Գրիգոր Պըլտեան Կը Պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» Շքանշանով

21 Մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ստորագրեց հրամանագիր մը ֆրանսահայ ծանօթ գրող եւ մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանը «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով պարգեւատրելու մասին։

«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136րդ յօդուածի եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքի 5.3րդ յօդուածը, Հանրապետութեան տօնի առթիւ, մշակոյթի զարգացման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործում ներդրած նշանակալի աւանդի համար գրող, գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեանին (Ֆրանսիա) պարգեւատրել Մովսէս Խորենացու մեդալով», կ՛ըսուի վերոնշեալ հրամանագրին մէջ: