Գերմանիա եւ Աւստրիա կը միտին օրէնքով արգիլելու Գորշ գայլերու նշանը ցոյց տալը

Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ որոշ կուսակցութիւններ կը միտին օրինագիծ մը ներկայացնելու խորհրդարան, որով կ’արգիլուի իրենց երկիրներու տարածքին ցոյց տալ թրքական ծայրայեղական Գորշ գայլեր կազմակերպութեան եւ Իսլամ Եղբայրներուն աջակցող Ռապիա նշանը:

Գերմանիոյ մէջ այսպիսի կոչ մը ուղղած է Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն (CDU) կուսակցութեան խօսնակ Քրիստոֆ տէ Վրայը։ Ձախերու կուսակցութեան խորհրդականական խմբակցութեան նախագահի պաշտօնակատար Սեւիմ Դաղդելենն ալ ըսած է. «Գերմանիոյ ամենամեծ ծայրայեղ աջակողմեան եւ հակասահմանադրական կազմակերպութիւններէն մէկուն՝ Գորշ գայլերու նշանը կարելի է համեմատել Հիթլերը ողջունելու նշանին հետ։ Այդ իսկ պատճառով անյապաղ պէտք է արգիլել զայն»։

Իսկ Աւստրիոյ Ազատութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Հայնց Քրիստիան Շտրախեն Աւստրիոյ Ներքին Գործերու նախարարութեան աջակցած է, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (ՔԲԿ-PKK), Իսլամ Եղբայրներ եւ Համաս կազմակերպութիւններուն նշաններուն հետ մէկտեղ արգիլուի նաեւ Գորշ գայլերու նշանը։ Աւստրիոյ մէջ վերջիններուս նշանը ցոյց տալու համար կը նախատեսուի 4000 եւրօ տուգանք սահմանել։

Թրքական աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը Գերմանիոյ Քիոլն քաղաք կատարած վերջին այցելութեան ժամանակ թրքական համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին ցոյց տուած էր թէ՛ Գորշ գայլերուն եւ թէ՛ Ռապիա նշանը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.