Եթէ կ՚ուզես թագաւոր ըլլալ…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ո՞վ չ՚ուզեր թագաւոր ըլլալ։

Բայց ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ կ՚ուզես թագաւոր ըլլալ։

Վստահ եմ, այս հարցումը անցած է մտքէդ, գոնէ մէկ անգամ։ Յետոյ խորհած ես, թէ ամեն մարդու չէ՛ տրուած թագաւոր ըլլալը։ Սակայն յաճախ ալ հարց տուած ես դուն քեզի՝ ինչո՞ւ ան, եւ ո՛չ ես։ Ի՞նչ առաւելութիւններ ունի ան,– որ յաջողեր է թագաւոր ըլլալ,– որ ես չունիմ։

Հաւատալով, որ ոեւէ մէկը թագաւոր ըլլալու իրաւունքը պէ՛տք է ունենայ,– մարդկային իրաւանց նուազագոյնը համարելու ենք ասիկա,– նստայ համակարգիչիս պաստառին առջեւ ու գրի առի բոլոր այն պայմաններն ու բարեմասնութիւնները, որոնք անհրաժեշտ պիտի ըլլան, որ ես կամ դուն կարենանք գահ բարձրանալ։

Առաջին հերթին պիտի ըլլաս հարիւր առ հարիւր ինքնավստահ. դո՛ւն ես լաւագոյն թեկնածուն, քեզմէ լաւը չի՛ կրնար ըլլալ։ Բայց ասիկա քո՛ւ կարծիքդ է. ամեն մարդ քու մասիդ պէտք է նոյն կարծիքը ունենայ։ Ուրեմն ատիկա պիտի կրկնես բոլո՛ր բեմերուն վրայ, ամե՛ն առիթի, ամեն տեղ՝ փողոցը ըլլայ թէ ճաշասրահներուն մէջ, բոլո՛ր հանդիսութիւններուն, հաւաքներուն։ Պիտի երեւի՛ս, շա՛տ պիտի երեւիս, պիտի նկարուիս բոլորին հետ, մի՛շտ վստահ ըլլալով, որ տեսախցիկին աչքը քո՛ւ վրադ կեդրոնացած է։

Կարեւոր է նաեւ, թէ ինչպէ՛ս կ՚երեւիս ժողովուրդիդ աչքին. Բնակարանդ պալատանման պէտք է ըլլայ, նոյնիսկ եթէ տակաւին թագաւոր չես։ Բնակարաննե՛րդ՝ ամառուան թէ ձմեռուան։ Ինքնաշարժդ, ոչ՝ ինքնաշարժներդ՝ շքեղագոյնները։ Չմոռնաս նաեւ մէկ կամ մի քանի սեփական օդանաւ ունենալ։ Հագուստ-կապուստդ՝ համաշխարհային ամենէն անուանի գեղարկիչներուն-designerներուն կողմէ ստորագրուած, միայն մէկ անգամ նոյնը հագնելու պայմանաւ։ Պիտի ցոյց տաս՝ ի՛նչ փարթամ արձակուրդներ կը վայելես, ի՛նչ ճոխ սեղաններ կը մատուցուին քեզի։

Բայց զգո՛ւշ։ Կարեւոր է նաեւ, թէ ի՛նչ պիտի ըսես կամ չըսես։ Կարեւոր չէ, որ զարգացած ըլլաս, կարեւորը զարգացած երեւի՛լն է, կարեւոր չէ, որ պատգամ մը ունենաս փոխանցելիք, կարեւորը ամեն մէկ խօսքիդ՝ բոլորին պատգամ թուի՛լն է, նոյնիսկ եթէ որեւէ բան չես ըսեր այդ խօսածիդ մէջ։ Մարդիկ չեն հետաքրքրուած թէ ի՛նչ կը մտածես այս կամ այն հարցին մասին, կարեւորը՝ կրկնես ինչ որ իրենք կ՚ուզեն լսել, իրե՛նց ուզածը պիտի որդեգրես. Ամեն հասարակութեան առջեւ ատիկա կրնայ տարբեր ըլլալ, այսօրուան ըսածդ կրնայ հակասել երէկուան ըսածիդ, արդէն չեն յիշեր ի՛նչ կ՚ըսէիր երէկ, կարեւորը՝ քո՛ւ բերնէդ լսեն իրենց մտքէն անցածը, որքան ալ ատիկա ընդունելի ըլլայ կամ ոչ։ Արդէն ընդունելի ըլլալու կամ չըլլալու հարց ալ չկայ, քանի որ ճիշտի կամ սխալի, իրաւի կամ սուտի հարց չկայ։ Ինչ որ ըսես՝ ա՛յդ է ճիշտը, իրաւը։ Լա՛ւ գիտցիր օգտուիլ մարդոց նախապաշարումներէն եւ թիւրիմացութիւններէն, կարծրամտութիւններէն եւ… տգիտութենէն։

Գիտցի՛ր նաեւ, լա՛ւ գիտցիր՝ թագաւոր պիտի չըլլաս բոլորին ծառայելու համար, այլ պիտի ըլլաս՝ բոլորը քեզի՛ ծառայեցնելու համար։ Կաս ու չկաս՝ դո՛ւն կաս։ Քեզի բարեւ ըսելն անգամ իր գինը պիտի ունենայ։

Քու գլխաւոր հարստութիւնդ՝ դո՛ւն ես. Գլխաւոր արժէքդ ալ դուն ես։ Սեփական շահդ ամեն բանէ առաջ ու ամեն բանէ վեր։ Ազգ-հայրենիք-եկեղեցի-ժողովրդավարութիւն-ուսում-գիտութիւն՝ նման եզրերը բա՛ռ են միայն, օգտագործէ ուզածիդ պէս, բայց չըլլա՛յ որ հաւատաս անոնց ու սեփական շահէդ վեր դասես։ Անտեսէ ամեն օրէնք ու սահմանադրութիւն։ Օրէնքը դո՛ւն ես, սահմանադրութիւնը քո՛ւ խօսքդ է։

Շրջապատուէ մարդոցմով, որ քեզ լաւագո՛յն ձեւով պիտի ներկայացնեն աշխարհի առջեւ։ Կարեւոր չէ, թէ որքան հմուտ են, որքան օժտուած կազմակերպչական ձիրքերով։ Ո՛չ դուն պէտք ունիս նման բաներու, ոչ՛ ալ իրենք։ Կարեւորը գիտնան քեզի հաճոյանալ, քեզ երջանիկ պահել, խօսքդ քալեցնել։ Եւ հարստութիւնդ աւելցնել։ Չմոռնաս այդ հարստութեանդ կարեւոր մասն ալ արտեզրային հաշիւներու մէջ դնել՝ երկրէն դուրս, որովհետեւ չես գիտեր ի՛նչ կ՚ըլլայ-չ՚ըլլար։ Ոեւէ մէկուն կարծիքդ առնելու պէտք չունիս, ոեւէ մէկուն հետ խորհրդակցելու պէտք չունիս։ Ոչ ոք կրնայ որոշում կայացնել բացի քեզմէ։ Իսկ ո՛վ հետդ չէ՝ համարէ թշնամիդ։

Բայց դարձեալ զգո՛ւշ, Կեսա՛ր։ Ոչ ոքի՝ չվստահիս։ Ըսի, դուն ես եւ դուն։ Ամենէն վստահելին անգամ Բրուտոս մը կրնայ ըլլալ վաղը. քու նպատակդ տիրապետել է, երկա՜ր ժամանակ, թոյլ չտալով, որ նորելուկ յաւակնորդներ թագաւոր ուզեն ըլլալ թագաւորին տեղ։

Մեծագոյն առաքինութիւնդ՝ պատեհապաշտութիւնը։ Օգտուէ՛ որքան որ կրնաս։

Յանկարծ անուշ երաժշտութիւն մը տարածուեցաւ սենեակիս մէջ։

Արթնցի՛ր, արթնցի՚ր,– մշտեց կողքէս կինս, այսօր գրասենեակ պիտի չերթա՞ս։

Զարթուցիչ ձայնասփիւռս էր։

«Վա՜յ, ես ալ թագաւոր ըլլալու կը պատրաստուէի»,– ըսի մտքէս ու անկողինէս վեր ցատկեցի։ «Ափսո՜ս, ինչ լաւ պիտի ըլլար»։

Ի՞նչ է, երա՞զ կը տեսնէիր,– հարցուց կինս։

Այո, քիչ մնաց թագաւոր պիտի ըլլայի։

Վա՜խ, վա՜խ, երանի չարթնցնէի, ես ալ թագուհի կ՚ըլլայի…

Երանի սակայն զարթուցիչ ձայնասփիւռներ ունենան բոլոր թագաւոր ըլլալ ուզողները…

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.