Գանատայի խորհրդարանի ներկայ եւ նախկին անդամներ արտգործ նախարարութենէն կը պահանջեն սրբագրել Անգարայի դեսպանատան գրառումը
Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ալեքսանտր Պուլրիս (Նոր Դեմոկրատ) եւ խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախկին նախագահ Հարոլտ Ալպրէխթ (Պահպանողական) ընկերային ցանցերու վրայ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջեցին սրբագրել Թուրքիոյ դեսպանատան թուիթըրեան գրառումը, շեշտելով, որ գրութիւնը խոտոր կը համեմատի Գանատայի հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան եւ չի յարգեր ժողովուրդնեերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը։
Նշենք, որ Ապրիլ 1-ին, Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպանատունը թուիթըրեան յայտարարութիւն մը կատարած էր, որուն մէջ կը շեշտուէր, որ Գանատան կ’աջակցի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ չի ճանչնար Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքները:
Ապրիլ 3-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ մը յղեց Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Ֆրանսուա Ֆիլիբ Շամբայնին, յորդորելով՝ ջնջել տալ Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպանատան անխոհեմ թուիթըրեան գրառումը, որ կը վերաբերի Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքներուն: Աւելին, յանձնախումբը նոյն հաղորդագրութեամբ պահանջեց տուն կանչել դեսպանը՝ իր անպատասխանատու քաղաքական դիրքորոշումին համար, որ կը հակասէ պաշտօնական Օթթաուայի խաղաղութեան եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան: