«Զաւարեան Մատենաշար»-ի Վեց Նոր Հատորներու Շնորհահանդէս
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, գործակցութեամբ ՀՅԴ «Զաւարեանե ուսանողական միութեան, հինգշաբթի, 25 յունուարին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Զաւարեան մատենաշար»-ի վեց հատորներու շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ հայր Գաբրիէլ Մուրատեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ` դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի, հոգեւոր հայրերու, պետական անձնաւորութիւններու, քաղաքական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմին, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, կրթական, ընկերային բարեսիրական միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու:
Բացման խօսքը հրատարակչատան կողմէ արտասանեց Իզապէլ Տիարպի, որ նկատել տուաւ, թէ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը իր հիմնադրութեան օրէն յատուկ կարեւորութիւն ընծայած է յեղափոխական-գաղափարական գրականութեան նկատմամբ, եւ յեղափոխական դէմքերու, դէպքերու եւ պատմութեան հատորներով հարստացուցած` ազգային գրադարանը, եւ այս առաքելութեան ծիրին մէջ է «Զաւարեան մատենաշար»-ի հատորներու լոյս ընծայումը, որ ունի թելադրական խոր պատգամ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ ծրագրին մասնակից բոլոր անհատներուն եւ ներկայացուց 4 հատորներու մեկենաս` նախկին զաւարեանական Օհան Արմէնեանի, Սարգիս Քարկոտորեանի, Ատրուշան Արմէնեանի եւ Վահէ Յ. Աբէլեանի այս առիթով արտայայտած սրտի խօսքը: Հատորներէն մին նուիրուած է Սերժ Թովմասեանի եւ Սարգիս Ֆուճուրեանի յիշատակին, երկրորդը Սագօ Սարգիսեանի, երրորդը Բենօ Թոնդեանին, չորրորդը Պօղոս Ղուկասեանի եւ Յակոբ Եափուճեանի: Իսկ հինգերորդ հատորը լոյս տեսաւ Արա Տեմիրճեանի յիշատակին` քեսապցի իր հարազատներու մեկենասութեամբ, իսկ վեցերորդ հատորը Վերա Եագուպեանի մեկենասութեամբ` ի յիշատակ իր կեանքի եւ գաղափարի ընկերոջ, վերջերս մեզմէ բաժնուած Շանթ Եագուպեանի յիշատակին:
Այնուհետեւ խումբ մը զաւարեանականներ` Եւա Ղազարեան, Լիակ Մարտիրոսեան, Շերիլին Տիրացուեան, Սէրուժ Խանճիհանեան, Կարօտ Պետիրեան, Շահան Նաճարեան, Պօղոս Տօնիկեան եւ Փաթիլ Զարմէնեան ներկայացուցին նախկին զաւարեանական այն ընկերները, որոնց յիշատակին նուիրուած են հատորները:
«Զաւարեան» ուսանողական միութեան կողմէ խօսք առաւ Սանահին Թովմասեան: Ան առաջին հերթին կարդաց մատենաշարի հրատարակութիւններու ԶՈՄ-ի «Երկու խօսք»-ին մէջ գրուած հետեւեալ պարբերութիւնը. «Սատարել սփիւռքահայ երիտասարդութեան գաղափարաբանական-քաղաքական մտածողութեան բիւրեղացման, յղկումին, որպէսզի ուրոյն մօտեցումով խիզախ կեցուածք ցուցաբերեն բոլոր այն հարցերուն նկատմամբ, որոնք կը պղտորեն, կը շեղեն հայ երիտասարդը իր հարազատ մթնոլորտէն` հայկականութենէն», որ յստակօրէն կը բնորոշէ մատենաշարին նպատակն ու կարեւորութիւնը:
Շարունակելով իր խօսքը` Թովմասեան դիտել տուաւ, որ այսօր պայմանները փոխուած են եւ կ՛ապրինք այնպիսի կացութեան մէջ, ուր տիրողական են ազգային համակարգի փճացումը, կուսակցութիւններու կազմաքանդումը, կառոյցներու մասնատումն ու մարդկային արժէքներու ոչնչացումը, իսկ համաշխարհային այս կացութեան դէմ յանդիման եւ ներհայկական առումով տիրող յուսախաբ եւ յանձնուողական պայմաններու լոյսին տակ առաւել եւս դժուար է գաղափարական սկզբունքներով առաջնորդուող սերունդ պատրաստելը:
Դիտել տալով, որ ԶՈՄ-ի «Զաւարեան մատենաշար»-ը օրին ուսանողներու համեստ գրադարաններու անբաժան մասնիկն էր, եւ այսօր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ճիգերուն շնորհիւ` 6 հատորներու վերահրատարակութիւնը առիթ է ուսանողութիւնը կամրջելու գաղափարաբանական-քաղաքական մտքի զարգացման աշխատանքներուն: Ան ըսաւ, որ այս հատորներու վերահրատարակութեան անպայման պէտք է յաջորդեն նոր գործերու հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտուին այս հատորներն ու իրերայաջորդող գործերը արդիականացած աշխարհի պայմաններով` թուայնացած տարբերակներով հասանելի դարձնելու ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ համահայկական առումով հայ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան:
Մատենաշարի խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան նկատել տուաւ, որ առաջին հինգ գիրքերը` բացի Ալեքսանտր Խատիսեանին գիրքէն, գաղափարաբանական գիրքեր են, մինչդեռ Խատիսեանին գործը այդ օրերուն հրատարակուեցաւ` պարզապէս քաղաքական փորձառութիւն մը ներկայացնելու ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան, աւելցնելով, որ Ալեքսանտր Խատիսեանը մենք կը բացառենք մնացեալներէն գլխաւոր այն պատճառով, որ ան ունեցած է շատ լայն քաղաքական փորձառութիւն, մանաւանդ` ռուսական յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ ան եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ամէնէն երկարակեաց վարչապետը:
Յովհաննէսեան նկատել տուաւ, որ գիրք մը երեք կողմ ունի. առաջինը` հեղինակը, երկրորդը` գիրքը, երրորդը` ընթերցողը: Ան ըսաւ, որ 2023 տարուան ընթացքին Համազգայինի հրատարակութիւններէն տասը գիրք ինք խմբագրած է եւ իւրաքանչիւրին հրատարակութեան, պատրաստութեան, խմբագրութեան ատեն կը մտածէր, թէ ո՞վ պիտի կարդայ այդ գիրքը, որովհետեւ գիրք մը որեւէ ձեւով չ՛ամբողջանար, եթէ ընթերցող չունենայ: Ան խօսեցաւ, որ մերօրեայ կացութեան ու ընկերային ցանցերու բերած մարտահրաւէրներուն մասին, որոնք մարդը կը հեռացնեն ընթերցանութենէն, բայց եւ այնպէս ան հաստատեց, որ ընթերցումը վարժութեան հարց է, եւ մարդ օրական մէկ ժամ անպայման կրնայ տրամադրել ընթերցումի: «Մեքենան, ընկերային ցանցերը առարկայական տուեալներ են, հոգեկան բան չունին իրենց մէջ, չեն պատրաստեր մարդը, գաղափարապաշտը, յեղափոխական մարդը, քաղաքականացած մարդը: Գիրքի ընթերցումը կը պատրաստէ քաղաքականացած, յեղափոխականացած եւ գաղափարապաշտ երիտասարդութիւն, ուսանողութիւն, ժողովուրդ, որուն անպայման կարիքը ունինք մենք այսօր», եզրափակեց Կարօ Յովհաննէսեան:
Միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ, նախկին զաւարեանական դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան նկատել տուաւ, որ Քրիստափորը, Գարեգին Խաժակը, Քաջազնունին, Լեւոն Շանթը եւ Խատիսեանը այս գիրքերը գրեցին 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարասկիզբին եւ առաջին կիսուն, պատմական շրջադարձային, անկիւնադարձային փուլի մը, երբ հայ ժողովուրդի պատմական գործընթացը մտած էր ազատագրական պայքարի հունին մէջ, եւ անհրաժեշտ էր կազմաւորել, բացատրել ու ներկայացնել այն, ինչ որ 19-րդ դարուն զարթօնքով կերտուելու սկսած հայ մարդը պէտք ունէր, աւելցնելով, որ նորանալու, հայրենիքը եւ ազգը հասկնալու, քաղաքական գործը հասկնալու, յեղափոխութեան գործին համարձակութիւնը ընկալելու համար գրուած գիրքեր են: Ան յայտնեց, որ երբ 70-ական թուականներու սկիզբը «Զաւարեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ այս բոլորը վերահրատարակուեցան, հրաւէր էր 70-ական թուականներու երրորդ սերունդին` այդ մեծ գործընթացին մէջ քաղաքականացած եւ գաղափարականացած նոր երիտասարդութիւն մը պատրաստելու, եւ յաջողեցան: Ան շեշտեց, որ սփիւռքահայութիւնը երբեք պէտք չէ մոռնայ, որ առանց պետութիւն ունենալու 1965-1985 եւ 1987 թուականներուն մոռցուած, ժխտուած ցեղասպանութիւն մը միջազգային օրակարգի վրայ դրաւ, եւ անոր համար 70-ական թուականներու քաղաքականացումը, երիտասարդութեան գաղափարական յանձնառութիւնը կեդրոնական դեր խաղացին: Ան դիտել տուաւ, որ այս գիրքերը պատրաստեցին եւ կոփեցին իրերայաջորդ սերունդներ, իսկ այսօր անոնց վերահրատարակութիւնը քաղաքականացման ազդու գործիք է: Անդրադառնալով ընկերային ցանցերուն` ան հաստատեց, որ անոնք չեն պատրաստեր մարդը, բայց նաեւ կարեւոր է, որ այս գաղափարներուն քննարկումը այսօրուան բնագիրին մէջ ընկերային ցանցերու միջոցով մեծ տարածում գտնէ, որովհետեւ այդ քննարկումին բացակայութիւնն է հիմնականին մէջ, որ մեզ կը մղէ դէպի կրաւորականութիւն եւ չհասկնալու քաղաքական գործին կարեւորութիւնը: «Ինծի համար մարտահրաւէրը առնուազն այն է, որ ընթերցանութիւնը այս գիրքերուն նաեւ ունենայ համապատասխան մեկնաբանութիւն մը, երբ դրուի քննարկումի, որովհետեւ անոր հիման վրայ է, որ մեր առջեւ դրուած մեծագոյն մարտահրաւէրը` սփիւռքը 20-րդ դարէն փոխանցեց 21-րդ դար եւ առիթ տուաւ Հայ դատի պայքարը շարունակելու այսօրուան չափանիշներով եւ պայմաններով: Այս է, որ պիտի առաջնորդէ այս մատենաշարին շարունակականութիւնը տալ» եզրափակեց դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւՀամազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, որ «Զաւարեան մատենաշար»-ը պատգամող է, իսկ զաւարեանական սերունդի մը պատկառելի վաստակը կոչուած է լուսաւորելու մեր ազգային հաւաքական երթի դժուար ու փշոտ ճանապարհը:
Հաւաթեան ըսաւ, որ համաշխարհային կռիւ յայտարարուած է այսօր ազգային գաղափարախօսութեանց դէմ, համամարդկային նորարար արժեհամակարգի մը քողին ներքեւ ազգայինը, ինքնուրոյնը եւ հարազատը թաւալգլոր նահանջի ճամբան բռնած են, նկատել տալով, որ մեր պարագային, երբ ազգովին շատ բան կորսնցուցած ու տակաւին աւելին կորսնցնելու սպառնալիքի դէմ յանդիման կը գտնուինք, գաղափարական վերազարթօնքի ուղին կը շարունակէ մնալ միակ ճշմարիտ ուղին: Ան նշեց, որ գաղափարական մեր կուտակած հարստութեան արժանաւորապէս տէրը կանգնելու ու նոր գաղափարներու շուրջ ազգը միաւորող, զգաստացնող ու ազգային գիտակցութիւնը թարմացնող աշխատանքի գործելադաշտը ընդարձակելու համար հարկ է ամբոխային ներկայ տրամաբանութիւնը արմատապէս յեղաշրջել` զանգուածներու մօտ արժանապատուութիւն եւ պայքարի գիտակցութիւն արթնցնելու համար:
Յ. Հաւաթեան յայտնեց, որ մեր ներկան, թէկուզ` ճնշող, հարկ է, որ ծնունդ տայ նոր գաղափարական սլացքներու` հաստատելով, որ հայ ուսանողութիւնն ու երիտասարդութիւնն է, որ դարձեալ պիտի փշրէ ստրկութեան եւ համակերպումի բոլոր պատնէշները եւ ազգին ընծայէ նոր արշալոյսի յոյսը: Ան ըսաւ, որ նոր գաղափարները լսելի դարձնելու եւ հանրայնացնելու համար գործելաոճային եւ մարտավարական բարեփոխումները անխուսափելի են, իսկ արդի արհեստագիտութիւնն ալ այդ գաղափարներու տարածման ու ժողովրդականացման համար անհրաժեշտութիւն է:
Խօսքի աւարտին, Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին զաւարեանականներուն եւ բարեկամներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական զօրակցութեամբ նեցուկ կանգնեցան ծրագրին, մատենաշարի խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեանին, որ բծախնդրութեամբ կատարեց խմբագրական աշխատանքը եւ աշխատանքային խումբին վստահեցնելով, որ այս շարքը շուտով պիտի հարստանայ նոր հրատարակութիւններով, ներկայ եւ նախկին զաւարեանականներու անվերապահ աշխատանքով:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ինք եւս իր պատանեկան տարիքին թրծուած էր այս գիրքերով, որոնք մեզի փոխանցեցին այն հիմնական առանցքը` գաղափարաբանութեան, յեղափոխական միտքին, քաղաքական միտքին, որ անհրաժեշտ էր հայ պատանիին եւ երիտասարդին համար: Տէր Խաչատուրեան գոհունակութեամբ ըսաւ, որ այդ սերունդին իսկապէս հիմք եւ հում նիւթ ծառայեցին այս գիրքերը եւ անոնց յաջորդեց նաեւ աւելի նոր ժամանակներու Մհեր Ջուլհաճեանի «Դէպի Երկիր» կարգախօսին վրայ հիմնուած հատորը, ինչպէս նաեւ` հայաստանեան Աշոտ Ներսիսեանի Հայ յեղափոխանական դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերող հատորները, որոնք եկան ամբողջացնելու այս հոյլը, այսինքն` քաղաքական, գաղափարական, յեղափոխական միտքի կողքին, նաեւ աւելցաւ մասնագիտական վերլուծում Հայ յեղափոխանական դաշնակցութեան պատմութեան գէթ իր սկզբնական օրերէն մինչեւ անկախութեան շրջանը, այդ ալ` հայրենի պատմաբաններու կողմէ, նոր ակնոցով դիտուած, բայց ամբողջովին արդարօրէն ներկայացուած, նաեւ երիտասարդութեան մէկ կարեւոր ներկայացուցիչի կողմէ «Դէպի Երկիր» կարգախօսի մեկնաբանութիւնը:
Տէր Խաչատուրեան կարգ մը միտքեր բաժնեկցեցաւ ներկաներուն հետ. Ա) Չափազանց մեծ անհրաժեշտութիւն է այսպիսի աշխատանք, որովհետեւ հիմքն է, բայց ժամանակն է, որ մենք նաեւ մօտենանք աւելի նոր շրջանի մեր մտաւորական սերունդներու կողմէ գաղափարական, գաղափարախօսական հատորներու եւ միտքերու պատրաստութեան: Ան նկատել տուաւ, որ իրենց ունեցած տարողութեամբ եւ ուժգնութեամբ այս մատենաշարը եւ անոնց հեղինակները բացառիկ դէմքեր են, բայց նաեւ ունինք աւելի նոր շրջանի դէմքեր, որոնք մեր ՀՅԴ-ի ընդհանուր մօտեցումի, ընդհանուր գաղափարախօսութեան, քաղաքական ուղղուածութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են, եւ անհրաժեշտ է նաեւ անոնց աշխատանքները ի մի բերել, եթէ ցրուած են, եւ անոնք ալ լոյս ընծայել` որպէս յաջորդական հատորներ:
Բ) Բիւրոյի ներկայացուցիչը բաժնեց այն մտահոգութիւնները, որոնք ներկայացուեցան ընկերային ցանցերու, անոնց ժխտական ազդեցութեան նկատմամբ, սակայն յայտնեց, որ մեր պարտականութիւնն է այսօրուան անխուսափելիօրէն ազդեցիկ այդ ընկերային ցանցերը վերածել նոր զէնքի, որ մեր գաղափարական հիմքը կարողանանք նաեւ այդ միջոցով տարածել, որպէսզի խորք հաղորդենք այդ մակերեսային ամէն տեսակի ունեցած գործիքներուն:
Տէր Խաչատուրեան շեշտեց եւ կոչ ուղղեց մեր երիտասարդութեան, որ այս հրատարակութիւնները եւ նորերը, որոնք պիտի հրատարակուին, նաեւ տարբեր լեզուներով լոյս տեսնեն, որպէսզի Ամերիկաներու, Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ մէջ չմնան ապրող երիտասարդները զրկուած այն հարուստ գրականութենէն եւ մեր ունեցած արգասիքէն, որ մեզ դաստիարակեց 70-ական թուականներուն:
«Սիրելի՛ երիտասարդներ, «Զաւարեան»-ը յատուկ առաքելութիւն ունի: Ես ծանօթ եմ այլ ուսանողական միութիւններուն, որոնք կը գործեն ՀՅԴ-ի հովանիին ներքեւ, բայց չունին այն ուժականութիւնը, այն անցեալը եւ այն հսկայական վաստակը, որ ունի Զաւարեան ուսանողական միութիւնը: Դուք պէտք է նաեւ ընտրէք այսօրուան մեր նոր մարտահրաւէրները եւ այդ ուղղութեամբ աշխատասիրութիւններ պատուիրելու եւ անոնց մասնագիտական մօտեցումներով վերլուծումներ կատարելու հնարաւորութիւնները: Ստեղծեցէք, հաւաքեցէք մտաւորականութիւնը` երիտասարդ թէ ոչ երիտասարդ», հաստատեց Տէր Խաչատուրեան: Ան շեշտեց, որ այսօր հիմնական հարցերէն են ազգային գաղափարախօսութեան դէմ պայքարը` հայրենիքէն ներս թէ դուրս, աժան ժողովրդականութիւնն է, որուն դէմ անհրաժեշտ է հիմնաւորուած ձեւով պայքար տանիլ: Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ այսօր աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է, որ մենք յստակօրէն վերականգնենք այն ազգային դիմագիծը, որով թրծուած ենք բոլորս մեր պատանեկութեան տարիքէն եւ այդ ազգային դիմագիծով մենք կերտած ենք այն նուիրումը, մեր ունեցած ամբողջական նուիրուածութիւնը մեր Դատին, մեր նպատակներուն: Ան ցաւով յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ այսօր նոյնիսկ պայքար կայ Հայ դատի հասկացողութեամբ եւ ընտրուած ներկայացուցիչները կ՛ուզեն փակել այդ ամբողջ համակարգը, որ երկար տասնամեակներով մենք կերտած էինք 1940-ական թուականներէն բայց մանաւանդ 60-ական թուականներէն ետք թափ առած այդ աշխատանքը, որ մեր Հայ դատի կառոյցն է, ՀՅԴ-ի հովանաւորած Հայ դատի յանձնախումբերն են, գրասենեակներն են, որ մենք կը նկարագրենք որպէս հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակ: Ան ըսաւ, որ յանդգնութիւնը հասած է այն աստիճանի, ուր անհրաժեշտութիւն կը համարեն փոխել սահմանադրութիւնը, որպէսզի գոհացնեն թշնամին, հայդատականութիւն բառը ժխտական ձեւով սկսած են հրամցնել ժողովուրդին հայրենիքի մէջ, մեր հիմքը կազմող եւ հպարտութեան աղբիւրը հանդիսացող հարցերը եւ գաղափարները աղաւաղելով` բոլորովին տարբեր ձեւով կը հրամցնեն ժողովուրդին: Եզրափակելով իր խօսքը` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Մենք աներեր պիտի շարունակենք մեր պայքարը եւ կը հաւատանք, որ ինչպէս միշտ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կարողացած է այդ ջահը փոխանցել երիտասարդութեան, այսօր փոխանցելու ալ կարիքը չունինք, որովհետեւ երիտասարդութիւնը մեր ներկան է նաեւ, եւ ապագան ու անոր մէջ առաջնակարգ դեր պէտք է ունենայ եւ ունի «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը:
Շնորհահանդէսը փակուեցաւ «Մշակ, բանուոր» քայլերգով։
Comments are closed.