«Էրտողանի վարչակարգը»՝ անողոք ամբաստանագիր մը
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի հարցազրոյցը «Ֆրանս Արմենի»-ին:
-Ինչո՞ւ ցանկացաք գիրք մը գրել Էրտողանի եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ վերաբերեալ։
– Թուրքիան անմիջականօրէն չի գտնուիր ֆրանսացիները յուզող հիմնական հարցերու շարքին։ Այդուհանդերձ, ֆրանսացիները, ինչպէս նաեւ բոլոր եւրոպացիները, մեծապէս թիրախ կը հանդիսանան Էրտողանի սահմանած կայսերապաշտական ռազմավարութեան։ Էրտողանը զօրաւոր ղեկավար մըն է, ան կարող է, ան իր իշխանութիւնը կառուցած է իր երկրին մէջ եւ իր երկրին համար, նպատակ ունենալով ստեղծել անշրջանցելի Թուրքիա մը՝ ոչ միայն տարածաշրջանին, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ այդ նպատակով թուրքական սփիւռքը օգտագործած է՝ արեւմտեան շրջանակներուն մէջ ներթափանցելու իր ռազմավարութիւնը գործնականացնելու համար։ Ես կը մատնանշեմ այդ, կը պատմեմ այդ մասին, եւ կը դատապարտեմ զայն։ Ֆրանսան առաջնահերթութիւն է Էրտողանի համար, եւ ես ցանկութիւն ունեցայ այս գիրքի միջոցով, որը լոյս տեսած է Ֆրանսայի ամենէն մեծ հրատարակչատուներէն մէկուն՝ Robert Laffont-ի միջոցով, ապացուցել, որ Էրտողանը սպառնալիք մըն է Ֆրանսայի եւ ֆրանսացիներուն համար։
-Ձեր գիրքը, “Le régime Erdogan”, կազմուած է իբրեւ իսկական ամբաստանագիր մը՝ ուղղուած Էրտողանի Թուրքիոյ, եւ որուն դատախազն էք դուք։ Արդեօք ժամանակը եկա՞ծ է արդէն որպէսզի հանրային կարծիքը դատէ անոր գործունէութիւնը։
-Այո, ժամանակն է արթըննալու։ Ժամանակն է հասկնալու, որ Էրտողան, որը քսան տարիէ ի վեր իշխանութեան վրայ է, բաւարար ժամանակ ունեցած է հասունցնելու եւ հաստատելու իր ռազմավարութիւնը։ Այս գիրքի միջոցով, ես կ’ուզեմ ահազանգ հնչեցնել, ոչ միայն հանրային կարծիքի այլ նաեւ գաղափարի բոլոր առաջնորդներու, քաղաքական որոշում կայացնողներու, խորհրդարանականներու, կառավարութեան անդամներու, ու նաեւ, անշուշտ, հանրապետութեան նախագահին ուղղութեամբ։ Միաժամանակ կը ցանկանամ հաղորդակցիլ լրատուամիջոցներուն հետ, խորացնելու համար Էրտողանի վարչակարգի առնչութեամբ ունեցած անոնց ընկալումը։ Ժամանակն է «Էրտողան պարագան» սեղանի վրայ դնել։
-Իւրաքանչիւր գլուխ կը պարունակէ տասնեակ մը իրողութիւններ, թիւեր, մեղադրանքի տուեալներ՝ ընդդէմ Թուրքիոյ։ Պէ՞տք էր ուրեմն այսպիսով, բազմաթիւ տեղեկութիւններով, ապացուցել այս վարչակարգին վտանգաւոր էութիւնը։
-Այս վարչակարգը սպառնալիք մըն է թուրքերու համար։ Իր բռնապետական վարքագիծով, որը կը մանրամասնեմ գիրքիս մէջ, Էրտողան իր ժողովուրդին ծունկի բերած է իր առջեւ։ Յուլիս 2016-ի «պետական հարուած»-ի պատրուակը օգնեց Էրտողանին որպէսզի զտէ երկիրը իր ընդդիմութեան մեծ մասէն։
Այս վարչակարգը սպառնալիք մըն է փոքրամասնութիւններու համար։ Ցոյց կու տամ թէ անոնք ի՛նչ վերաբերմունքի կ’արժանանան թուրք կառավարութեան կողմէ։
Այս վարչակարգը սպառնալիք մըն է նաեւ արտասահմանին համար։ Էրտողան ստեղծած է կայսերապաշտական վարչակարգ մը։ Ան կ’ուզէ վերականգնել Թուրքիոյ երբեմնի մեծութիւնը աշխարհին մէջ, եւ վերադառնալ Օսմանեան կայսրութեան զօրութեան՝ ֆիզիքապէս գրաւելով աշխարհի որոշ մասերը եւ յատկապէս տնտեսապէս տիրապետելով այլ մասերու։ Ան հիմնած է իր ազդեցութեան գօտին՝ կազմակերպելով իր սփիւռքը, անոր տուած է ուժ եւ կարելիութիւններ, ֆինանսապէս ապահովելով անոր ղեկավարներու կեանքը, եւ ճշդած՝ հանրային դաշտը գրաւելու ռազմավարութիւն։ Ներթափանցումի ռազմավարութիւն մը՝ բոլոր օգտաւէտ միջավայրերէն ներս։
-Դուք յաճախ կ’անդրադառնաք Էրտողանի հանդէպ Ֆրանսայի սիրայօժար կեցուածքին։ Ֆրանսան ինչպէ՞ս պէտք է վերաբերէր Թուրքիոյ՝ վերջին աւելի քան 40 տարիներու ընթացքին։
-Շա՛տ աւելի խստութեամբ։ Թուրքիա կը հասկնայ միմիայն ուժի լեզուն։ Եւ դժբախտաբար, արեւմտեան ղեկավարները տկար են, իսկ Էրտողանը ուժեղ։ Ուրեմն Թուրքիան է որ ինքզինք կը պարտադրէ՝ հակադարձ ուժի յարաբերակցութեամբ։ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան մէջ, ամէն ինչ սեղանի վրայ պէտք է դնել։ Եւրոպացիները բաւականաչափ յստակ չեն եղած հայոց ցեղասպանութեան, փոքրամասնութիւններու՝ ընդհանրապէս եւ քիւրտերու՝ մասնաւորապէս, Կիպրոսի եւ Յունաստանի, մարդու իրաւունքներու, կանանց իրաւունքներու հարցերուն առնչութեամբ։ Կը մեկնին այն սկզբունքէն, թէ պէտք չէ բախուիլ Թուրքիոյ հետ։ Այս դատողութիւնը, որ կը պատկանի դիւանագէտերուն, թուրքական հոգեբանութիւնը չճանչնալու արդիւնք է։ Թուրքիան տկար է ուժեղներու հետ, եւ ուժեղ՝ տկարներու հետ։ Եթէ տկարութեան նուազագոյն նշոյլ տեսնէ, կը տարածէ իր ուժը։ Այս է որ պատահած է։
-Նախաբանին մէջ կը յիշեցնէք, որ Թուրքիա չի վարանիր սպաննել Ֆրանսայի հողին վրայ եւ կը սպառնայ բոլոր անոնց՝ որոնք կ’ընդդիմանան իրեն։ Ձեր կարծիքով, որ ապրած էք եւ կամ տակաւին կ’ապրիք այդ սպառնալիքը, ինչպէ՞ս կը գործադրուի այն։
-Չափազանց լուրջ հարց մըն է։ Գիտեմ որ Ֆրանսայի ապահովական սպասարկութիւնները շատ մօտէն կը հսկեն թուրքական շրջանակները ընդհանրապէս, եւ մասնաւորապէս՝ բիրտ ուժ գործադրող կազմակերպութիւնները։ Թուրքական գաղտնի սպասարկութիւնները, MIT-ը, որ շատ յստակօրէն մեղադրուեցաւ Յունուար 2013-ին՝ երեք մարտնչող քրտուհիներու սպանութեան համար, գիտէ որ իր գործողութիւններն ու շարժումները կը հսկուին։ Արդեօ՞ք այս հսկումը բաւարար է Ֆրանսայի մէջ նոր սպանութիւնները կանխելու համար։
Ճիշդ է, որ ես բազմաթիւ անգամներ թուրքական այս սպառնալիքի թիրախը եղած եմ։ Գործիս վայրէն գողցուած է համակարգիչս եւ միեւնոյն ատեն՝ ինքնշարժս գողցուած է բնակարանիս մօտակայքէն, եւ վերագտնուած՝ երկու շաբաթ ետք։ Կանոնաւոր կերպով անձինք յայտնուած են բնակարանիս մօտ, որոնք յատուկ ճիգ կը բանեցնեն նկատուելու, ինծի հասկցնելու՝ որ հոս են։ Նոյնիսկ Թուրքիոյ դեսպանատան ինքնաշարժեր յայտնուած են իմ բնակարանիս մօտակայքը։ Կ’ուզեն ճնշել, վախցնել։ Պատգամը հետեւեալն է՝ «մենք գիտենք ուր կը բնակիս, ուր կ’աշխատիս, քեզի հետեւելու միջոցները ունինք, եւ կրնանք աւելի հեռուն երթալ»։ Վտանգ մըն է, որ պէտք է ընդունիլ երբ հանրային անձնաւորութիւն էք։ Ես ընդունած եմ այդ վտանգը․ այդ մեր պայքարն է։ Արդեօք կը վախնա՞մ։ Այո եւ ոչ։ Գիտեմ, որ վտանգը իրապէս առկայ է։ Էրտողան սպառնալիք մըն է իր ընդդիմադիրներուն համար։ Ան այնքան ինքզինք զօրաւոր կը զգայ, որ պատրաստ է ամէն տեսակի խենթութեան։ Ֆրանսան կրնա՞յ մեզի պաշտպանել։ Հարցումը ուղղուած է։
-Դուք նաեւ կ’ընդգծէք, թէ բացի քիւրտերէն, կիպրացիներէն կամ հայերէն, Էրտողան սպառնալիք է նոյնինքն թուրքերուն համար։ Ո՞րն է Էրտողանի երազած ընկերութիւնը։ Էրտողանը միանձնեա՞յ ուժ մըն է, թէ՞ կը ներկայացնէ համակարգ մը, որ միշտ առկայ եղած է Թուրքիոյ մէջ։
-Էրտողանը բռնապետ մըն է։ Ան կ’երազէ իրեն հլու հպատակ ընկերութեան մը մասին։ 2023-ին Թուրքիա պիտի տօնէ իր 100 ամեակը։ Էրտողան կ’երազէ վերընտրուիլ երկրի ղեկին, դառնալ 21-րդ դարու Աթաթիւրքը։ Ղեկավարին անհատականութիւնը հիմնական նշանակութիւն ունի։ Էրտողան զօրաւոր մարդ մըն է, եւ կ’ուզէ իր դիմագիծը ունեցող Թուրքիա մը։ Թուրքիան կրնա՞յ փոխուիլ։ Այո, ի հարկէ, եւ պէտք է որ փոխուի։ Այդ փոփոխութիւնը պիտի կատարուի շատ երկար գործընթացով մը։ Ամէն ինչ պէտք է կատարուի որպէսզի Էրտողան պարտուի 2023-ի ընտրութիւններուն, եւ որպէսզի նոր ղեկավարը սկսի՝ իր երկար երթը դէպի ժողովրդավարութիւն։ Նպատակը մեծ է, եւ ան պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ ժողովրդավար երկիրներու եւ նոյնինքն թուրք ժողովուրդին համար։ Պէտք է ընդդիմութեան եւ մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւններուն միջոցներ տալ որպէսզի կարենան մղել 2023-ի պայքարը եւ յաղթեն։
Այդ պարագային, Էրտողան այլեւս պաշտպանուած չըլլար իր անձեռնմխելիութեան շնորհիւ։ Իմ գիրքս եւ գոյութիւն ունեցող բոլոր փաստաթուղթերը պէտք է հիմք ծառայեն՝ Էրտողանը միջազգային դատարանի առջեւ քաշելու, պատերազմական ոճրագործութեան, մարդկութեան, քիւրտերու եւ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ հայերու նկատմամբ կատարուած ոճրագործութեան մեղադրանքով։ Այս է այն պայքարը որ մենք պէտք է մղենք։
-Նման ամբաստանագիրէ մը ետք, ինչպէ՞ս կ’ընկալէք Հայաստանի եւ Էրտողանի Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնեցման փորձը։
-Փաշինեայի Հայաստանը եւ Էրտողանի Թուրքիան կը պատրաստեն ընդհանուր համաձայնագիր մը, որ պիտի ամրագրէ թուրքական աշխարհի տիրապետութիւնը Հայաստանի վրայ։ Որովհետեւ Թուրքիան բնականոնեցում չ’ուզեր։ Թուրքիան կ’ուզէ տիրապետել Հայաստանին։ Արդէն իսկ խմբագրուած «բնականոնեցման» համաձայնագրով մը Անգարա կ’ուզէ երեք պայման պարտադրել Հայաստանին․
- Թուրքիոյ ներկայ սահմաններու ճանաչում, այսինքն փաստօրէն՝ հրաժարում հողային պահանջներէն։
- Ազրպէյճանի ճանաչում, որու սահմաններէն ներս պիտի գտնուի Արցախը։
- Հրաժարում հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարէն։
Այս նախագիծին դէմ է որ պէտք է պայքարիլ, եւ որուն դէմ ալ մենք կը պայքարինք՝ մեր բոլոր ուժերով։
– Ձեր կարծիքով արդեօք Հայաստանը հարկադրուա՞ծ, անգիտակի՞ց կա՞մ յօժարակամ է այս պայմաններու մէջ յարաբերութիւններու բնականոնեցումը ընդունելու համար։
-Փաշինեանի վարչակարգին պատմութիւնը մեզի չի պատկանիր։ Անոր ճանապարհային քարտէզը շատ յստակ է․
Ան չ’ուզեր Հայաստան-Սփիւռք միասնականութիւն, այլ կ’ուզէ իրեն ենթակայ Սփիւռք մը։
Այդ կ’ապացուցէ Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի գործունէութիւնը ամէն օր։
Ան չ’ուզեր, որ Արցախը ըլլայ հայկական։ Անցնող Ապրիլ ամսուն յստակօրէն յայտարարած է Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ, որ Արցախը պիտի յանձնուէր Ազրպէյճանին։
Ան Թուրքիոյ կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում չ’ուզեր, եւ ոչ առաւել եւս՝ հատուցումներ։
Փաշինեանը այս բոլրէն ոչ մէկը կ’ուզէ։ Ան շատ գիտակից է, շատ յօժարակամ, եւ երբեք հարկադրուած ըլլալու նշան ցոյց չէ տուած։ Մենք շատ մօտէն կը հետեւինք վարչակարգի զարգացումներուն, եւ ես համոզուած եմ, որ Սփիւռքը կրնայ կացութիւն ստեղծել, եւ կրնայ արգիլել որպէսզի յոռեգոյնը չպատահի։ Չրչիլը կըսէր, «անպատուութեան գինով խաղաղութիւն ուզելով, հիմա ունինք պատերազմ եւ անպատուութիւն»։
Մենք կ’ուզենք խաղաղութիւն եւ պատիւ։ Մենք արժանապատիւ խաղաղութիւն կ’ուզենք։ Մենք դէմ ենք Էրտողանի եւ Ալիեւի կողմէ ստեղծուած եւ Փաշինեանի կողմէ ի վնաս հայ ժողովուրդի շահերուն վաւերացուած խաղաղութեան։
Արթըննա՛նք։ Իրավիճակը լուրջ է։
– Փոխենք հարցումին ուղղութիւնը․ ի՞նչ հիմքի վրայ կրնանք պատկերացնել խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Թուրքիա կրնա՞յ ժողովրդավար դառնալ առանց արտաքին ճնշումի։
-Խաղաղութեան գործընթացը պէտք է հաստատուի շինիչ հարեւաններու հետ։ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը բռնապետական, ցեղապաշտական եւ կայսերապաշտական վարչակարգեր են, որոնք քէն կը սերմանեն հայերու, ժողովրդավարական արժէքներու եւ ազատութեան դէմ։ Թուրքիան պարտաւոր է իր ժողովուրդին համար, բայց նաեւ իր գործընկերներուն համար, կողմնորոշուիլ դէպի առաւել հանդուրժողականութիւն եւ ժողովրդավարութիւն։ Արտաքին ճնշումը պէտք է, անկասկած․ մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ գործընկեր պետութիւններու ղեկավարներուն կողմէ, որոնք պէտք է յարգանք պարտադրեն Էրտողանին։ Յարգանք պարտադրել, ձայն բարձրացնել, գլուխ բռնել Էրտողանի հետ՝ նախապայմաններ են որպէսզի ժողովրդավար կառոյցները կարենան պարտադրել իրենց կամքը։ Բայց ամենէն առաջ պէտք է, որ Էրտողան պարտուի 2023-ի ընտրութիւններուն։
– Արդեօ՞ք Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ձեր մուտքը արգիլել եւ ձեզի անբաղձալի անձ յայտարարել, Թուրքիոյ հաճոյանալու փորձ մըն էր Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ։
-Շատ հաւանաբար։ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք իմ մուտքը արգիլելէն քանի մը օր առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեվլիւթ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր թէ՝ Սփիւռքը հիմնական խոչընդոտ էր հայ-թուրքական յարաբերութիւններու «բնականոնեցման» ճամբուն վրայ։ Մեր գործունէութիւնը եւ մեր ընդդիմութիւնը այս գործընթացին նկատմամբ, 2009-էն ի վեր, յայտնի է բոլորին։ Ես այս պայքարի առաջին գիծին վրայ եղած եմ։ Մենք խոչընդոտ ենք։ Ուրեմն պէտք էր զիս տկարացնել՝ Հայաստան իմ մուտքը արգիլելով։ Ես արդէն իսկ անբաղձալի անձ էի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ, իսկ այսուհետեւ՝ նաեւ Հայաստանի մէջ։
Սակայն որոշած եմ դատական ընթացակարգ սկսիլ Հայաստանի մէջ, որպէսզի չեղարկուի վարչապետի կամայական այս որոշումը։ Գործի հրաւիրած եմ հանրայայտ փաստաբան՝ Սիրանուշ Սահակեանը, որպէսզի վարէ դատական ընթացակարգը, եւ միաժամանակ զիս ներկայացնելու համար լիազօրած եմ Հ․Յ․Դ․ պատգամաւոր, իրաւաբան եւ տնտեսագէտ՝ Արծուիկ Մինասեանը։
Օրինական բոլոր միջոցները պիտի օգտագործեմ վերականգնելու համար իմ իրաւունքները։
Հայաստանը Նիկոլ Փաշինեանի անձնական սեփականութիւնը չէ։ Հայաստանը սիրել, կը նշանակէ ամէն ճիգ ի գործ դնել որպէսզի ան իրապէս ընթանայ ժողովրդավարութեան ճամբով, յարգելով իւրաքանչիւր անհատի եւ բոլորի իրաւունքները եւ անհատական ազատութիւնները։ Այս պահուն, երբ Հայաստանի իշխանութիւնը առաւել խոր արմատներ կը ձգէ, կարեւոր է որպէսզի բոլորս զօրաշարժի ենթարկուինք՝ դադրեցնելու համար բռնապեդտական այս շեղումը։