցով հայկական բանակն արդէն իսկ համալրուած է, ե՛ւ նոր տեսակների», նշած է Ներսիսեան։

Չի բացառուիր, որ այդ գումարին զգալի մասը ծախսուի «աննկատ» բաներու վրայ, օրինակ` պահեստային մասերու եւ ինժեներական տեխնիկայի։ Այդ մասին մամուլի մէջ չեն սիրեր խօսիլ, անոնց մասին բարձրագոչ վերնագիրներով յօդուածներ գրել հնարաւոր չէ, բայց անոնք երբեմն աւելի կարեւոր են, քան որեւէ նոր բան գնելը, նշած է Ներսիսեան:

Պաշտպանութեան ոլորտին համար նոյնպէս մի կարեւոր իրադարձութիւն էր Հայաստանի իշխանութեան յայտարարած լրացուցիչ ծախսերը։ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Դեկտեմբեր 13-ին յայտարարեց, որ յառաջիկայ 5 տարուան ընթացքին բանակին համար պէտք է լրացուցիչ 2.5 միլիառ տոլար յատկացուի։

Ներսիսեանի կարծիքով` այս մէկը բաւական լուրջ գումար է, որ հնարաւորութիւն կու տայ զօրացնելու հայկական բանակը այնքան, որ Ատրպէյճանի հաւանական յարձակման մասին խօսակցութիւն յօդս կը ցնդի։

«Այդ գումարը բաւարար է Հայաստանի բոլոր տեսակի զօրքերը կարգաւորելու համար. ինչպէս առկայ տեխնիկան արդիականացնելու, այնպէս էլ հնի փոխարէն նոր գնելու համար։ Իմ գնահատականներով` մեզ կը բաւականացնի նաեւ 1.5 միլիառը, որպէսզի ռազմական հարթութիւնում Հայաստանն Ատրպէյճանի հետ խնդիրներ չունենայ։ Իսկ 2.5 միլիառը բաւարար է նոյնիսկ Թուրքիայի վրայ զսպողական ազդեցութիւն ունենալու համար», յայտնած է փորձագէտը։

Յայտնի է, որ Հայաստան Ռուսաստանէն արտօնեալ գինով զէնք կը գնէ։ Հետեւաբար, այդ գումարով շատ բան կարելի է ստանալ` սկսած օդատորմիղէն, մինչեւ ժամանակակից զրահամեքենաներ ու ռատիոելեկտրոնային կազմածներ։

Նշենք, որ Հայաստանի ռազմական ծախսերը 2019 թուականին 256 միլիառ դրամ կը կազմեն` 2018 թուականին համեմատ աւելնալով 12% տոկոսով։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.