Գալիք 50 տարին

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Անթաքոյց ցնծութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ Մեծն Մոնթրէալի հայութիւնը նշեց Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի՝ Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան նախակրթարանի ու Բաստրմաճեան երկրորդականի գոյառման 50-ամեակը։

Անշուշտ որեւէ ազգային հաստատութեան նման յոբելեանը ցնծութիւն ու հպարտութիւն պիտի յառաջացնէր մեր գաղթօճախներէն որեւէ մէկուն պարագային, Սուրբ Յակոբինը սակայն աւելիով, քանի որ Մոնթրէալի, Լաւալի եւ ընդհանրապէս Գանատայի մեր համայնքները նոր կազմուած ու զարգացած են՝ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մեր աւելի հին ու կայացած գաղութներու հետզհետէ քայքայման ու նօսրացման ի հետեւանս։ Ճիշտ է, Մեծ եղեռնէն առաջ ու ետք հայեր եկած հաստատուած են այս ափերը, կազմակերպուած ալ են, սակայն այս երկրին մէջ հայութեան թիւի աճը կը սկսի 1950-ականներու կէսերէն ու կը շարունակուի ահա 75 տարիէ ի վեր։ Այս իմաստով, մեր հրճուանքը պիտի բաղդատուէր Միջին Արեւելքի՛ մեր հաստատութիւններու յոբելեաններու առթած հրճուանքին հետ, ուր ատենին, նոյնիսկ ա՛լ աւելի դժուար պայմաններու մէջ եւ առանց մեր այժմ ունեցած հնարաւորութիւններուն կերտուեցան մեր եկեղեցիները, դպրոցներն ու կեդրոնները։

Այլազան միջոցառումներով նշուեցաւ 50-ամեակը, յիշուեցան դժուարութիւններն ու նուաճումները։ Տեսանք ինչպէս նիւթական ամենէն նեղ պայմաններուն մէջ, տեղական նուազագոյն փորձառութեամբ ու հակառակ ոմանց թերահաւատութեան, հիմը դրուեցաւ նախ ամենօրեայ ծաղկոցին (ՀՕՄ-ի անունով ճամբայ ելած) ապա վարժարանին՝ շնորհիւ ծնողներու հաւատաւորութեան, մեր ուժերուն նկատմամբ վստահութեան ու մեր ինքնութեան պաշտպան բերդը դառնալու սահմանուած այս հաստատութեան առաքելութեան անխախտ համոզումին։

Եւ եղեւ լոյս, եւ եղեւ վարժարան, եւ եղեւ յիսուն տարի։

Այս յիսուն տարիներուն տեսանք ինչպէս յաղթահարուեցան դժուարութիւնները. տիրացանք պատկառելի դպրոցական կալուածի մը, ուր ուռճանալու եւ նորանոր յարմարութիւններ ստեղծելու հնարաւորութիւնը ունինք, կրցանք վերջին շրջաններուն համարկել յատկապէս Սուրիայէն մեծ թիւերով այստեղ ապաստան գտած ընտանիքներու զաւակները ու յատուկ դասընթացքներով զիրենք մուծել մեր կրթական համակարգին մէջ, նոյնը՝ այդպէս հո՛ս շունչ առած դաստիարակներու պարագային։

Վերջապէս ականատեսը եղանք թէ ինչպէս սերունդներ հասան ու իրենց արժանաւոր տեղը գրաւեցին ոչ միայն գաղութի, այլեւ երկրի ալ կեանքին մէջ՝ քաղաքական, կրթական-մշակութային, ընկերային, տնտեսական թէ գիտական մարզերէն ներս, սերունդներ, որոնք ոչ միայն իրենց ծնողներուն, այլեւ գաղութի՛ն հպարտութիւնն են։ Եւ ահա արդէն անոնք են, որ ստանձնած են մեր հաստատութիւններու պահպանման ու գործունէութեան շարունակութեան պատասխանատւութիւնը։

Հիմա սակայն ատենն է, որ մեր աչքերը սեւեռենք դէպի գալիքը, դէպի յաջորդ յիսուն տարիները ու դէպի այն մարտահրաւէրները, որ կը դրուին մեր առջեւ։

Ո՞ւր կ՚երթանք։ Ինչպէ՞ս կ՚երթանք։ Ի՞նչ նպատակադրումով կ՚երթանք։

Այս հարցումները մեզ կը պարտաւորեցնեն նստիլ ու մտածել, մտածել ու ծրագրել։ Եւ կասկած չկայ, որ այս հարցումներուն պատասխանները մենք պարտաւոր ենք միասնաբար որոնելու, միասնաբար ոչ միայն Սուրբ Յակոբի շրջանակին մէջ, այլ համայն գաղութին, իր բոլոր կազմակերպութիւններով ու բոլոր կողմերով։ Որովհետեւ ապագան բոլորինս պիտի ըլլայ եւ միասնական ծրագրումը բոլորին կը նպաստէ, բոլորը կ՚օժտէ յաւելեալ ուժերով ու միջոցներով՝ կանխելով նաեւ անոնց յումպէտս վատնումը։ Եւ պարտաւոր ենք նկատի առնելու մանաւանդ հայութեան ընդհանուր իրավիճակը, ի Հայաստան ու ի սփիւռս աշխարհի՝ մեր ազգային գոյութեան իսկ սպառնացող ժամանակակից վերիվայրումներու լոյսին տակ։

Արդեօք Գանատայի հայութեան շատ, շա՛տ աւելի համապարփակ առաքելութիւն մը չի՞ վիճակուիր ներկայիս՝ բաղդատաբար մեր համայնքներու կազմութեան այն առաջին տարիներուն։ Արդեօք Մոնթրէալ-Լաւալը, Թորոնթոն ու Վանգուվըրը՝ իւրաքանչիւրը թերեւս իր ինքնուրոյն ճամբաներով, բայց եւ այնպէս միացեալ մօտեցումով՝ չե՞ն ճակատագրուած ոչ թէ փոխարինելու, այլ շարունակելու Գահիրէի, Պէյրութի ու Հալէպի (յիշելու համար այս երեքը միայն) ու Միջին Արեւելքի կամ նոյնիսկ Եւրոպայի օրին ծաղկած մեր այլ գաղութներու առաքելութիւնը՝ վառ պահելով հայութեան ինքնութեան պահպանման ջահը՝ մինչեւ, մինչեւ, մինչեւ… Այո՛, մինչեւ հայութեան համախմբումը իր հայրենական հողերուն վրայ, յանո՚ւն այդ համախմբումին։ Առանց մտահան ընելու այս տեսլականը։

Արդարեւ քիչ չեն կարիքները՝ հայագիտական հիմնարկ-ուսուցչանոց, տեղեկատւուական-քարոզչական կեդրոն, հայ մշակոյթի ու Հայ դատի թանգարան, հայերէնի, հայոց պատմութեան, մշակոյթի ու կրօնի արդիական դասագրքերու ու այլ միջոցներու հրատարակչական կեդրոն, լսողատեսողական հրապարակումներու կեդրոն եւ այլն, եւ այլն։ Եւ արդէն այս բոլորը սաղմնային վիճակով մը իրագործման ընթացքի մէջ չե՞ն այսօր։

Այս բոլորին ու աւելիին կարիքը կայ, ու Գանատան, մանաւանդ Մոնթրէալ-Լաւալը իրենց աշխարհագրական դիրքով, մշակութային շրջարկով, տնտեսական ու գիտական կարելիութիւններով, մանաւանդ մարդուժով, նոյն ինքն մեր վարժարանին, վարժարաններուն իսկ զարգացուցա՚ծ մարդուժով ու ստեղծած հնարաւորութիւններով նախանձելի դիրք մը կը ներկայացնեն արտերկրի տարածքին։ Չենք կրնար անտեսել այս իրողութիւնը, չենք կրնար չօգտուիլ այս առաւելութիւններէն, չենք կրնար խուսափիլ մեր համահայկական առաքելութենէն։ Եւ չենք կրնար չցուցաբերել յանդգնութիւն, վճռակամութիւն եւ հաւատք։

Չե՛նք կրնար, եթէ իրապէս կ՚ուզենք պահել իրաւունքը պատուով դիմաւորելու գալիք յիսնամեակները…