Զգոյշ՝ սուրիահայութեան, լիբանանահայութեան եւ հայրենիքի կենսական առկայութիւնը չվերածենք Պերմուտայի եռանկիւնի կլանող յորձանուտի

Ժան Հալաճեան

Ո՜վ զարմանալի, Գաբրիէլ հրեշտակապետը եւ Սադայել սատանայապետը իրենց վիճակուած առաքելութիւնը, փոխ շահաւէտ համագործակցութեան վերածած, այսօր կը դեգերին Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներուն գլխին, ձեռք-ձեռքի տուած, հոյակապ համաչափութեամբ մահուան թանկօն ու վալսը կը կատարեն: Կատաղի վայնասունային հեւքով արբշիռ, լայն բանալով մահուան ուրկանը, ցնծութեամբ կը շեփորեն մահուան փողը: Միւս կողմէ, մահասփիւռ գերանդին կը սրեն, անմեղ մարդոց անյագ հունձքով մը, առաւել մրցանիշ արձանագրելու խելագարուած տենդով ու խղճի սառնութեամբ՝ կը տօնախմբեն անժամանակ ու անարդար մարդկային զոհերու առատ «բերքը»:

Լիբանանահայութեան կրկնակի աղէտները եւ սուրիահայութեան անհամատեղելի մորմոքները, կրկին դարձան համայն հայութեան մտահոգութեան առաջնահերթ օրակարգը: Եւ Ինչպէ՞ս չդառնային մեր անմիջական կիզակէտը. Արիւնաքամ եղած եւ հոգեվարքի յառաջանքներ արձակող մեր ժողովուրդի կանչերուն կարելի՞ էր չընդառաջել՝ համապատասխան ահազանգ հնչեցնելով։

Հայահոծ զոյգ գաղութներուն կը վերագրուին ածականներ, որոնք կու գան հաստատելու հայաշխարհի տարածքին անոնց խաղացած առանցքային դերին որպէս վկայութիւն: Անոնք սիամական երկգլխանի երկուորեակի նման կը տնքան նոյն հոգեմտաւոր ցաւերով, կը խնդակցին նոյն իրագործումներով ու կ’ուրուագծեն նմանատիպ ապագայ յայտնութիւններ: Անոնք նոյնացած են իրենց ճակատագրով, առաքելութեամբ ու պատմական ակունքներով։ Իրենց իւրայատկութիւններով զիրար լրացնող եւ ամբողջացնող գաղութներ են, փոխ ներգործութեամբ կը գոյակցին ու կը կենսագործեն, հակառակ տարբեր պետութիւններու քաղաքացիական պատկանելիութեան հանգամանքին։ Չկայ հայ տուն մը, որ չունենայ իր շառաւիղէն մօտ ազգական կամ ծանօթ զոյգ գաղութներուն մէջ: Առ այդ, զոյգ գաղութներուն անքակտելի պորտակապը ո՛չ մէկ միջամտութեամբ կարելի է տարանջատել, եւ նոյնացած էութիւնները արուեստականօրէն դրժել։

Այս ահուդողին մէջ, մարդկային կորուստներէն անդին շատ աւելի մտահոգիչ երեոյթ մը կայ, որուն համապատասխան պէտք է արձագանգենք նաե՛ւ: Արդ, Թուրքիա՝ քաղաքական իր արիւնոտ թաթերը երկարած, մերթ մարդասիրական պիտակի տակ, մերթ զինուորական կոշտ միջամտութիւններով կը փորձէ աշխարհաքաղաքական հարթակի վրայ նոր տարածքներ իր գերիշխանութեան տակ առնել, ընդլայնելով ազդեցութեան գօտին, ի լուր միջազգային հանրային կարծիքին ու օրէնքներուն: Լիբանանի նաւահանգիստի աղէտի առաջին ժամերուն ի՛սկ, իր դիւանագիտական մեքենան լարած, արտգործնախարար՝ Չաւուշօղլուի անձով, ներկայութիւն հաստատեց աղէտի գօտի, ու իր ծաւալապաշտական օրակարգով փորձեց թաքցնել աղուէսի ախորժակները, իր էութեամբ ու բնոյթով մարդկային օժանդակութիւններու ու շինարարական ծրագիրներու ծածկոյթով:

Մինչ, հայկական դիւանագիտական ներկայութիւնը, համեստ էր: Թէեւ նիւթական առաքումներուն կարգին եւ արագ ըլլալը գնահատելի անդրադարձ էր հայրենի պետականութեան կողմէ: Սակայն սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատարի անձով, պարոն Սինանեանով ներկայացուած պատուիրակութիւնը, ու անոր «տունդարձի» աղօտ պատկերացումները, աւելի անվստահութիւն ներշնչեցին հայ զանգուածներուն, քան՝ վստահութիւն: Պրն. Սինանեան լաւ իւրացուցած պէտք է ըլլար պատմութիւնը ու իմանար, որ արդի Հայաստանի ժողովրդագրութեան (demograph)  առումով,  Ռուբէն Տէր Մինասեան ու իր խմբապետները տարիներ տնքեցան Հայաստանի բնակչութեան հայկական դիմագիծի շեշտաւորման ի խնդիր։ Ռուբէն փաշայի ոսկորները պիտի դղրդան, ի տես սփիւռքի հարցերու պաշտօնակատարին տհաս արտայայտութեան, երբ ծով արեամբ հայացած Հայաստանի հողը վայել կը տեսնէր օտար ազգի բնակչութեան մը բարեհաճոյ ներկայութեամբ, որոնք իբր թէ սպառնալիք չեն Հայաստանի անվտանգութեան, ցուցաբերելով, իբր թէ, գոյակցութեան կարծեցեալ հանդուրժողականութիւն: Այսօր, պահը չէ մտքի մարզանքներ կատարելու եւ խարխափող արժեհամակարգով առաջնորդելու հանրային կարծիքը: Նման սին ռազմավարութիւն քաղաքական պաշտօնական հայ այրը չի կրնար  հիւսել:

Կը հաւատանք, որ առաջին  ահազանգի ղօղանջով, Հայաստանի վարչապետի կամ նախագահի մակարդակով պէտք է ներկայացուած ըլլար պաշտօնական ներկայացուցչական պատկերը, որպէսզի հոգեբարոյական իմաստով աւելի մերձեցում ցուցաբերած ըլլայինք արհաւիրքի ժամերուն, ըլլա՛յ Լիբանանի պետականութեան, ըլլա՛յ (անոր ընդմէջէն) հայ գաղութի զաւակներուն: Բարոյական աքթերը իրենց իւրայատուկ հնչեղութիւնը ունին, որոնք ճգնաժամի ճնշուածութիւնը կարող էին թեթեւցնել ու անօթեւան ու անապաւէն հայորդիին բարոյական յաւելեալ նեցուկ ու պլպլացող աղօտ յոյսի ճրագ հանդիսանալ:

Հայ քաղաքական բարձրագոյն պաշտօնական ներկայութիւնը ի Լիբանան նաե՛ւ արագ պատասխան պիտի ըլլար Թուրքիոյ նկրտումներուն, ուր թումբ կանգնած պիտի ըլլայինք քաղաքական յաւելեալ տարածք գրաւելու իր վառ ախորժակներուն: Թուրքիան, Փանթուրքիզմը ողջ կը պահէ, եւ Թուրանիան իրականացնելու համար նոր յենակէտերու փնտռտուքով առլցուն՝ քայլ առ քայլ հետեւողական ու ծրագրուած մակընթացութեամբ կ’առաջնորդուի, ի հեճուկս միջազգային օրինչափութիւններուն: Ճիշդ այս նրբութիւններուն ի տես, որոնք կը խմորուին մեր քթին տակ, Ամենայն Հայոց Կառավարութեան ճանապարհով պէտք է ամրագրուին ու զարգանան Երկիր-Արտերկիր համագործակցութեան եւ համակարգումի նախաձեռնութիւնները:

Լիբանանահայութեան քաղաքական կարգավիճակը այնքան աչքառու եւ այնքա՜ն ռազմավարական նշանակութիւն կը պարփակէ, ուր կ’արժէ ի գին նոյնիսկ մեծ զոհողութիւններու զայն պահել, ու պահպանել անոր մակարդը: Թէեւ ինքնանպատակ չէ՛ հայկական գաղութի ճակատագիրը, սակայն քաղաքական ու ընկերային իւրայատուկ կարգավիճակը, գուրգուրանքի արժանի առաւելութիւն է։ Օրինակ, չկայ սփիւռքեան գաղութ մը, ուր աշխարհակալ  պետութիւններու դեսպաններ ու օտարազգի քաղաքական բարձրագոյն պաշտօնատարներ կ’այցելեն քու կեդրոնններդ, կարեւորելով քու դերդ ու ներկայութիւնդ այդ տարածաշրջանին մէջ, անշուշտ միշտ մեկնած իրենց սեփական հաշիւներէն։

Այս պահուն՝ արիւնաքամ եղած հայկական զոյգ գաղութները Սուրիոյ եւ Լիբանանի, նշդրակային օժանդակութեան անյետաձգելի կարիքը ունին։ Աւելի ուշ, ռազմավարական մեծ վերնագիրներով կարելի է քննել ու ծրագրել արմատական մօտեցումներ, որոնցմէ հիմնականը զանգուածային հայրենադարձութիւնն է։ Այս օրակարգի շեշտադրումը պէտք չէ սահմանափակուի Միջին Արեւելքի գաղութներուն մէջ ատեն-ատեն զարգացող անհանգստացուցիչ պարագաներով կամ օրհասական երեւոյթներու դրսեւորումներով: Նոյնքան եւ աւելի՛ն, այդ օրակարգը արեւմտեան երկիրներու հայորդիներուն համար ալ կենսատու աւիշ է եւ ազգային փրկութեան լաստ։ Երկա՜ր ուսումնասիրութիւններու ու առարկայական տուեալներու կարելիութեամբ, ենթակայական արդարացի գործօնը պիտի վերածենք իրականանալի ծրագրի: Հայրենասիրական կանչերէն անդի՜ն է մասսայական հայրենադարձութիւն կազմակերպելը: Այլապէս, այս պայմաններուն տակ նման լոզունգ մը, խոշոր քար վերցնելու կը նմանի, որ ապացոյց  է չխփելու։

Հետեւաբար, լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան վիճակուած ճակատագրի վախճանակէտը, սոսկ զանգուածային հայրենադարձութեան բաղձանքի դեղատոմսով եւ հայրենասիրական լոզունգներով կարելի չէ լուծել: Հոն պէտք է գոյաւորուին առարկայական այնպիսի պայմաններ, որոնց հիմնականը կը կազմէ հայրենի պետականութեան նուազագոյն կարողականութիւնը՝ ընդունելու եւ պարփակելու այդ հոծ զանգուածները, որուն իրապաշտ իրագործումը կը կարօտի պետական Marschall Plan-ի համազօր ծրագրի ու միջազգային ուժերու ու գերպետութիւններու առանցքային ԱՅՈ-ներու: Մինչ, մասնակի բոլոր գաղթի քայլերը, մէկ հասցէ պէտք է ունենան՝ Հայաստան-Արցախ, որոնց կենդանի օրինակները արդէն կը հնչեն քաղաքական բեմերէն:

Գաղութ պահպանելը (թէկուզ նօսր թիւերով) եւ անհատական հայրենադարձութեան նախաձեռնութիւնները զուգահեռ առարկաներ են եւ ո՛չ թէ իրարու հակադրուող երեոյթներ, ինչպէս շատեր կը փորձեն ներկայացնել:

Միջին Արեւելքի գաղութներու օրակարգին վրայ նուազ կարեւոր տեղ չի գրաւեր սուրիահայութեան իրավիճակը, ի տես թագաժահրի զոհերու թիւի մագլցումին ու բժշկական նախնական խնամքի համարեայ բացակայութեան: Ինչպէս գիտենք, Սուրիան  կը տնքայ արեւմուտքի ազդեցութեան պատժամիջոցներուն տակ: Ան, պայքարի խրամատին մէջ առանձին պէտք չէ մնայ: Ազգովին ընդառաջենք պաղատագին կոչերուն, երբ դեռ եւս ուշ չէ։ Բոլոր բարեսիրական հայկական կազմակերպութիւններուն եւ անհատներու նպաստներուն շօշափելի բաժին մը պէտք է ուղղորդուին այդ գաղութին: Ճիշդ է, արեւմուտքը իր գիտական եւ նիւթական բոլոր կարելիութիւններով չկրցաւ տոկալ ժահրի հարուածներուն ու տուաւ մեծ թիւով զոհեր, սակայն մեր նօսրացած գաղութները չունին այդ պերճանքը՝ յաղթահարել վարակի ճգնաժամը ի հաշիւ յաւելեալ զոհերու:

Հայաստանի պետական արկղի այսօրուան համեստ կարելիութիւններով, մեծ մարդասիրական օժանդակութիւններ առաքելու սպասումներն ալ սին փափաքներ են։ Պէտք է համահայկական բոլոր կարելիութիւններով, միջազգային կազմակերպութիւններու այս նպատակով ուղղորդուած նիւթական հոսքը հասնի հայրենիքի արկղ ու այնուհետեւ դէպի գաղութներ։

Սփիւռք-հայրենիք համատեղ գործակցութեամբ ու դասաւորումներով կարելի է զգալիօրէն թեթեւցնել հայրենասիրութեամբ տրոփող զոյգ գաղութներուն մորմոքը: Այլապէս, այդ հայկական ոսկի եռանկիւնը, լոզունգներու եւ մտքի մարզանքի պատկերացումներու ներքեւ, կրնայ կորիլ հայկական ՊԵՐՄՈՒՏԱՅԻ մը կլանող յորձանուտին մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.