Դաշնակցութեան և Ռ. Ա. Կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի շրջանային ղեկավարութիւնները միացեալ յայտարարութեամբ մը կը պահանջեն Փաշինեանի հրաժարականը
Պուէնոս Այրէս, ՓՐԵՆՍԱ ԱՐՄԵՆԻԱ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն և Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութիւնը հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, ուր պատերազմին և պարտութեան պատասխանատու կը նկատեն Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններն ու Ազգային Ժողովի մէջ մեծամասնական Իմ Քայլական պատգամաւորական խմբակցութեան անդամները:
Պատերազմին պարտութեան պատասխանատու քաղաքական ղեկավարը չի կրնար պաշտպանել ազգային շահերը և ներկայացնել Հայաստանը բանակցութեան սեղանին շուրջ, որովհետև թշնամիի ծաղրի առարկայ է և չի վայելեր դաշնակիցին վստահութիւնը: Ան պէտք է հրաժարի և կազմուի անցումի կառավարութիւն մը, որ կազմակերպէ արտակարգ ընտրութիւններ:
Յայտարարութիւնը պատասխանատու կը նկատէ նաև Իմ Քայլական պատգամաւորները, որոնք չպահանջեցին վարչապետին հրաժարականը: Երկու ղեկավարութիւնները կը վստահեցնեն, որ Արժանթինի, Ուրուկուայի թէ Պրազիլի համայնքները կը մնան հայրենիքի և հայրենի ժողովուրդի կողքին և կը մնան յանձնառու՝ վերապրումի և ապագայի նկատմամբ վստահութեան վերականգնման ճիգերուն: Աւելի՛ն, յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ այս պայմաններուն մէջ «Սփիւռքի պատասխանատուութիւնն է հայկականութեան իմաստաւորման վերանորոգման մասին մտածել:»
Յայտարարութիւնը, սպաներէն և հայերէն տարոերակներով, երկու կուսակցութիւններու օրգաններուն մէջ -ԱՐՄԵՆԻԱ և Սարդարապատ- լոյս տեսաւ Յունուարի վերջին շաբթուան ընթացքին:
Միացեալ Յայտարարութիւն
27 Սեպտեմբեր 2020-ին, համավարակի համաշխարհային ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, Ազրպէյճան և Թուրքիա ընդհանուր յարձակողականի անցան Արցախի Հանրապետութեան դէմ:
Պատերազմի սկիզբէն 44 օր անց, 9 Նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագրեց Հայաստան-Ազրպէյճան-Ռուսական Դաշնութիւն եռակողմանի յայտարարութիւն մը ռազմական գործողութիւններու դադարեցման, ռուս խաղաղապահ ուժերու տեղադրման և Մոսկուայի միջնորդութեամբ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններ սկսելու համար:
Փաշինեանի ստորագրած զինադադարի յայտարարութիւնը ընդգրկեց պատերազմի ժամանակ չկորսուած հողատարածքներու յանձնում, որ ընդգրկեց Արցախի պատմական տարածքի 70 տոկոսի յանձնումը, որով և Արցախի վերահսկողութեան տակ մնաց նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածքէն նուազ տարածք:
Պատերազմին զոհուեցան աւելի քան 5 հազար հայ զինուորներ և քաղաքացիներ, հարիւրաւոր ուրիշներ գերեվարուեցան, Արցախի բնակավայրերու վայրագ ռմբակոծումը տասնեակ հազարաւորներուն ձգեց անօթևան և առանց թշնամու տիրապետութեան տակ անցած իրենց օջախներ վերադարձի կարելիութեան: Ազրպէյճանի հետևողական սպառնալիքը Սիւնիքի և Տաւուշի ուղղութեամբ և պարտադրուած նոր սահմանագծումները վտանգի տակ դրած են ՀՀ հողային ամբողջականութիւնը և որպէս գերիշխան անկախ երկիր՝ լինելութիւնը:
Աղիտալի պարտութեան և նուաստացուցիչ եռակողմանի յայտարարութեան ստորագրութեան պատասխանատուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն է, այնպէս ինչպէս ինք ընդունեց: Նուազ պատասխանատու չեն Ազգային Ժողովի (ԱԺ) պատգամաւորները, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը Փաշինեանի գլխաւորած Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան ստեղծած Իմ Քայլը խորհրդարանային խմբակցութեան անդամ են. փոխանակ Վարչապետէն պահանջելու որ հեռանայ իր պաշտօնէն և ստեղծելու քննիչ յանձնաժողով մը, որ բացայայտէ պատերազմի ղեկավարման ընթացքն ու պարտութեան պատճառները, ԱԺ-ի մեծամասնական պատգամաւորները զինք պահեցին իր պաշտօնին:
Համաշխարհային պատմութեան մէջ, այն պետական ղեկավարը որ պատերազմին պարտութիւն կը կրէ և անձնատուութեան թուղթ կը ստորագրէ սեփական որոշումով և առանց որևէ խորհրդակցութեան, մէկ կողմ քաշուած է առիթ տալու համար նոր ղեկավարութեան մը իշխանութեան գալու:
Պատերազմի դաշտին վրայ արձանագրուած այս պարտութենէն յետոյ, վարչապետ Փաշինեան չի՛ կրնար և պէտք չէ՛ նստի բանակցութեանց սեղանին: Ինչպէ՞ս ան պիտի ներկայացնէ երկիրը երբ թշնամին զինք կ’արհամարհէ և կը ծաղրէ, առաւել՝ Հայաստանի գլխաւոր դաշնակիցը՝ Ռուսաստանը կորսնցուցած է իրեն հանդէպ վստահութիւնը: Այս իրավիճակով, Վարչապետ Փաշինեան ի՞նչ կարողութիւն ունի ազգային շահերը պաշտպանելու:
Հայաստանի ապագան ու գոյութիւնը վտանգի տակ են: Պարտութեան բերած նորագոյն մարտահրաւէրները կրնայ դիմագրաւել միայն նոր, ազգային միութեան անցումի կառավարութիւն մը, որ պատերազմի վնասները հաշուարկէ, անոնց վերացման աշխատանքներուն ընթացք տայ: Այլապէս, միայն նոր պարտութիւններ պիտի գան առաւել ևս հարցականի տակ դնելու համար երկրի ապագան:
Խորհրդարանական վարչակարգի մը մէջ պատգամաւորները խմբակցութիւններ կազմերու և քաղաքական տարբեր ուժերու միջև բանակցութիւններ սկսելու պարտականութիւնը ունին: ԱԺ-ի պատգամաւորներէն կը սպասուի ըլլալ պատմական պայմաններու բարձրութեան մակարդակին և կասեցնել Հայաստանի քաղաքական ճգնաժամը:
Անցումային կառավարութեան մը կազմակերպելիք արտահերթ ընտրութիւններով յառաջացած նոր ԱԺ մը և նոր իշխանութիւններ կրնան պարտութեան հետևանքներու յաղթահարման ուղի հարթել՝ ընդհուպ մինչև թշնամիին բռնագրաւածին վերատիրացում, քննադատական մօտեցումով վերատեսութեան ենթարկել անցնող 26 տարիներու սխալներն ու բացթողումները, և հրատապ ձևով վերամտածել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք ռազմավարական կապի մասին:
Այնպէս ինչպէս ազգի և հայրենիքի համար ճակատագրական պահեր եղան Ցեղասպանութիւնը, Սարդարապատի գոյամարտը, Երկրորդ Համաշխարհային (Հայրենական) Պատերազմը, 1988-ի երկրաշարժը և Արցախեան ազատամարտը (1992-1994), Սփիւռքը այսօր աւելի քան երբեք պարտի ըլլալ իր հայկական ինքնութեան և պատմական իրաւունքներու վերադարձի պայքարի պահանջած յաձնառութեան բարձրութեան: Այսօր աւելի քան երբեք Հայաստանի և Արցախի ժողովուրդի կողքին պիտի ըլլանք՝ վերապրումի և ապագայի նկատմամբ վստահութեան վերատիրացման ճիգերուն մասնակցելով: Աւելի՛, Սփիւռքի պատասխանատւութիւնն է հայկականութեան իմաստաւորման վերանորոգման մասին մտածել:
Այս գիտակցութեամբ է, որ հարաւային ամերիկայի այն կազմակերպութիւններս, որոնք այս միացեալ յայտարութեան ներքոյ դրած ենք մեր ստորագրութիւնները, կը ներկայանանք մեր համայնքներու հանրութեան հայրենասէր խիղճին ու առողջ դատողութեան՝ ճշդելով մեր քաղաքական դիրքորոշումը այնպէս ինչպէս բանաձևուած է այս յայտարարութեան մէջ, լսելի դարձնելու համար մեր ձայնը որպէս առաջին քայլ ՀՀ-ի վերականգման մասնակից դառնալու դժուարին բայց արժանապատիւ յանձնառութեան ուղիին վրայ:
Յարգելով բոլորին կարծիքի ազատութիւնը և Հայաստանի զօրակցութեան յանձնառութիւնը՝ գաղափարախօսական, կուսակցական թէ այլ տարակարծութիւններէ անդին եւ վեր, կը հրաւիրենք հարաւային ամերիկայի համայնքի հաստատութիւններուն եւ անհատ հայորդիներուն իրենցը ընդունելու այս յայտարարութեան բովանդակութիւնը և հրապարակային դարձնելու իրենց կեցուածքը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն,
Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն,
Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն