Թուրքերուն Հետ Հաշտուելէ Առաջ, Հայեր Պէտք Է Հաշտուին Միմեանց Հետ
Յարութ Սասունեան
Հայաստանի կառավարութիւնը կրնա՞յ բան մը ճիշդ ընել։ Չկայ օր մը, որ անցնի առանց յաւելեալ վատ լուրերու, Հայաստանէն եւ Արցախէն։ Մեր թշնամիները մեղադրելու փոխարէն՝ մենք պէտք է տեսնենք մեր սեփական թերութիւնները եւ դադրինք մենք մեզի աւելի վէրքեր հասցնելէ։
2020-ի արցախեան պատերազմին կրած ջախջախիչ պարտութենէն ետք, Հայաստանի մէջ տիրող ճգնաժամային ծանր պայմաններուն բերումով կը կարծուէր, որ հայ ղեկավարներ իմաստութիւնը կ՛ունենան համախմբելու ժողովուրդը եւ ուժեղացնելու բանակը՝ երկրին վրայ հետագայի յարձակումներ կանխելու համար։
Զարմանալիօրէն, Հայաստան որդեգրած է ուղղութիւն մը, որ ազգը կը տանի յաւելեալ պառակտման եւ թուլացման։ Հայ ղեկավարներ չափազանց ապաշնորհ գտնուեցան՝ այսքան ճգնաժամային հարցեր ունեցող երկիրը կառավարելու համար: Փոխանակ փորձելու նուազագոյնի հասցնել Հայաստանի կորուստները՝ անոնք վճռած են աւելցնելու թշնամիներուն հասցուցած վնասը։
Չորս տարի շարունակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հայերը բաժնեց «սեւեր»ու եւ «սպիտակներ»ու, արցախցիներու եւ հայաստանցիներու, նախկին առաջնորդները ընդդէմ ներկաներու եւ Հայաստանը ընդդէմ Սփիւռքի, այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ հայերը համախմբուելու մեծ կարիք ունին։ Ան սպառնաց ներքաղաքական իր հակառակորդներուն՝ «պատերուն զարնել եւ փռել ասֆալթին»։ Անցեալ տարի, ան նոյնիսկ մուրճը ձեռքին գնաց նախընտրական արշաւի՝ խոստանալով ջարդուփշուր ընել իրեն ընդդիմացողներուն գլուխները։
Հայաստանը ղեկավարելու համար ոչ միայն Փաշինեանն է չափազանց ապաշնորհ, այլեւ անոր խմբակին նախարարներն ու խորհրդականները։ Ոչ հմուտ ղեկավարը չի կրնար հմուտ նշանակումներ ընել։
Իբրեւ օրինակ վերցնենք Փաշինեանի կողմէ Զարեհ Սինանեանի նշանակումը «Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար»ի պաշտօնին։ Սինանեանի միակ որակաւորումը վարչապետին կոյր կողմնակիցը ըլլալն է։ Հետեւաբար, Սինանեան աշխատանքային իր երեք տարիներուն ընթացքին, գրեթէ որեւէ արժանի բան չըրաւ, բացի կառավարութեան սուղ պիւտճէն վատնելէ՝ իր եւ անձնակազմին, ամբողջ աշխարհի տարածքին յաճախակի շրջագայութիւններ կատարելու ուղղութեամբ:
Սինանեան վերջերս յայտարարեց, որ իր գրասենեակը «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով» պիտի գումարէ այս տարուան Հոկտեմբերին։ Կարելի է ակնկալել, որ ան ողջախոհութիւնը պիտի ունենար «Համաշխարհային վեհաժողով»ին հրաւիրելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ հանրաճանաչ մարդիկ՝ անկախ անոնց քաղաքական պատկանելութենէն։
Սինանեանի եւ վարչապետի միակ նպատակը, սակայն, տպաւորութիւն ստեղծել է, թէ՝ իրենք բանով մը զբաղած են, եւ ոչ թէ ժողովուրդին համար օգտակար բան ընելով։ Սինանեան կարճատեսօրէն որոշած է իր «տիրոջ» օրհնութեամբ «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով»ին հրաւիրել վարչակարգի կողմնակից հայերը՝ դուրս ձգելով անոնք, որոնք համարձակած են ընդդիմանալ ներկայ ղեկավարներուն։ Հայաստանի իշխանութիւնը իրականութեան մէջ զբաղած է ոչ թէ Սփիւռքը համախմբելով, այլ զայն բաժնելով։
Բնականոն երկրի մը մէջ, Սինանեանի նման աշխատողը արդէն շատոնց արձակուած կ՛ըլլար իր աշխատանքէն՝ ապաշնորհութեան եւ կառավարութեան թանկարժէք աղբիւրները վատնած ըլլալուն համար։ Սակայն այս վարչապետը աշխատանքէն չի հեռացներ իրմէ աւելի ապաշնորհ ստորադասը․․․: Ցաւօք, Սինանեան նոյնիսկ չի գիտեր իր աշխատանքին բնոյթն ու նկարագիրը։ Ան անմտօրէն հրաւիրած է արաբները՝ ներգաղթելու համար Հայաստան՝ չհասկնալով, որ իր պատասխանատուութիւնը կապուած է միայն սփիւռքահայերու հետ, այլ ոչ թէ արաբներու կամ այլ ազգութիւններու: հեռատեսիլային իր յաճախակի հարցազրոյցներուն մէջ Սինանեան միշտ զբաղած է հատուածական քաղաքականութեամբ՝ քննադատելով հայկական մեծ կազմակերպութիւնները եւ ժողովուրդին մէջ յառաջացնելով յաւելեալ պառակտումներ։ Ան չի հասկնար, որ իր գործը ոչ թէ Փաշինեանի վարչակարգի քարոզիչ ըլլալն է, այլ՝ պետական պաշտօնեայ, որ աշխատավարձք կը ստանայ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կամուրջ հանդիսանալուն համար։
Եթէ Փաշինեանի եւ Սինանեանի արդարացումը այն է, որ իրենց քաղաքական ընդդիմախօսները կը հրաժարին մասնակցելէ «Հայկական համաշխարհային խորհրդաժողովին», ապա ասիկա լաւ առիթ է զանոնք հրաւիրելու համար։ Անոնք, որոնք մերժեն հրաւէրը, ներկայացած կ՛ըլլան բացասական լոյսի տակ, իսկ կառավարութիւնը մեծահոգի կ՛երեւի, այլ ոչ թէ մանրամիտ: Վայել չէ Հայաստանի իշխանութեան՝ հաշիւ մաքրել ուզող «պաշըպոզուք»ի պէս վարուիլ։ Ցաւօք, ան հասունութիւնը չունի զերծ մնալու մանրախնդրութենէ։ Հայաստան բոլո՛ր հայերուն տունն է, ոչ թէ միայն անոնց, որոնք համաձայն են վարչակարգին։ Հզօր թշնամիներով շրջապատուած փոքր եւ թոյլ ժողովուրդը չի կրնար ինքնիրեն արտօնել՝ բաժնուիլ աւելի փոքր բեկորներու:
Աշխարհի բոլոր հայերուն ողջունելու փոխարէն, կառավարութիւնը, վերջին շաբաթներուն, արգիլած է հայրենիք մուտքը քանի մը յայտնի սփիւռքահայերու, որոնց միակ մեղքը, իբր թէ, «ժողովրդավարական» վարչակարգի հակառակորդներ ըլլալն է․․․: Մինչ, նոյն ատեն, թրքական «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման անդամներուն արտօնուած է մուտք գործել Հայաստան եւ անարգել հայ նահատակներու յիշատակը, Երեւանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիրի տարածքին մէջ։
Անցեալ քսան տարիներու ընթացքին, Հայաստան կազմակերպած է Սփիւռք-Հայաստան քանի մը համաժողով: Անոնցմէ ոչ մէկը օգուտ բերած է։ Սինանեանի ծրագրած «խորհրդաժողովը» պիտի արժանանայ նոյն բախտին։ Փաշինեան շատ անգամ խօսած է՝ Հայաստանի կառավարութեան մէջ սփիւռքահայերուն բարձր պաշտօններ ստանձնելու արտօնութեան մասին։ Ցաւօք, խօսքերէ զատ, ան ոչ մէկ քայլ առած է այդ ուղղութեամբ։ Նմանապէս Սինանեան, մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ, մեծ աղմուկով յայտարարեց, որ իր գրասենեակը պիտի նշանակէ Սփիւռքի յանձնակատարներ աշխարհի հայկական համայնքներու մէջ, իսկ մինչեւ հիմա ան ոչ մէկ նմանօրինակ յանձնակատար նշանակած է։
Երբ Փաշինեան 2018-ին եկաւ իշխանութեան, ան խոստացաւ, որ երեք միլիոնէն նուազ հաշուող Հայաստանի բնակչութիւնը մինչեւ 2050 պիտի հասցուի հինգ միլիոնի: Ցաւօք, Հայաստանի բնակչութիւնը, անոր պաշտօնավարման չորս տարիներուն ընթացքին ոչ թէ չէ աճած, այլ նուազած է։ Դէպի Հայաստան հայրենադարձութիւնը քաջալերերու մասին խօսելէ բացի, ուրիշ ոչինչ եղած է։
Շատոնց ի վեր ժամանակն է, որ համայն հայութիւնը համախմբուի՝ իր հայրենիքը պաշտպանելու համար սահմանին երկու կողմը գտնուող հզօր թշնամիներէն։ Թուրքերու հետ հաշտուելէ առաջ, հայեր նախ պէտք է լեզու գտնեն միմեանց հետ։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան