Թրքական նոր յերիւրանք. «Թրքական բանակի կարգ մը հրամանատարներ կիւլէնական ծպտեալ հայեր են»
«Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան»` ASİMDER-ի նախագահ Կէօքսէլ Կիւլպէյը հանդէս եկած է հերթական յերիւրանքով, որուն համաձայն` «Կիւլէնական հրամանատարները կրնան ծպտեալ հայեր ըլլալ»: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Աղբիւրին համաձայն` ASİMDER-ի նախագահը մասնաւորապէս յայտարարեր է, թէ Առաջին աշխարհամարտին ժամանակ պետութեան արեւելքի շրջանին մէջ որբ մնացած երեխաները հաւաքած Քազըմ Գարապեքիր փաշան լուծեր է զիրենք` տարբեր մասնագիտութիւններով: Կէօքսէլ Կիւլպէյը, բնականաբար, չէ նշած, թէ իրականութեան մէջ ինչո՛ւ այդքան մեծ թիւով հայ, եւ ոչ թէ թուրք կամ քիւրտ երեխաներ որբ մնացեր էին Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներուն մէջ, այլ միայն ըսած է, որ 4 հազար որբ երեխաներուն մէջ եղած են նաեւ հայ մանուկներ, որոնք հետագային սպաներ դարձած են թրքական բանակին մէջ, եւ ենթադրած է, թէ 2016 թ. Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձը իրականացուցած կիւլէնական կազմակերպութեան անդամ հրամանատարները հաւանաբար այդ հայ երեխաները կամ անոնց յետնորդներն են:
ASİMDER-ի նախագահը յիշելով որ 1960 թ. յեղաշրջման ժամանակ օդային ուժերու գնդապետ Հայտար Թուչքանաթը նոյնպէս այդ հայ երեխաներէն մէկը եղած է, նաեւ յայտնած է. «Հարկ է ուսումնասիրել Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձ կատարած կիւլէնական ահաբեկչական կառոյցին անդամ սպաներուն տոհմածառերը: Եթէ ներկայիս այդ որբ երեխաներէն մեր բանակին մէջ պաշտօն ունեցողներ կան, անոնք հաւանաբար անյաջողութեան մատնեն ՊԿԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ մեր պայքարը եւ դաւաճանեն մեր պետութեան, քանի որ անոնք իսլամ թուրք ժողովուրդը պատասխանատու կը նկատեն Առաջին աշխարհամարտին իրենց ընտանիքներուն սպանութեան: Սոյն ատելութիւնը կրնայ ամէն տեսակի դաւաճանութեան մղել այդ ծպտեալ սպաները: ASİMDER միութիւնը կը պահանջէ, որ մեր պետութեան իրաւասու մարմինները միջոցներու ձեռնարկեն` այդպիսի սպաներու ծագումը ուսումնասիրելու: Մենք պաշտօնապէս դիմած ենք նախագահական մարմնին եւ վարչապետարանին` այս հարցին առնչութեամբ»:
Յիշեցնենք, որ Կէօքսէլ Կիւլպէյը վերջերս յայտարարած էր նաեւ, որ Թուրքիա կ’ապրին 37․055 ծպտեալ հայ ընտանիքներ:
Իր հակահայկական յայտարարութիւններով ու գործունէութեամբ յայտնի ASİMDER-ի նախագահը այնքան տարուած է իսլամացած հայերուն նկատմամբ եւս ատելութիւն սերմանելու մոլուցքով, որ նոյնիսկ չի զգար, թէ որքան անտրամաբանական է իր ենթադրութիւնը` յատկապես տարիքային առումով: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ 4-5 տարեկան եղած երեխաները ներկայիս տակաւին ծառայեն թրքական բանակին մէջ:
Բնականաբար, այս կերպ հակահայ թուրք գործիչները կը փորձեն ատելութիւն սերմանել նաեւ իսլամացած հայերու նկատմամբ եւ, ինչպէս միշտ, իրենց բոլոր խնդիրներուն համար որոնել երեւակայական թշնամիներ ու մեղադրել հայերը:
Յիշեցնենք, որ Ազգայնական շարժման տարիներուն Արեւելեան ռազմաճակատի հրամանատարը եղած Քազըմ Գարապեքիրը Էրզրումի (Կարին) շրջակայքի փողոցներէն կամ ալ զիրենք խնամելու կարողութիւնը չունեցող ազգականներուն քովէն հաւաքեր էր 2000 որբ աղջիկ, 4000-ի մօտ ալ տղայ երեխաներ եւ տղոցմէ ստեղծեր՝ Gürbüzler Ordusu-ն (Առույգ պատանիներու բանակը): Այս մանուկները ստացած էին ռազմական կրթութիւն, նոյնիսկ ՝ դահուկորդի դասընթացքներու մասնակցեր էին, անոնցմէ ոմանք ալ արհեստներ սորված էին Արդիւնաբերական դպրոցէն ներս, որ հագուստ եւ կօշիկ կը մատակարարէր քեմալական բանակին: Ուր որ ալ տեղաւորէին զիրենք, բոլորն ալ կը դաստիարակէին թրքութեան գիտակցութեամբ:
Գարապեքիրի պահպանութեան տակ առնուած ծնողազուրկ տղայ երեխաներուն մէջ կային նաեւ հայ որբեր: Այս մանուկներէն ընդունակները Գարապեքիրին կողմէ ուղարկուած էին Պուրսայի նորաբաց Ըշըքլար ռազմական համալսարանը` զիրենք ներկայացնելով որպէս թուրք ընտանիքներու որբեր, իսկ մնացածը՝ մասնագիտութիւն ստանալով մտած էին կեանքի ասպարէզ: Թուրքերը Գարապեքիրի այս գործունէութիւնը կը փորձեն ներկայացնել որպէս մարդասիրական գործ` չփորձելով նոյնիսկ հարցնել, թէ իրականութեան մէջ ինչո՛ւ տուեալ շրջաններուն այդքան մեծ թիւով հայ երեխաներ որբացեր էին:
Գարապեքիրի հիմնած սոյն բանակը կը յիշեցնէ տեւշիրմէի միջոցով ստեղծուած ենիչէրիներու զօրաբանակը: Յիրաւի, գաղափարը գրեթէ նոյնն էր. տակաւին գիտակցական մակարդակի չհասած օտար երեխաները դաստիարակել որպէս մոլի իսլամ եւ թուրք` ընդդէմ իրենց իսկ ժողովուրդին:
Մելինէ Անումեան