Գանատահայ գործարար Յովսէփ Սէրայտարեանի տեղեկատուական գիտարուեստի երեւանեան գրասենեակը 7 տարիէ ի վեր կը գործէ
Գանատահայ գործարար Յովսէփ Սէրայտարեան ծնած է Հալէպ, յաճախած է տեղւոյն Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը, ապա Հայաստանի Պետական Ճարտարագիտական համալսարանի տեղեկատուական գիտարուեստի բաժանմունքը (information technology faculty) եւ աւարտած է զայն ծրագրակազմի ճարտարագիտութեան (software engineering) մասնագիտութեամբ: Գործատէրն ու հիմնադիրն է Digilite ընկերութեան, որ կը գործէ Թորոնթոյի, Երեւանի, Հալէպի (նախքան պատերազմը), Լոս Անճըլըսի եւ վերջերս նաեւ Սիտնիի մէջ:
Հ.- Պարո՛ն Յովսէփեան, դուք գործատէրն ու հիմնադիրն էք Digilite ընկերութեան, որ կայքէջերու ձեւայղացքներով կը զբաղի: Կրնա՞ք հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցել մեր ընթերցողներուն այս ընկերութեան հիմնադրութեան եւ աշխատանքային ծիրին մասին:
Յ.Ս.- Նախ ըսեմ, որ Digilite-ը ոչ միայն կայքէջերու ձեւաւորումով կը զբաղի, այլ նաեւ թուային շուկայավարումով (digital marketing), ծրագրաւորումով (programming) եւ ձեւային կիրարկման զարգացումով (costuming application development): Մեր ընկերութիւնը հիմնուած է 2006-ին Թորոնթոյի մէջ, որմէ մի քանի տարի ետք բաժանմունք հիմնեցինք Հալէպ, Սուրիա մինչեւ պատերազմի սկիզբը՝ 2013: 2012-ին բացումը կատարեցինք մեր Երեւանի գրասենեակին. Երեւանի Պետական Ճարտարապետական համալսարանը աւարտած ըլլալով, հոն ընկերներու լայն շրջանակ մը ունէի, որոնք այս ասպարէզով կը զբաղին, հետեւաբար 2012-ին կարելի եղաւ Երեւանի մէջ գրասենեակ հիմնել եւ որուն աշխատակազմը հետզհետէ ծաւալեցաւ: Այժմ ունինք նաեւ այլ բաժանմունքներ Լոս Անճըլըսի եւ վերջերս Սիտնիի մէջ:
Մենք պատուիրատու յաճախորդներ ունինք աշխարհի չորս կողմերէն՝ Գանատայէն, Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Ռուսիայէն, Աւստրալիայէն եւ Միջին Արեւելքէն, անոնք զանազան խաւի գործարարներ եւ կազմակերպութիւններ են: Մեր կեդրոնական գրասենեակը Երեւանի գրասենեակն է, ուր կը տարուին հիմնական աշխատանքները եւ ուրկէ կ’առաքուին դէպի միւս բաժանմունքներ եւ ապա՝ պատուիրատու յաճախորդներուն:
Հ.- Երեւանի մէջ մասնաճիւղ ունենալով դուք բաւական ծանօթ էք Հայաստանի մէջ տեղեկութիւններու գիտարուեստի (IT, Information Technology) ոլորտին. ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ ոլորտը Հայաստանի մէջ ներկայիս:
Յ.Ս.- Արդէն 7 տարի է, որ Երեւանի մէջ մենք գործունէութիւն ունինք, եւ այս 7 տարուան ընթացքին ես անձնապէս գիտարուեստի այս ոլորտին մէջ հսկայ զարգացման ականատեսը եղայ: Պէտք է խոստովանինք, որ այդ զարգացումը մասամբ կը պարտին սփիւռքի եւ օտար երկիրներու զանազան կազմակերպութիւններու, որոնք քաջալերելի հեռատեսութեամբ մը իրենց ներդրումները կատարեցին Հայաստանի մէջ, եւ որոնք ապարդիւն չմնացին: Մեծ եղաւ Հայաստանի համալսարանաւարտ երիտասարդներու դերակատարութիւնը այս առումով, որոնք ոչ մէկ ջանք խնայեցին այս մասնագիտութեան մէջ առաջանալու եւ արդիւնաւէտ աշխատանք տանելու: Կրնամ վկայել, որ այսօր այնքան պահանջք կայ տեղեկուական գիտարուեստի ոլորտին մէջ աշխատողներու, որ հայրենի մեր ներկայի աշխատուժը բաւարար չէ, հետեւաբար պէտք է մղել նոր սերունդները այս ոլորտով հետաքրքրուելու եւ մասնագիտանալու:
Հ.- Ի՞նչ նկատառումներով հիմնած էք Երեւանի մասնաճիւղը եւ հոն քանի՞ աշխատաւոր ունիք:
Յ.Ս.- Digilite-ի հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ նպատակս էր հայրենիքի մէջ գործունէութիւն ծաւալել: Քաջալերուեցայ նաեւ հոն ունեցած նոյն ասպարէզի ընկերներու շրջանակէս, նաեւ ուզեցի կեդրոնական գրասենեակի վերածելով՝ առաւել եւս մատչելի գիներով ծառայել աշխարհատարած յաճախորդներուս, ինչպէս՝ Հիւսիսային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ արեւմտեան այլ երկիրներու մեր պատուիրատուներուն:
Խրախուսիչը այս ոլորտին արագընթաց զարգացումն է հայրենիքին մէջ, նաեւ որակի բարելաւումը: Օտար կազմակերպութիւններու ներդրումին կողքին մեր հայրենի ուժերը եւս մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին, մասնակցեցան անոնց կազմակերպած դասընթացքներուն եւ իրենց աշխատանքային որակը բարելաւեցին:
Այսօր Հայաստանի մեր գրասենեակին պաշտօնէութիւնը կը հաշուէ 17 աշխատակից, եւ յիշեմ, որ մշտական աճի մէջ է այս թիւը, նկատի առած մեր աշխատանքի ծիրին ծաւալումը, հետեւաբար տակաւին կարիքը ունինք պաշտօնեաներու, եւ այս հարցազրոյցին ընդմէջէն կ’ուզեմ փոխանցել ընթերցողներուն, որ եթէ հետաքրքրուողներ կան՝ խնդրեմ թող այցելեն մեր կայքէջը եւ հոն պիտի գտնեն աշխատանքի առիթներ:
Հ.- Ուրեմն, պարո՛ն Յովսէփ, կը քաջալերէ՞ք սփիւռքի գործատէրերը, որ նման ներդրումներ ունենան-հիմնեն Հայաստանի մէջ, յատկապէս IT-ի ոլորտէն ներս:
Յ.Ս.- Այո՛, անշո՛ւշտ. հակառակ որ մենք Հայաստանի կողքին արտասահմանի մէջ եւս ունինք բաժանմունքներ, եւ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ արտասահմանի մէջ բաւական գործառնութիւններ կ’ընենք, բայց այսօր առաւել եւս կը քաջալերեմ, որ սփիւռքահայ գործատէրեր փոխանակ տուներ եւ անշարժ կալուածներ գնելու Հայաստանի մէջ, փոխանակ նուիրատուութիւններ կատարելով բաւականանալու, նախընտրելի է, որ երթան եւ գործառնութիւններ կատարեն Հայաստանի մէջ՝ գործի առիթներ ստեղծելով նաեւ մեր հայրենի ժողովուրդին: Մասնաւորապէս IT-ի ոլորտին մէջ, ես անձնապէս օգնած եմ շատ սփիւռքահայերու, որ Հայաստանի մէջ գործ հաստատեն. ըսեմ նաեւ, որ պատրաստ եմ խորհուրդ տալու եւ աշխատակազմէս փորձառու խորհրդատուներ տրամադրելու բոլոր անոնց, որոնք մտադիր են հայրենիքի մէջ սկսելու իրենց նոր գործառնութիւնները, պատրաստ եմ նաեւ
Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան