Զարկ տալով ընտանեկան գինեգործական աւանդոյթներուն. ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Արթիւր Խաչատրեան այցելեց Էջմիածին

Սեպտեմբերի 24-ին ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Արթիւր Խաչատրեան աշխատանքային այցելութիւն կատարած է Էջմիածին քաղաքին մէջ հիմնուած «Ագրոմենեջմենտ» Ընկերութիւն, որ հիմնադրած է Մաչանեաններու ընտանիքը՝ վերապրեցնելով ընտանեկան գինեգործութեան աւանդոյթները։

Արմատներով Վանի նահանգի Թիմարի գաւառի Ալիւր գիւղէն Մաչանեանները գինեգործութեամբ զբաղած են դեռեւս այնտեղ` ունենալով խաղողի մեծ այգիներ։ 2016 թ. հիմնելով սեփական արտադրութիւնը, ի յիշատակ իրենց պապերուն, իրենց պատմութեան եւ արմատներուն` անոնք խաղողի «Յաղթանակ», «Կարմրահիւթ» հայկական տեսակներէն ստեղծած են վայրի խմորմամբ, այսինքն` առանց արհեստական խմորիչներու «Ալլուրիա» գինին։ Ան կը պահուի Արցախի կաղնիներէն պատրաստուած տակառներու մէջ, առանց սուլֆիտներ աւելցնելու:

Նախարար Արթիւր Խաչատրեան գինի արտադրամասին մէջ հետեւեցաւ խաղողի մթերման աշխատանքներուն։ «Ագրոմենեջմենտ» ՍՊԸ-ի տնօրէն Արամ Մաչանեան տեղեկացուց, թէ այս պահուն ամբարուած է 13 թոն խաղող, եւ կ“ակնկալեն մթերել 20 թոն։ Ան տեղեկացուց, որ «Ալլուրիա» գինին ստեղծելու համար կը մթերուի միայն Էջմիածնի տարածաշրջանի խաղողը։ Այս տարի մթերման գինը եղած է 240-250 ՀՀ դրամ։ Տարին յատկանշական է նաեւ անով, որ այս տարի առաջին անգամ «Ալլուրիան» արտահանուած է, առայժմ` միայն Ռուսաստան։ Այս տարի ընկերութիւնը հիմնած է նաեւ սեփական խաղողի այգիներ՝ կաթիլային ոռոգման համակարգով, սակայն յարակից անմշակ հողատարածքներու առկայութիւնը կը խոչընդոտէ առաւել արդիւնաւէտ օգտագործման։

– Երբ գինի կը ստեղծես, ոչ միայն զայն կ“արտադրես, այլեւ իւրաքանչիւր փուլի կը վերսկսիս պատմութիւնը։ Երբ կը վերապրիս անցեալի ամենավառ պահերը՝ դարձնելով իրականութիւն, յիշողութիւններու այդ հատուածները կ“ոգեւորեն եւ ուժ կու տան։ Ահա այդպէս կը ստեղծուին մեր գինիները: Արդէն իսկ գինիին անունը մեզ կը տեղափոխէ ոչ այնքան հեռաւոր անցեալ՝ Վանի ծաղկող գիւղերէն մէկը, ուր կ“ապրէին մեր նախնիները՝ դարերով զբաղելով գինեգործութեամբ։ Արարատեան դաշտի կլիման, աւազային եւ կաւային հողը կ“ապահովեն խաղողի ընտիր բերք, որ, միախառնուելով մեր պապերէն եկող գինեգործութեան աւանդոյթներուն, կ“ապահովեն բարձրորակ գինի։ Ալիւրէն խաղողի վազ բերած ենք եւ տնկած մեր այգին: Նպատակ ունինք ստեղծելու նաեւ հայկական խաղողի բոլոր տեսակներով այգի,- ըսած է Արամ Մաչանանը։

Նախարար Արթիւր Խաչատրեան կարեւորելով գինեգործութեան աւանդոյթներու վերականգնումը, նշած է, որ անմշակ հողերու կրճատումը նախարարութեան առաջնահերթութիւններէն է, իսկ յաջորդ տարուընէ մեկնարկուող ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան, Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին կողմէ խաղողի տնկարկներու քարտէսագրական գրասենեակի ստեղծումը հնարաւորութիւն կու տայ գոյքագրելու հանրապետութեան խաղողի տնկարկներն ու առկայ տեսակները, ինչպէս նաեւ վերահսկելի դարձնելու հանրապետութեան մէջ արտադրուող գինեգործական արտադրանքի որակը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.