Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ Կարօ Սասունիի արձանի պաշտօնական բացումը

ԳԻՒՄՐԻ.- Գիւմրիի Պրոշեան եւ Գարեգին Նժդեհ փողոցներու խաչմերուկին վրայ տեղի ունեցաւ ազգային-քաղաքական գործիչ, պատմաբան, իրաւաբան եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պետական գործիչ Կարօ Սասունիի արձանի հանդիսաւոր բացումը։

Գիւմրիի աւագանիի որոշումով տեղադրուած 2 մեթր 40 սանթիմեթր բարձրութեամբ պրոնզաձոյլ արձանին հեղինակն է քանդակագործ Միսակ Մելքոնեան։ Բացման արարողութեան մասնակցեցան Գիւմրիի քաղաքապետի պաշտօնակատար Աւետիս Առաքելեան, պետական եւ հասարակական գործիչներ, ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Կարօ Սասունիի ժառանգներն ու անոր յիշատակը յարգող քաղաքացիներ։

Աւետիս Առաքելեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ հուշարձանը պարզապէս քանդակ մը չէ, այլ ազգային յիշողութեան, արժանապատուութեան եւ սերունդներուն փոխանցուող արժէքներու խորհրդանիշ։ Ան նշեց, որ Կարօ Սասունի իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայրենիքի պաշտպանութեան, հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պահպանման եւ անոր իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Դաշնակցական Կարօ Սասունի իր երիտասարդ տարիքէն ներգրաւուած է հայ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ։ 1914-1915 թուականներուն ան գործուն մասնակցութիւն բերած է հայկական կամաւորական շարժումին եւ Թալինի Դաշտադեմ ամրոցի մարտերուն։ 1919-ին ընտրուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, իսկ 1920-ի մայիսին նշանակուած՝ Ալեքսանդրապոլի նահանգապետ։

«Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի տնօրէն Ինկա Աւագեան ներկայացուց Կարօ Սասունիի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ յատկապէս անդրադառնալով անոր պետական ծառայութեան շրջանին։ Ան նշեց, որ նահանգապետի պաշտօնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք Սասունի հետեւողական եւ անզիջող պայքար սկսած է կաշառակերութեան դէմ՝ պատասխանատուութեան ենթարկելով թէ՛ կաշառք տուողները եւ թէ՛ ստացողները։ Այդ պայքարին շնորհիւ ան կարճ ժամանակի մէջ կարողացած է զգալիօրէն բարելաւել նահանգի վարչական կեանքը։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան ընդգծեց, որ արձանի բացումը պետական բարձր հնչեղութիւն ունեցող իրադարձութիւն պէտք է նկատուի՝ նկատի ունենալով Կարօ Սասունիի պատմական կշիռը։ Ան յիշեցուց, որ Սասունի աւելի քան երկու տասնամեակ մասնակցած է ազգային-ազատագրական պայքարին, պետականաշինութեան ու ռազմական գործողութիւններուն, իսկ հետագային Սփիւռքի մէջ իր ամբողջ գործունէութիւնը նուիրած է հայ ժողովուրդի պահպանման եւ ազգային արժէքներու փոխանցման գործին։

Միջոցառման ներկայ էր նաեւ Կարօ Սասունիի աշակերտներէն՝ դաշնակցական մտաւորական եւ ազգային-հասարակական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեան, որ ինքզինք համարեց այն բախտաւոր վերջին սերունդի ներկայացուցիչներէն, որոնց հայ գրականութեան եւ հայ ազատագրական շարժման պատմութեան ուսուցիչը եղած է Կարօ Սասունին։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ Սասունի հեղինակութիւն վայելած է քիւրտ շրջանակներու մէջ եւ հայ-քիւրտ յարաբերութիւններուն նուիրուած աշխատութիւն հեղինակած է։

Քանդակագործ Միսակ Մելքոնեանի համաձայն՝ արձանին մէջ ներառուած են երեք խորհրդանշական տարրեր։ Կարօ Սասունիի ձեռքի ծխամորճը կը խորհրդանշէ մտածումն ու խորախորհուրդ բնաւորութիւնը, վզնոցը՝ ազատութեան գաղափարը, իսկ պարզած ցուցամատը՝ անոր ղեկավարի եւ պետական գործիչի հանգամանքը։

Արձանի տեղադրման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Զօրավար Սեպուհ» պատմաքաղաքական վերլուծական կեդրոնի նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Աշոտ Ներսիսեանին եւ Կարօ Սասունիի ժառանգներուն։ Յարակից տարածքի բարեկարգումը իրականացուած է բարերար Իվան Ալտհալճեանի աջակցութեամբ։