ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսած է, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, ստեղծուած ըլլալով 20-րդ դարուն, պէտք է դառնայ 21-րդ դարու հիմնարկ:
Այս մասին նախագահը ըսած է «Հայաստան» հիմնադրամի նորընտիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի ուղեկցութեամբ հիմնադրամ կատարած այցի ընթացքին:
«Հիմնադրամը մեծ արժէք է մեր ողջ ժողովուրդի համար, անիկա ստեղծուած է Հանրապետութեան եւ մեր ժողովուրդի համար ծանրագոյն պայմաններու մէջ եւ ունեցած է առաքելութիւն, որ մեծ փառքով կատարած է: Բաւական է այցելել Հայաստանի տարբեր վայրեր, բաւական է Երեւանէն ուղեւորուիլ դէպի Ստեփանակերտ եւ տեսնել, թէ ինչ բարձր որակի ճանապարհ կառուցուած է։ Բազմաթիւ նմանատիպ յաջող ծրագիրներ կան»,-ըսած է Արմէն Սարգսեան, որ նաեւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է:
Նախագահը կարեւոր համարած է հիմնադրամի անցած ճանապարհի վերանայումը, յաջողութիւններու ու թերութիւններու գնահատումը:
«21-րդ դարուն Հայաստանի, աշխարհի մէջ գործընթացներ արագ կ՛ընթանան: Կը հաւատամ, որ հիմնադրամը նոր աւիւնով մեծ յաջողութիւններու պիտի հասնի: Կը հաւատամ, որ անցած ճանապարհը, յաջողութիւնները, նաեւ դժուարութիւններն ու անյաջողութիւնները դաս պիտի ըլլան, հիմնադրամը կրկին փիւնիկի նման պիտի յառնի եւ առաջ պիտի տանի իր հոյակապ առաքելութիւնը»,- աւելցուցած է նախագահը: