ԹԻՒԵՐՈՎ ԵԹԷ ԲԱՂԴԱՏՈՒԻՆՔ, ՄՏԱԾԵՆՔ, ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՆՔ ԵՒ ԴԱՏԵՆՔ

Յ. Պալեան 

            Ազատ միտքեր՝ անմիջականով եւ չխաբող թիւերով: Առանց համակրանքի եւ առանց հակակրանքի:

            Պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու թիւը Հայաստանի մէջ, միլիոն բնակիչի համար հասած է 22488ի, նոյն ժամանակ Ֆրանսայի մէջ վարակուածներու թիւը 161348 է, 66 միլիոն բնակիչի համար: Եթէ Հայաստանի կացութեան մէջ գտնուէր Ֆրանսան, թուաբանական պարզ հաշիւով, պիտի ունենար 494736 վարակուածներ: Կամ եթէ Հայաստանը գտնուէր Ֆրանսայի կացութեան մէջ, վարակուածներուն թիւը պիտի ըլլար 7334. բաղդատել 22488-ի:

            Կան նաեւ ուրիշ թիւեր:

            Ժողովուրդի առողջութիւնը պաշտպանելու համար պետութիւնները առաւել կամ նուազ ծաւալով դրամական յատկացումներ կ’ընեն: Արդիւնքները ցոյց կու տան, որ համաճարակի դէմ պայքարի յաջողութիւնը համեմատական է այդ ծախսերուն: Օրինակ, Շուէտի պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու թիւը, բաղդատած ուրիշ երկիրներու, նուազ էր:

            Ի՞նչ կ’ըսեն թիւերը:

            Նկատի ունենանք իւրաքանչիւր քաղաքացիի առողջութեան համար ծախսուած գումարները. Շուէտ՝ 5200 եուրօ, Գերմանիա՝ 4300, Ֆրանսա՝ 4000, Անգլիա՝ 3000, Իտալիա՝ 2500:

            Այս թիւերը պէտք է համեմատել յիշեալ երկիրներու մէջ վարակուածներու թիւին: Կը նշանակէ, որ հանրային առողջապահութեան պաշտպանութիւնը պետական պատասխանատուութիւն է, որ, առաջին հերթին, կը նշանակէ յատկացուած գումար:

            Երբ կը խօսինք Հայաստանի մէջ թափով աճող COVID 19-ի, ինչպէս սովորութիւն դարձած է ըսել, կորոնավիրուսի մասին, լուսաբանող կրնայ ըլլալ գիտնալ, թէ Հայաստանի մէջ, հանրային առողջապահութեան համար իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար պետութիւնը որքան գումար կը ծախսէ: Կա՞յ նման ուսումնասիրութիւն, կը հրապարակուի՞ նման թիւ: Անգլիա եւ Իտալիա նուազ դրամ ծախսած են, միջին հաշուով, իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար եւ վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ վարակուածներու համեմատութիւնը աւելի բարձր եղած է:

            Պարզ է, որ Հայաստանի իշխանութիւններու վերաբերումը հանրային առողջապահութեան հարցով չդրսեւորեցին ամբողջական գիտակցութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Եղան մակերեսային, մինչեւ որ յայտնի դարձաւ, թէ տասնեակ հազարներ վարակող եւ հարիւրաւոր մահերու պատճառ այս ժահրը ընթացիկ հարբուխ կամ կրիփ չէր, զոր կարելի ըլլար խնամել եւ բուժել տնական դեղերով, արաղով կամ  ծանօթ դեղերով (պարասետամոլparacétamol), այլ անհրաժեշտ էին հիւանդանոցային սարքաւորումներ, որոնք անբաւարար էին: Հիմա այլ երկիրներ կ’օժանդակեն նիւթական յատկացումներով, սարքաւորումներով եւ բժիշկներով:

            Այս բոլորը կը վկայեն, մեղմ ասած, պետութեան թերացման մասին:

            Այս ամիսներու ընթացքին, պետութիւնը եւ իր կառոյցները, հանրային կարծիքը եւ լրատուամիջոցները զբաղած էին դատերով, ամբաստանութիւններով, յարաճուն վէճերով, նոյնիսկ ծեծկռտուքով, նաեւ պերճանքի ծախսերով (միլիոններ ծախսելով պետական բնակարանի նորոգութեան, օդանաւի գնման, անվերջանալի եւ բազմապատկուող բազմանդամ ճամբորդութիւններով): Զբաղած էին նաեւ նոր օրէնքներու մշակումով, որդեգրումով, իշխող ուժին իրաւասութիւնները ընդլայնելու կոչուած Սահմանադրութեան յօդուածներու փոփոխութեամբ: Պատմաբանը օր մը խստօրէն պիտի դատապարտէ հայ ժողովուրդը,- իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, շարքային քաղաքացի եւ սփիւռք(ներ),- որ նոյնիսկ մահասփիւռ համավարակի օրերուն, շարունակեց մնալ խռով վիճակի մէջ, եղաւ զիրար մերժող հոսանքներու, կուսակցութիւններու եւ ղեկավարներու թատերաբեմ, միացեալ ուժերով չդիմագրաւեց վտանգը:

            Այս խառնակ վիճակին մէջ, որուն ելքը դեռ կը մնայ անորոշ, գալիք տնտեսական տագնապը եւ գործազրկութիւնը բիրտ կերպով իրենց գլուխը պիտի ցցենՅետհամավարակ շրջանը պիտի դիմագրաւենք թուրք-ատ

րպէյճանական զարգացող յարաճուն ռազմապաշտութեան սպառնական կացութեան մէջ, Հայաստան, ինչպէս նաեւ  Եւրոպան եւ արաբական աշխարհը:

            Տկարացած եւ պառակտուած Հայաստանը (նաեւ՝ սփիւռքով), ինչպէ՞ս պիտի առողջացնէ տնտեսութիւնը, երկրին մէջ պիտի պահէ ժողովուրդը, մէկ խօսքով պիտի պահէ ազգը եւ հայրենիքը: Այս պահուն պերճանք կրնայ համարուիլ հայրենադարձութեան կարգախօսը:

            Այս կարգի հաստատումներէ ետք, հայ մարդը իր պարզ ողջախոհութեամբ հարց կու տայ. «Ի՞նչ պէտք է ընել»: Եթէ ղեկավարութիւնները չըսեն, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, եւ ինչպէ՞ս, կրկին կը տարտղնուինք, կը ստեղծենք «նոր սփիւռք(ներ)», կը ծառայենք պատմութեան բեմէն որպէս ինքնուրոյն ժողովուրդ եւ երկիր մեր անհետացման:

            Ճիշդ է, տեղեկացնել, վերլուծել, վիճակագրութիւն կազմել, տեսութիւններ մշակել բացասական չեն: Բայց անոնք անօգուտ են, եթէ չյանգին գործադրուող առաջարկներու, պարզապէս՝ ԳՈՐԾի: Մեր պարագային, ԳՈՐԾի համար կենսական անհրաժեշտութիւն է ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆը, որուն լոյսին տակ պէտք է վերջ տալ պառակտումներուն, մէկ կէսի միւս կէսի դէմ պայքարին, ծնունդ տալ այն առաքինի քաջութեան, որ կրնայ ըսել, թէ միւսն ալ իրաւունք ունի: Այս ընթացիկ քուէարկութեամբ ստացուած մեծամասնութիւն-փոքրամասնութիւն ժողովրդավարական ընդունուած կրկէսի խաղէն անդին է:

            Այսօր պէտք է յառաջացնել ներազգային իրաւ համապարտութիւն (solidarity), ուժերու եւ կարողութիւններու կեդրոնացումով եւ նպատակաուղղուածութեամբ:

            Երբեմն կը մտածեմ, որ հոգիով եւ միտքով դեռ ի վիճակի՞ ենք հոլովուած եւ կրկներեւոյթի նմանող միասնութիւնը իրականացնելու, միասնական ղեկավարութեամբ, ուր մարդիկ զիրար գտնեն ո՛չ իրենց քէներով, ո՛չ փառասիրութեամբ, ո՛չ դիրքապաշտութեամբ եւ ո՛չ ալ չարաշահական միտումներով:

            Այսինքն իրաւ հեղինակութեամբ կառավարում կը փնտռուի: Այսօր այդ դժուար կը թուի, քանի որ այնքա՜ն պայքարած ենք զիրար հեղինակազրկելու համար:

            Ժամանակն է, որ միշտ տեղ մը ողջախութիւն պահած ժողովուրդը մերժէ պատեհապաշտները, ամէն կարգի ամբոխավարները եւ ամբոխահաճութիւնը իշխանութեան հասնելու միջոց գործածողները: Այսինքն, մերժելով երեւելիութիւնները, մեքենայութիւններու (քոմպինացիա) ասպետները, սակաւապետութիւնը, գերանցելով խրամներու պատերազմը, լսէ իր հարազատ մտաւորականութիւնը:

            Իրաւ միասնութիւն նուաճել եւ իրաւ արժէքներով առաջնորդուիլ, ո՛չ թէ յաւելեալ իրաւունքի համար, այլ յաւելեալ պարտքի:

            Այս ընելու համար անհրաժեշտ են քաղաքացիական-ազգային երկու զուգահեռ գիտակցական մակարդակներ. առաքինութիւն (զոր հռոմէացիները կը սահմանէին որպէս հոգեկան ուժ) եւ քաղաքացիական հասունութիւն (միասին ապրելու եւ գործելու յանձնառութիւն):

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.