Զօրակցինք Արցախին. ՀՅԴ Գանատայի Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբի դրամահաւաքը հասած է 400 հազար տոլար եւ կը շարունակուի
Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած թուրք-ատրպէյճանական ռազմական սադրանքներու յաջորդող օրերուն իսկ Գանատայի ՀՅԴ Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբը զօրաշարժի իրավիճակի մէջ է։ Արդէն իսկ նուիրահաւաքը հասած է 400 հազար տոլար գումարի։ Դրամահաւաքի կոչին ընհառաջ գանատահայերը կուռ շարքերով մասնակից են։
Սեպտեմբեր 26 թուակիր իր հաղորդագրութեամբ, յանձնախումբը նշած էր. «Այսօր, մեր սուրբ հողը՝ մեր Արցախը անգամ մը եւս կը կանչէ մեզի։ Այսօր, բոլորս ունինք մէկ նպատակ՝ Արցախ եւ բիւր գործեր, յանուն անոր խաղաղ ապրելու իրաւունքին»։
Համագանատական այս ազգային նուիրահաւաքը կը շարունակուի. Արցախի համար ձեր մասնակցութիւնը ակրնաք ունենալ այցելելով՝ https://camam.akaraisin.com/ui/ArtsakhAid կամ գրել ArtsakhAid@armenian.ca եւ կամ հեռաձայնել 1 833 426 2867, 1 833 GAMAVOR վերտառութեամբ: