Գանատայի թուրքերը Ապրիլ 24-ին Օթթաուայի մէջ հակահայ ցոյց պիտի կատարեն

«Հորիզոն».- Գանատայի թրքական կազմակերպութիւններու համախմբումը ներկայացնող The Federation of Canadian Turkish Associations կազմակերպութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կոչ ուղղած է Օնթարիոյի եւ Քեպէգի թուրք համայնքին՝ Ապրիլ 24-ին մասնակից դառնալու Օթթաուայի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով գանատահայութեան կազմակերպած ժողովրդային հաւաքին դէմ ուղղուած թրքական հակացոյցին։

Նշենք, որ տարիներու աւանդութեամբ, Օթթաուայի Խորհրդարանի շէնքին դիմաց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաքի աւարտէն ետք հազարաւոր հայորդիներ կ՚ուղղուին դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման յատուկ գեղարուեստական յայտագիր կը ներկայացուի։

Հինգ տարիէ ի վեր, Գանատայի թրքական համայնքը կը փորձէ նոյն օրը եւ նոյն վայրին մէջ հակացոյց կատարել։ Ապրիլ 24-ին, գանատացի ոստիկաններու ստուար թիւ մը թրքական դեսպանատան դիմաց միշտ կը հսկէ կացութեան եւ անցարգել պատնէշներով կը բաժնէ ցուցարար երկու կողմերը: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը կազմակերպուած ձեւով կը մասնակցի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպած վերոնշեալ արարողութեան։ Անցնող տարիներուն հակացոյցի մասնակից թուրքերուն թիւը չէ թեւակոխած 200-ը, իսկ հայկական կողմի թիւը միշտ եղած է 2000-էն վեր։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով Օթթաուայի մէջ համախմբուած էին 10 հազար հայեր։ Վերջին տարիներուն թուրք ցուցարարներուն կը միանան նաեւ ատրպէյճանցիներ եւ «Գորշ Գայլեր» թրքական ազգայնամոլ կուսակցութեան անդամներ։

Յիշեցնենք նաեւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան Օթթաուայի ոգեկոչման հանդիսութիւններուն միշտ ներկայ կ՚ըլլան գանատացի նախարարներ, խորհրդարանի անդամներ, կուսակցութիւններու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ յոյն, հրեայ, քիւրտ, ռուանտացի համայնքներու ներկայացուցիչներ։

(Photos by Ishkhan Ghazarian)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.