Ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս բարեփոխել
- (0)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Խօսքը կը վերաբերի Սփիւռքի կազմակերպման կամ վերակազմակերպման, – նիւթ մը, որ յաճախ կ՚արծարծուի ներկայիս եւ որ անխուսափելիօրէն մաս պիտի կազմէ մեր այլազան կազմակերպութիւններու ժողովներու օրակարգին, ներառեալ մօտ օրէն տեղի ունենալիք ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը։
Այդ մասին խօսելէ առաջ, սակայն, պէտք է նշել կարգ մը նախադրեալներ, քանի որ ամեն առաջարկ կախում պիտի ունենայ անոնց իրողականութենէն։
Որո՞նք են այդ նախադրեալները։
Գոյութիւն ունի հայ ժողովուրդ մը։
Անոր փոքրամասնութիւնը կ՚ապրի իր պատմական հայրենիքի սահմաններուն մէջ կծկուած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Շատ աւելի փոքր մասնիկներ՝ նախապէս հայապատկան եւ այժմ այլ երկիրներէ տիրապետուած տարածքներու վրայ (Ջաւախք, Համշէն եւ պատմական Հայաստանի բռնագրաւեալ զանազան շրջաններ)։
Մեծամասնութիւնը սփռուած է աշխարհի չորս ծագերուն, այսինքն Սփիւռքի մէջ։ Այդ Սփիւռքն ալ ունի իրարմէ տարբեր տարածաշրջաններ ու այլազան բաղադրութիւններ՝ «հին», «նոր», միջինարեւելեան, եւրոպական, նախկին խորհրդային, արեւմտեան եւ այլն՝ իրարմէ տարբեր կազմակերպական կարելիութիւններով։
Այդ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ կայ մաս մը, – կ՚ենթադրեմ փոքրամասնութիւն մը, – որ իր հայկական ինքնութիւնը կ՚ուզէ պահել, իսկ կայ ուրիշ մաս մը, – կ՚ենթադրեմ մեծամասնութիւնը, – որ չունի այդ նախանձախնդրութիւնը կամ կամքը։
Հայութիւնը, իր բոլոր մասերով, կ՚ապրի աշխարհի մը մէջ, ուր ազգային ինքնութեան պահպանումը կը գտնուի հակադիր ճնշումներու տակ. մէկ կողմէն այն կը դատապարտուի որպէս ցեղապաշտութիւն, միւս կողմէ կը ջատագովուի տնտեսական եւ ինքնապաշտպանական նպատակով. մէկ կողմէն բախում կ՚ունենայ համատարած ընչաքաղցութեան ու նիւթապաշտութեան հետ, միւս կողմէ կը նկատուի ազգերու այլազանութիւնն ու գոյատեւումը ապահովող գլխաւոր ազդակ։ Այդ ճնշումները անպայման իրենց ժխտական թէ դրական ազդեցութիւնը կը բանեցնեն նաեւ մե՛ր վրայ։
Այս նախադրեալները կրնան տարբեր ըլլալ ուրիշներու համար, բայց իմ հարցադրումները կը մեկնին այդ նախադրեալներէն եւ այն անխախտելի համոզումէն, որ կ՚արժէ՛ հայ ապրիլ, Սփիւռքի մէջ ե՛ւս հայ ապրիլ որքան երկար, որ կարելի է, մինչեւ հայութեան համախմբումը իր հայրենի հողերուն վրայ։
Առաջին հարցումը, որ ինքնաբերաբար միտքս կու գայ, հետեւեալն է. մեր ունեցած կազմակերպական ներկայ համակարգը կը համապատասխանէ՞ այսօրուան մեր աշխարհացրիւ իրավիճակին եւ մեր կարիքներուն։
Ուր որ քիչ թէ շատ կազմակերպեալ հայ կեանք կայ, այդ համակարգը մասամբ հիմնուած է մեր Ազգային սահմանադրութեան վրայ, սահմանադրութիւն, որ աւելի քան 160 տարուան իր վաղեմութեամբ ու պատշաճեցումներով, կը մնայ ի զօրու, գէթ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսւթեան թեմերու շրջածիրին մէջ, եւ մասամբ այլ կանոնագրութիւններու վրայ։ Այդ համակարգին մէջ ընդհանրապէս կը գործեն մեր աւանդական կուսակցութիւնները, անոնց առընթեր կամ անոնցմէ անկախ՝ կարգ մը միութիւններ ու հաստատութիւններ։ Կրթական, մշակութային ու ընկերային կեանքն ալ կ՚ընթանայ անոնց ճամբով։
Արդ, կրնա՞նք վերանայիլ այդ ամբողջ համակարգը, քննել, թէ ի՞նչ են կարելիութիւնները մեր ունեցած մարդուժով եւ նիւթուժով աւելի արդիւնաւէտ գործունէութիւն ապահովել։ Խուսափիլ անոնց յումպէտս վատնումէն, խնայել առկայ միջոցները՝ առաւել օգտուելու համար անոնցմէ, աւելի տարածելու համար անոնց հասողութեան շրջանակները։
Ունենալ զարգացման կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ ու երկարաժամկէտ ծրագրեր՝ զանոնք պատշաճեցնելով օրուան պահանջներուն ու պարտադրանքներուն, որոնք յաճախ մեր կամքէն անկախ կու գան։
Այս առաջին հարցումին կը հետեւի երկրորդը, նոյն իմաստով, եւ կը վերաբերի այն հաւաքականութիւններուն, ուր չունինք նման կազմակերպեալ համակարգ։ Եւ քիչ չեն անոնք։ Կրնա՞նք հասնիլ անոնց հայօրէն գոյատեւման կարիքներուն։ Կրնա՞նք ազգային կառոյցները այնպէս ընդլայնել ու կազմակերպել, որ համայն հայութիւնը, գէթ հայրենիքէն դուրս ապրող հայութիւնը մաս կազմէ ամբողջին։
Եւ մանաւանդ, կրնա՞նք լաւագոյնս օգտուիլ ներկայ ժամանակներու հաղորդակցական կարելիութիւններէն՝ այդպիսի ընդլայնում ու կազմակերպում իրագործելու համար։
Երրորդ հարցումս պիտի վերաբերի այն մարզերուն, ուր առկայ վիճակի վերանայումը անհրաժեշտ պիտի ըլլայ։ Որո՞նք են այդ մարզերը։
Ներկայ զոյգ թեմական համակարգէն աւելի ընդգրկուն ձեւ կրնա՞նք գտնել, որպէսզի բոլոր կողմերն ու յարանուանութիւնները, ի միջի այլոց նաեւ անոնցմէ դուրս գտնուողները միասնաբար աշխատին, համախումբ ուժերով ու միացեալ կարողականութեամբ։ Կրթական հաստատութիւններն ու Հայ դատի աշխատանքները այս առնչութեամբ առաջին գլխաւոր մարզերը կրնան հանդիսանալ՝ այնպիսի ընդհանրական նպատակադրումներով, ինչպէս՝ իւրաքանչիւր հայ աշակերտի հայեցի կրթութիւն հասցնելու, մեր գիրն ու գրականութիւնը, մշակո՛յթը զարգացնելու, իւրաքանչիւր ներկայացող առիթի Հայ դատի վրայ շրջապատի ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու։
Այս գլխուն տակ կու գան մեր ունեցած ֆիզիքական հնարաւորութիւններու՝ շէնքերու, կեդրոններու ընդհանրական օգտագործումը, մամուլի եւ քարոզչական միջոցներու առաւել համապարփակ զարգացումը, մեր նիւթական միջոցներու բազմապատկումը եւ այլն։
Չորրորդ հարցումը, այո՛, «ինչպէս»-ի՛ն մասին պիտի ըլլայ։
Մէկ կողմը,՝մէկ կազմակերպութիւն մը, իր ամբողջ պատրաստակամութեամբ ու զոհաբերութեան յօժարակամութեամբ հանդերձ, այս բոլորը առանձինն չի կրնար իրականութեան վերածել։
Ուրեմն նախ պատրաստ պիտի ըլլանք բոլորին հետ նստելու եւ քննելու նման խնդիրները։ Պատրաստ պիտի ըլլանք փակելու անցեալի հակամարտութիւններու եւ հակադրութիւններու էջերը, նո՛ր, անաչառ հայեացքով նայելու դէպի մեր գալիքը։ Մանաւանդ պատրաստ պիտի ըլլանք չկառչելու աւանդական կառոյցներու, մօտեցումներու եւ լուծումներու, նոյնիսկ եթէ անոնք բազմիցս ինքզինք արդարացուցած են մինչեւ հիմա, եթէ կրնանք իրապէս աւելի ազդու, աւելի արդիւնաէտ ու մեզ մեր նպատակակէտերուն աւելի արագ հասցնող միջոցներ գտնել։
Ապա զգոյշ պիտի ըլլանք նաեւ, որ տեղի չտանք արտաքին ճնշումներու՝ Սփիւռքի հայութիւնը տարբեր նպատակներու եւ շահերու ծառայեցնելու համար, այդ ճնշումները գան բարեկամ թէ թշնամի երկիրներէ, թէ նոյնիսկ Երեւանէն։
Կարեւորը՝ բոլորս միասնաբար ուզենք հետապնդել հայ ժողովուրդի գոյութիւնը շարունակելու գերնպատակը։