«ԹՈՂ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ ՀԱՄԱԽՄԲԷ ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ՝ ՄԷԿ ԱԶԳԻ ՈՒ ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՇՈՒՐՋ»

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին։

Սա խորհրդալից պահուն, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեամբ պայծառակերպուած Անթիլիասի Մայրավանքէն կ’ողջունեմ մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները եւ իրենց աղօթքներուն թարգմանը ըլլալով, աղաչանքս կը վերառաքեմ առ Աստուած՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթասաց բառերով՝ «Օրհնէ մեզ, Տէր, այս Ս. Միւռոնով, որպէսզի ան դառնայ աղբիւր քաւութեան, բժշկութեան, շնորհներու ու երջանկութեան» (Բան ՂԵ, ԻԴ)։

Արդարեւ, կարելի չէ հասկնալ հայ եկեղեցւոյ կեանքն ու առաքելութիւնը, խորհուրդն ու պատգամը, առանց Ս. Միւռոնին, հայաբո՛յր Միւռնին։ Կարելի չէ հասկնալ պատմութեան ահաւոր փոթորիկներուն մէջ հրաշքը հայ ժողովուրդի գոյութեան, առանց հրաշագործ Միւռոնին։

Հետեւաբար, սոսկ ծիսական արարողութիւն մը չէ Միւռոնի օրհնութիւնը։ Ան Աստուծոյ էջքն է երկիր ու մարդուն բարձրացումը՝ երկինք։ Աստուծոյ ու մարդու հաղորդութեան խորախորհուրդ պահն է Միւռոնի օրհնութիւնը՝ Ս. Հոգւոյ երկնառաք շնորհներու ներգործութեամբ։ Մեր ազգին հոգեւոր պայծառակերպումի ու ազգային վերանորոգման պահն է Միւռոնի օրհնութիւնը՝ մեր հոգեւոր ու ազգային աւանդութիւններու, արժէքներու ու ապրումներու միախառնումով։

Խոր է իմաստը եւ հրաշազան խորհուրդը հայու Սրբալոյս Միւռոնին։ Աստուծոյ ստեղծագործութեան բարիքները կան Միւռոնին մէջ՝ ձէթի կողքին աւելի քան քառասուն ծաղիկներու եւ հունտերու ներդաշնակ միաձուլումով։ Իր նիւթեղէն գոյութենէն անդին՝ երկնային սրբութեան ցօղն է Միւռոնը մեր մեղապարտ կեանքին վրայ ու երկնային լոյսին ճառագայթը մեր խաւար երկնքին վերեւ։

Աստուածաշնչական ծագում ունեցող Միւռոնին հետ մեր ժողովուրդը շաղախած է իր հաւատքն ու յոյսը, իր հայրենիքին հողն ու քարը, իր ինքնութիւնն ու լինելութիւնը։ Միւռոնին հետ միաձուլուած են հոգեմտաւոր երկունքները մեր հայրապետներուն ու երկինք բարձրացող աղօթքները մեր սուրբերուն։ Միւռոնին հետ նոյնացած է մեր ողջ ազգը՝ իր ոգեղէն արժէքներով, հոգեկան ճենճերումներով, միտքի խոյանքներով, արեան վկայութեամբ, իր գողգոթայով ու յարութեամբ։ Այլ խօսքով, Սրբալոյս Միւռոնը խտացումն է մեր դարաւոր պատմութեան՝ իր փառքի ու արեան էջերով, իր հոգիի ու մտքի հսկաներով։

Լոկ ծիսական գործածութեան համար սահմանուած նիւթ չէ Միւռոնը։ Հայը երկնային շնորհներով զարդարող ու առաքինութիւններով թրծող ոյժ է ան. Ս. Հոգւոյ շօշափելի ներկայութիւնն է Ս. Միւռոնը մեր կեանքին մէջ։ Այսպէ՛ս հաւատացած է մեր ժողովուրդը՝ հայոց երկրորդ լուսաւորիչ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ։ Իր կեանքի մռայլ թէ ուրախ օրերուն, իր պատմութեան արիւնոտ թէ ծաղկաւէտ ճամբաներուն վրայ, հաւատքի աչքերով մեր ժողովուրդը նայած է Միւռոնին. հաւատքի քայլերով մօտեցած է անոր. հաւատքի զօրութեամբ ստացած է Միւռոնի դրոշմը՝ անոր մէջ տեսնելով Ս. Հոգւոյ կենսաւորիչ, վերանորոգիչ, բուժիչ ու պայծառակերպիչ ներգործութիւնը։

Իր շնորհաբաշխ զօրութեամբ դարեր շարունակ Սրբալոյս Միւռոնը դարձած է Աստուածային օրհնութիւն՝ մեր կեանքի երկինքին վերեւ. երկնային պահապան՝ վտանգներու դիմաց. հզօր վահան՝ չարին ու չարիքին դէմ. անուշաբոյր բալասան՝ մեր վէրքերուն ու ցաւերուն։

Միւռոնով կը դրոշմուին Քրիստոսի խորհրդական մարմնին՝ եկեղեցւոյ մաս կազմելու կոչուած մեր մանուկները։

Միւռոնով կ’օծուին Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին ծառայելու կոչուած մեր հոգեւորականները։

Միւռոնով կ’օծուին Աստուծոյ տունը դառնալու կոչուած մեր եկեղեցիները։

Միւռոնով կ’օծուին հայ եկեղեցւոյ մէջ գործածուելու սահմանուած իրերն ու սպասները։

Սրբալոյս Միւռոնի հպումով կը սրբագործուի հայու կեանքը՝ աշխարհի ապականիչ բարքերուն ու մոլութիւններուն դիմաց։

Միւռոնը Ս. Հոգւոյ շնորհներուն ու բարիքներուն պարգեւն է հայուն։ Ան երկնային հրաւէր է դառնալու Աստուծոյ, երկինքը ապրելու երկրի վրայ։ Ան Աստուծոյ կենարար ներկայութիւնն է մեր մեղաւոր կեանքին մէջ։ Նիւթեղէն Միւռոնի ճամբով Աստուծոյ Միածին Որդին որպէս երկնային Միւռոն կը բուրէ մեր կեանքին մէջ եւ Միւռոնաօծ հայը կը հրաւիրէ աշխարհի ժխորին մէջ հետեւելու Իրեն, իբրեւ ճշմարիտ ճամբայ, գերագոյն ճշմարտութիւն եւ յաւիտենական կեանք (Յովհ 14.6)։

Միւռոնը խորհրդանիշ է հայ եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան։ Արդարեւ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Ս. Միւռոնին միախառնումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Միւռոնին, եւ փոխադարձաբար՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Միւռոնին միախառնումը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Ս. Միւռոնին, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու մասնակցութիւնը Միւռոնօրհնութեան, թէ՛ Ս. Էջմիածնի եւ թէ՛ Անթիլիասի մէջ, պերճախօս վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ նոյն եւ մէկ Միւռոնին եւ հայ եկեղեցւոյ անխախտելի միութեան։

Մէկ ազգի ու մէկ պատմութեան մեր անբեկանելի պատկանելիութեան ամրակուռ առանցքն է Ս. Միւռոնը։

Մեր ազգի աշխարհացրիւ զաւակները համախմբող, անոնց կեանքին խորք ու իմաստ, ինքնութիւն ու նպատակ տուող  երկնային ոյժ է Ս. Միւռոնը։

Մեր ազգին իւրայատուկ ինքնութեան ամուր շաղախն է ու խորհրդանիշը Ս. Միւռոնը՝ կեանքի այլասերիչ հոսանքներուն դիմաց։

Մեր ազգի յաւերժական երթին պահապանը, ամբողջականութեան երաշխիքը, անխախտ միութեան հէնքը եւ հաւատքի հզօրութեան կնիքն է Սրբալոյս Միւռոնը։

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեամբ մեր եկեղեցին ինքզինք կ’ըլլայ իր հարազատ էութեամբ ու Աստուածատուր վկայութեամբ։ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեամբ հայը մասնակից կը դառնայ իր ազգին ու եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութեան։ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեամբ մեր պատմութեան հոգիի ու մտքի հսկաները, մեր սուրբերն ու նահատակները կը դառնան շնչող ու շնչաւորող ներկայութիւն հայ կեանքին մէջ։

Արդ, Միւռոնաբոյր այս պահը մեր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման, մեր ազգային ինքնութեան վերահաստատման պահ է ու միաժամանակ՝ երկնային հրաւէր ազգին Միւռոնադրոշմ զաւակներուն.-

Մնացէ՛ք հաւատարիմ ձեր ճակտին վրայ դրոշմուած Ս. Միւռոնին, անոր խորհուրդին ու հրամայականին։ Մնացէ՛ք հաւատարիմ Սրբալոյս Միւռոնի յաւերժական պատգամին։

Սրբալոյս Միւռոնով մենք միակամ ենք ու հզօր։

Սրբալոյս Միւռոնով Հայաստանը, Արցախը ու Սփիւռքը անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն են։

Սրբալոյս Միւռոնով մենք դէպի յաղթական ապագայ ընթացող ազգ ենք։

*

Եւ այժմ, սա խորախորհուրդ պահուն, նոր օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնին առջեւ ծունկի գալով եւ մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակներու աղօթքներուն թարգմանը ըլլալով, աղօթքս կը վերառաքեմ առ Աստուած՝ ըսելով.-

Ո՜վ Տէր, թող այս Միւռոնը երկնային օրհնութեամբ շաղախէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքի օրերը, մեր մտածումներն ու գործերը։

Թող այս Միւռոնը սրբութիւն ցօղէ տեսանելի ու անտեսանելի մեղքերով լեցուն մեր կեանքին վրայ։

Թող այս Միւռոնի օծումով մեր մանուկներուն կեանքը Ս. Հոգւոյն շնորհներով ծաղկի, մեր հոգեւոր մշակները կոչումի խոր գիտակցութեամբ կատարեն իրենց Քրիստոսատուր առաքելութիւնը, մեր եկեղեցիները պայծառանան հաւատացեալներու աղօթքով ու մասնակցութեամբ։

Թող այս Միւռոնի հպումով հիւանդները բուժուին, չարիքները հեռանան ու չարերը պարտուին։

Թող այս Միւռոնը լուսաւորէ մեր կեանքի խաւար երկինքը ու մոլոր ճամբաները, սրբէ մեր հոգիները, մաքրէ մեր սրտերը ու օրհնէ մեր կեանքը։

Թող այս Միւռոնը, ո՜վ Տէր, համախմբէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մեր ժողովուրդի զաւակները մէկ ազգի ու հայրենիքի շուրջ, մեր պատմութեան այս վճռադրոշմ հանգրուանին։

Թող այս Սրբալոյս Միւռոնը դառնայ յաւերժահոս աղբիւր՝ երկնային բարիքներու, հոգեւոր վերածննդեան, ազգային միասնութեան եւ յաւերժայաղթ հայութեան։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.