Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն – 49 Սփիւռքահայ Ուսուցիչներ Արժանացան Հայերէնով Դասաւանդողներու Առցանց Ուսուցումի Մրցանակին
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Սփիւռքի ուսուցիչներուն ուղղուած մրցանակ մը յայտարարեց Ապրիլ 2020-ին:
«Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»-ին նպատակն էր քաջալերել Պսակաձեւ ժահրին պարտադրած ինքնամեկուսացումին պատճառաւ առցանց հարթակներ տեղափոխուած կրթական ընթացքին մէջ հայերէնով իրենց ներդրումը ունեցող ուսուցիչներուն անհատական աշխատանքները:
Ուսուցիչները պէտք է դիմէին ներկայացնելով իրենց պատրաստած նիւթերը, իրենց աշակերտներուն հետ ունեցած հաղորդակցութեան օրինակները, եւ իրենց օգտագործած առցանց հարթակին վրայ իրականացուած ուսուցողական տուեալ աշխատանքին ընթացքն ու նպատակակէտերը բացատրող գրութիւն մը:
Մրցանակը դիմումներ ընդունեց վեց շաբթուան ընթացքին: Դիմումներուն արժեւորումի աշխատանքները կատարուեցան երկշաբաթեայ դրութեամբ, եօթը հոգիէ բաղկացած յանձնախումբի մը կողմէ, եւ նկատի ունենալով հետեւեալ չափանիշերը.-
o Առցանց համակարգերու գործածութեան մէջ առաջարկուած նորարար մօտեցումները:
o Մանկավարժական մեթոդաբանութեան կիրարկելիութիւնը եւ ճկունութիւնը։
o Աշակերտներուն մասնակցութիւնը եւ անոնց համար «հաճելի»-ի ազդակը։
o Գործադրութեան եւ հայերէնի գործածութեան որակը:
o Ուրիշներուն կողմէ ծրագիրին գործածելիութեան հեռանկարը։
Այս վեց շաբաթներուն ընթացքին, հիմնարկութիւնը 13 երկիրներէ 106 դիմումներ ստացաւ՝ ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ հայկական դպրոցներու մէջ աշխատող ուսուցիչներէ: Դիմողներուն մեծամասնութիւնը հայոց լեզուի դասատուներ էին, բայց մրցանակը սահմանափակուած չէր իրենցմով: Պատմութեան, կրօնի, թուաբանութեան, գիտութեան, արուեստի եւ նոյնիսկ մարզանքի ուսուցիչներ դիմեցին իրենց տարբեր բնոյթի աշխատանքներով՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրը բացայայտելով իր եւ իր աշակերտներուն ունեցած փորձառութիւնը հեռավար ուսումնառութեան աշխարհին մէջ: Դիմողներուն միջին տարիքը 44-ն էր:
Հիմնուելով դիմողներու մեծ թիւին վրայ եւ հնարաւորին չափ շատ ուսուցիչներ քաջալերելու նպատակով, նախապէս յայտարարուած 30 մրցանակին փոխարէն Հիմնարկութիւնը տրամադրեց 500 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ 49 նպաստ, քաջալերելով դիմողներուն 46 տոկոսը:
«Մեր սրտագին շնորհաւորանքները կը փոխանցենք բոլոր մրցանակակիրներուն: Դժբախտաբար, չէինք կրնար մրցանակ տրամադրել բոլոր մասնակիցներուն: Այնուամենայնիւ կը գնահատենք բոլորին ջանքերը եւ ընդհանրապէս հայերէնի դասաւանդումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմաց անոնց կատարած մեծ աշխատանքը՝ մանաւանդ համաճարակի այս օրերուն», նշեց Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ «Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»-ին մրցանակակիրներուն անուանացանկին ծանօթանալու համար այցելել gulbenkian.pt/armenian-