Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմի Մէջ Հայկական Յուշարձաններու Հետքերով» Մատենաշարի Բ. Հատորին Շնորհահանդէսը

23 յունիսին Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի հեղինակած թեմի պատմութիւնը ներկայացնող «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմի մէջ հայկական յուշարձաններու հետքերով» մատենաշարի Բ. հատորին շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքը արտասանեց Փաթրիսիա Տանղեան, որ շնորհաւորեց ներկաները նման աշխատութեան հաղորդակից ըլլալնուն համար` շնորհակալութիւն յայտնելով սրբազան հօր, այս դժուար աշխատանքը նախաձեռնելուն եւ սեփական բոլոր յարմարութիւններով, անցեալի մեր պատմութիւնը մեզի շնորհելուն համար:

«Ալիք» հաստատութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Արմոնդ Պատալեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ գիրքերը միտքերու նաւեր են, որոնք թափառելով ժամանակի ալիքներուն մէջ` խնամքով կը տանին իրենց թանկարժէք բեռը սերունդէ սերունդ, շեշտելով, որ սոյն հատորը արդիւնք է, սրբազան հօր անկոտրում կամքին, հետեւողականութեան, ամբողջական նուիրումին, տքնաջան աշխատանքին, մտաւոր անսահման հարստութեան:

Այնուհետեւ Սեդա Ֆարմանեան ներկայացուց սրբազան հօր կենսագրական գիծերը` անդրադառալով անոր մտաւորական կեանքին, որ անցնող երեսուներկու տարիներու հոգեւորական սպասաւորութեան ընթացքին ունեցած է որպէս խմբագիր եւ աւելի քան 30 գիրքերու հեղինակ է:

Ազգային իշխանութեան անունով Պատգամաւորական ժողովի Ա. ատենադպրուհի Անահիտ Յակոբեան շնորհաւորեց սրբազանը` անդրադառնալով անցնող աւելի քան 10 տարիներու նուիրեալ ծառայութեան, որ նոյն թափով ու եռանդով կը շարունակէ սրբազան հայրը Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ:

Իր խօսքի աւարտին Անահիտ Յակոբեան կարդաց Թեհրանի եւ Սպահանի հայոց թեմերու առաջնորդներ` Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ Սիփան եպս. Քէչէճեանի շնորհաւորանքի ուղերձները:

Հատորին մասին անդրադարձաւ Նայիրի Տիլանեան, որ կեդրոնանալով Ղարադաղի վեց գաւառակներուն վրայ` ներկայացուց հեղինակին ուսումնասիրական եւ դաշտային աշխատանքի արդիւնք հանդիսացած գիրքը` ճոխացուած նորագոյն լուսանկարներով ու արխիւային նիւթերու մատուցմամբ եւ հնագոյն փաստաթուղթերէն վերցուած թանկարժէք յուշերու պատկերներով:

Պատգամաւորական ժողովի Բ. ատենապետ Սարինէ Մեջլումեան ուրմիահայութեան անունով կարդաց շնորհաւորական ուղերձ:

Շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Իրանի Հայկական եկեղեցիներու պահպանման պետական հիմնարկութեան տնօրէն դոկտ. Շերլի Աւետեան` վկայելով այն նուիրեալ աշխատանքը, որ ոչ միայն սիրայօժար, այլեւ մեր պատմական ժառանգութեանց հանդէպ ունեցած իւրայատուկ սիրով կը կատարէ սրբազան հայրը:

Այնուհետեւ կարդացուեցան շնորհաւորական այլ ուղերձներ, որոնք յղուած էին միութիւններու կողմէ: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ Ղարադաղի գիւղերուն մէջ մնացած յուշարձանները:

Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում սրբազան հօր:

Աւարտին շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ սրբազան հայրը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս գիրքի մեկենաս, ազգային բարերար Համազասպ եւ Սեդա Ոսկանեան ամոլին, որոնք առաջին հատորին մեկենասները ըլլալէն ետք նոյն նուիրումով եւ սիրով յանձն առին երկրորդ հատորին ծախսալից հրատարակութեան մեկենասութիւնը:

Սրբազան հայրը շեշտեց, որ սոյն մատենաշարը իր կտակը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն Ատրպատականի հայոց թեմին, այլեւ` ամբողջ հայոց պատմութեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.