Դաշնակցութեան պատմութիւնը անհնար է անջատել մեր ժողովուրդի պատմութենէն

Ստորեւ կը ներկայացնենք Փետրուար 8-ին Թորոնթոյի մէջ կայացած ՀՅԴ 134-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին օրուան պատգամաբեր ընկ. Վաչէ Գըլըպոզեանի խօսքը։

Սիրելի հայեր, համակիրներ եւ ընկերներ.

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 134-ամեակի առիթով համայն աշխարհի մէջ կը նշուի Դաշնակցութեան օրը. այս նշումներուն հիմնական նպատակն է մեր ժողովուրդին հետ ուղղակի հաղորդակցիլ, խօսիլ ՀՅԴ-ի տարած աշխատանքներուն մասին եւ ինչպէս ընդունուած է ըսել՝ հաշուետու ըլլալ մեր ժողովուրդին:

Այսօր ես պիտի ուզեմ, որ միասին մտածենք ՀՅԴ-ի անցած 134 տարուան ճանապարհին մասին եւ մանաւանդ քննարկենք եւ վերլուծենք թէ ե՛րբ եւ ինչո՛ւ սաստկացած են այսպէս կոչուած հակադաշնակցական պայքարը, եւ կատարենք կարգ մը հաստատումներ:

Ասկէ հինգ տարի առաջ Դաշնակցութեան տարեդարձը կը նշէինք խանդավառութեամբ եւ պայքարը շարունակելու վճռակամութեամբ: Այսօր Արցախի կորուստի եւ արցախահայութեան բռնի տեղահանումի արհաւիրքէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն տարածքներ թշնամիին տալէ ետք, Դաշնակցութեան օրը կը նշենք պարտուողական հոգեբանութեամբ: Ընդհանուր յուսահատութիւն կը տիրէ հայոց աշխարհին վրայ, բայց տակաւին յոյս մը կայ մեր սրտերուն մէջ՝ դուրս գալու համար մեզի պարտադրուած աշխարհաքաղաքական աննպաստ պայմաններէն:

Սկսինք ընդհանուր հաստատումներով.

– Համաշխարհային մակարդակի վրայ շատ քիչ են այն կուսակցութիւնները, որոնք կրցած են հարիւր տարիէ աւելի աշխատիլ, ըլլալ կենսունակ եւ վայելել իրենց ժողովուրդին հաւատքը եւ փոխադարձաբար հաւատք ներշնչել ժողովուրդին:
– 134 տարուան ընթացքին Դաշնակցութեան պատմութիւնը անհնար է անջատել մեր ժողովուրդի պատմութենէն:
– 134 տարուան ընթացքին Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ մնաց Հայաստանի ու հայութեան ծառայելու իր առալքելութեան, նշանաբան ունենալով Պայքարի ու անմնացորդ նուիրումի ճամբով ծառայել հայ ժողովուրդին:
– Դաշնակցութիւնը ներկայ է աշխարհի որեւէ անկիւն, որտեղ կենսունակ հայութիւն կայ:

Եթէ Դաշնակցութիւնը այսքանը ըրած է ու կ’ընէ, ինչո՞ւ մէկ դարէ աւելի հակադաշնակցական պայքար կայ ու կը շարունակուի, ինչո՞ւ այդ թափ կ’առնէ այն ատեն, երբ մեր հայրենիքը՝ Հայաստան եւ Արցախ, դժուարին կացութեան մէջ են:
Այս հարցումին պատասխանը միանշանակ է՝ հակադաշնակցական պայքար գոյութիւն չունի, այդ մէկը կեղծ օրակարգ է, որով տասնեակ տարիներ շարունակ հակահայկական, հակազգային ուժերը կը փորձեն մոլորեցնել մեր ժողովուրդը: Իսկական օրակարգը հակազգային պայքարն է: Ջնջել ինչ որ ազգային է, ինչ որ կը բնորոշէ հայը իբր հայ՝ լեզուն, կրօնքը, եկեղեցին, դրօշը, քայլերգը, բարքերն ու մշակոյթը:

Հակադաշնակցական պայքարը տարբեր ժամանակաշրջաննրու տարբեր դրսեւորումներ եւ ուղղուածութիւն ունեցած է: Այսպէս, 1920-էն մինչեւ Հայաստանի վերանկախացում, այսինքն Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին, ՀՅԴ-ն կը ներկայացնէին որպէս ազգային կուսակցութիւն, որ դէմ է համայնավարական գաղափարախօսութեան: Այս ժամանակաշրջանին ՀՅԴ-ն միշտ հալածուեցաւ Հայաստանի մէջ եւ դուրսը, հիմնական այդ պատճառով որ ազգային գաղափարախօսութիւն ունեցող կուսակցութիւնը անհանդուրժելի էր:

Վերանկախացումէն ետք, Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ նոյնպէս եղած են հակադաշնակցական դիրքորոշումներ։ Այդ ուղղակիօրէն կապուած է իշխող կուսակցութեան դիրքորոշումներուն եւ իրենց ապազգային ըլլալու հանգամանգին, սակայն քննադատութիւնը եւ հակադաշնակցական քարոզչութեան սկզբունքները մնացած են նոյնը՝ ջնջել Ազգայինը:

Այսօր, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը չէ փոխուած, պայքարը նոյն գաղափարական սկզբունքներու վրայ է. նշեմ մէկ քանին՝ ազգայինը, Արցախը, Հայաստանի անվտանգութիւն եւ պաշտպանութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում եւ հատուցում, Արցախի ռազմագերիներու վերադարձ, ընկերային արդարութիւն, եւայլն:

Հիմնական հարցումը, որ մենք մեզի պէտք է տանք որպէս Հայեր, հոս շեշտը կը դնեմ Հայ բառին վրայ, այն է,

թէ ի՛նչ կը շահի եւ ի՛նչ պիտի շահի հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը եթէ չըլլար Դաշնակցութիւնը:

Սկսինք Սփիւռքի համայնքներէն՝ Միջին Արեւելքէն եւ Թորոնթոյէն.

Միջին Արեւելքի մէջ հայ մնալու մտավախութիւն չունէինք, այդ պարզ պատճառով որ հայ մնալու բոլոր հնարաւորութիւնները ստեղծուած էին՝ եկեղեցի, դպրոց, ակումբ եւ հայկական թաղամասերու գոյութիւն: Աւելին, երբ հայութեան սպառնալիք ըլլար, ՀՅԴ-ի առաջորդութեամբ մենք զմեզ ապահով կը զգայինք, որովհետեւ դաշնակցական ղեկավարութիւնն ու ազգային երիտասարդութիւնը ապահով կը պահէին մեզ եւ կը պահեն մինչեւ այսօր:

Դաշնակցական ակումբը յաւելեալ ապահովութիւն կու տար հոն ապրողներուն եւ կը դառնար հայկական օճախ, իր քոյր միութիւններով՝ ՀՄԸՄ-ով, Համազգայինով, ՀՕՄ-ով, ինչպէս նաեւ Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութիւններով. այսպիսով հայապահպանումի անհրաժեշտ բոլոր կառոյցները հիմնուած կ’ըլլային: Հիմա Միջին Արեւելքի մէջ շատ աւելի դժուարացած են պայմանները, բայց եւ այնպէս նոյն վճռակամութեամբ կը գործեն ազգային բոլոր մեր հաստատութիւններն ու միութիւնները:

Շատ աւելի բարւոք պայմաններու մէջ կ’ապրինք Գանատայի մէջ, այսուհանդերձ կ’արժէ ակնարկ մը նետել Թորոնթոյի համայնքին վրայ:

Տարիներ առաջ Թորոնթօն ունէր երեք ամէնօրեայ դպրոցներ, երկու մեծ ակումբ: Սակայն այսօր Թորոնթօն ունի մէկ ակումբ, ուր ժողովուրդը ամէնօրեայ ներկայութիւն է, եւ մէկ դպրոց: Ինչո՞ւ պակսած են դպրոցներու եւ ակումբներու թիւը, երբ Թորոնթոյի հայութեան թիւը գրեթէ կրկնապատկուած է: Պատասխանը շատ պարզ է՝ որովհետեւ դպրոց եւ ակումբ պահելը դժուար է, այս երկուքը պահելու համար պէտք է հաւատալ ազգային գաղափարախօսութեան, սակայն այն մինակը բաւարար չէ, պէտք է պատրաստ ըլլալ՝

1.- Անվերապահ աշխատանքի եւ նուիրումի: Դպրոցի եւ կեդրոնի դռները բաց պահելու համար հարկաւոր է մեր հայրենակիցներուն կամաւոր մասնակցութիւնը: Անվերապահօրէն կրնանք ըսել, որ մեր կամաւորները տասնեակ հազարաւոր ժամեր կը տրամադրեն ամէն տարի դպրոցի եւ կեդրոնի դռները բաց պահելու համար:
2.- Նիւթական օժանդակութեան: Հսկայական նիւթական պարտաւորութեան կարիքը կայ, այդ նիւթականի մեծ բաժինը կ’ապահովուի այս յարկին տակ գործող միութիւններուն, համակիրներուն եւ ազգայիններուն կողմէ:
3.- Քննադատութեան դիմանալու: Այո, վերոյիշեալ երկու պայմանները ի գործ դնելէ ետք, այս կամաւորները պատրաստ պէտք է ըլլան քննադատութիւն լսելու եւ գործը աւելի լաւ կազմակերպելու:

Այսպէս է, որ հայ դպրոցը, ակումբները, միութիւնները կանգուն կը մնան եւ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, որովհետեւ կը հաւատան իրենց առջեւ դրուած խնդիրներու կարեւորութեան:

Թորոնթոյի մէջ ինչո՞ւ միայն դաշնակցականները եւ անոր համակիրներն են, որոնք կը մտածեն, թէ դպրոցը արդէն պզտիկ է, համայնքի երեխաները դպրոցէն դուրս կը մնան, պէտք է դպրոցը մեծնայ եւ կամ նոր դպրոց մը կառուցելու հրամայականը կայ, պէտք է նոր ակումբ մը շինել Թորոնթոյէն դուրս, ուր հայերու թիւը կը շատնայ եւայլն: Որովհետեւ ազգային արժէքներով թրծուած են անոնք: Դժուար գործ է, այո՛, բայց ոչ անկարելի, այնքան ատեն որ կը հաւատանք, թէ մեր պարտականութիւնն է հայ մնալ ուզող ընտանիքները հայ պահել: Ազգայի՛նը պահել:

Երիտասարդութիւն

Յատուկ թիրախ դարձած է ազգային գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող երիտասարդութիւնը եւ ի մասնաւորի դաշնակցակա՛ն երիտասարդութիւնը:

Վերջին տարիներու համաշխարհայնացումի գաղափարախօսութիւնը կը ներկայացուի որպէս հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական անվնաս գործընթաց, որ պիտի միաւորէ երկիրներն ու ժողովուրդները, վերցնելով աշխարհագրական սահմանները: Սակայն մտնելով խորքը, կը տեսնենք, որ համաշխարհայնացումը մեզի պէս փոքր ազգերու համար ազգային ինքնութեան պահպանման սպառնալիք է եւ ազգային գաղափարախօսութեան թուլացման գործընթաց: Համաշխարհայնացումի գաղափարին հաւատացին հայ երիտասարդներէն շատեր, բայց ոչ դաշնակցական երիտասարդը:

Դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը շարունակէ վառ պահել ազգային արժէքներն ու կը գիտակցի, թէ ազգային արժէքներու պահպանումը իրեն համար անզիջելի առաջնահերթութիւն է:

Արժէ յետադարձ ակնարկ մը նետել վերջին տարիներուն դաշնակցական երիտասարդութեան կատարած աշխատանքներուն վրայ, ըլլան անոնք իրենց ապրած համայնքներուն կամ հայրենիքի մէջ, որոնք կը շարունակեն պահել ազգային ոգին, գետնի վրայ էին ամէն անգամ, որ արհաւիրք կը սպառնար Արցախին եւ Հայաստանին, կազմակերպողն է, իրագործողն է, ղեկավարողն է այդ բոլոր շարժումներուն, որոնց նպատակն է դէմ դնել մեր ազգային էութեան բոլոր սպառնալիքներուն:

Սիրելի՛ երիտասարդներ.

Այս մարտահրաւէրներուն առաջքը առնելը հսկայական աշխատանք կը պահանջէ, դուք պէտք է ձեր մէջ պահէք անընդհատ պայքարի ջահակիր ըլլալու աննկուն կամքը:

Պէտք է բազմապատկէք ձեր ջանքերը, որպէսզէ միշտ բոցավառէք պայքարի զգացողութիւնը:

Յաջողութեան հասնելու համար պէտք է դաշնակցական երիտասադը իր ամէնօրեայ օրակարգին վրայ ունենայ այս ամէնը եւ չբաւարարուի միայն վտանգի կամ ճգնաժամի ժամանակ գերլարուած աշխատելով:

Ձեր գործունէութիւնը, առանց չափազանցնելու, անկիւնադարձային նշանակութիւն ունի ծանր օրեր ապրող մեր հայրենիքին եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին համար:

Հայաստան

Հայաստանի մասին խօսելով հարկադրուած եմ խօսելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան չորս հիմնասիւներուն մասին՝ ազգային, ընկերվարական, յեղափոխական եւ ժողովրդավարական:

Այս չորս սկզբունքներով կը ղեկավարուի դաշնակցականներու մտածողութիւնը եւ կ’առաջնորդուին մեր որոշումները.

– Ազգային – ասոր մասին անդրադարձանք արդէն:

– Ընկերվարական – ՀՅԴ-ի համար ընկերվարութեան հիմնական սկզբունքը ընկերային արդարութիւնն է, այսինքն հաւասար հնարաւորութիւն ստեղծել բոլորին:

– Յեղափոխական – Դաշնակցութեան յեղափոխական նկարագիրը հիմնականօրէն կը կայանայ հետեւեալներուն մէջ.
ա.- Ազգային ազատագրական պայքար բռնապետութեան եւ անարդարութեան դէմ:
բ.- Ազգ-բանակ հասկացողութեան գործադրումը, հայրենադարձութեան խթանումն ու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման տանող աշխատանքներ:

– Ժողովրդավարական – Ժողովրդավարութեան հետ կապուած, հոս կ’արժէ ընել հետեւեալ հաստատումները.
ա.- Դաշնակցութիւնը միակ կամ հազուագիւտ կուսակցութիւններէն է հայկական իրականութեան մէջ, որ կը մերժէ անհատի պաշտամունքը:
բ.- Դաշնակցութիւնը միակ կամ հազուագիւտ կուսակցութիւններէն է, որ հիմնական որոշումները կը կայացնէ համախոհութեամբ:
գ.- Դաշնակցութիւնը միակ կամ հազուագիւտ կուսակցութիւններէն է, որ ապակեդրոն ձեւով կը գործէ:
դ.- Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Հայաստանի իրականութեան մէջ միակ կամ հազուագիւտ ղեկավար մարմինն է, որ նախորդ երեսուն եւ աւելի տարիններուն ընթացքին բազմաթիւ անգամներ ղեկավարութիւն փոխած է:

Իսկ հիմա հանենք Դաշնակցութիւնը Հայաստանի իրականութենէն, նոյն հարցումը տալով, թէ ի՛նչ կը շահի հայ ժողովուրդը այդ պարագային.
– Կը կորսուի ազգայինը:
– Կը նուազի ժողովրդավարութիւնն ու ընկերվարութիւնը, ու կը տիրէ մենատիրութիւն եւ անարդարութիւն:
– Կը վերանայ յեղափոխութիւնը եւ կը կորսնցնենք հայրենիքի անվերապահ պաշտպանները:

Առ այդ, Հայաստանը պէտք է վերականգնէ իր ազգային դիմագիծը, որպէսի վերականգնի ժողվրդային համերաշխութիւնը, եւ ամէնէն կարեւորը՝ վերականգնի ազգային արժանապատուութիւնը:

Հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը պէտք է առաջնորդուին ազգային գաղափարախօսութեամբ եւ պատմական փաստերը արժեւորող կուսակցութիւններու կողմէ (նախընտրաբար Դաշնակցութեան, կը շեշտեմ նախընտրաբար Դաշնակցութեան կողմէ), որ պիտի համախմբէ ամբողջ հայութիւնը ազգային պետական օրակարգի շուրջ:

Սիրելիներ.

Ժամանակն է վստահելու Դաշնակցութեան, ինչպէս սփիւռքի մէջ, առաւել եւս Հայաստանի մէջ: Մեր փրկութեան միակ բանալին ազգային հայրենիքի կերտումն է, ուր Հայաստան-Արցախ-Սփիռրք եռամիասնութիւն կրնանք ապահովել, եւ հաստատ կրնանք աւելի զօրաւոր եւ կազմակերպուած ձեւով զարգացնել մեր ազգային ինքնութիւնը, պաշտպանել մեր հայենիքը եւ կառուցել բարեկեցիկ ապագայ: