Բաշ Ապարանի ճակատամարտը

Ռուսիոյ մէջ 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք ռուսական զօրքերը լքեցին կովկասեան ռազմաճակատը: Թրքական զօրքերուն դիմադրելու համար կազմաւորուեցան հայկական զօրամասեր:

Թրքական զօրքերը 10 փետրուար 1918-ին յարձակման անցան եւ մայիս 15-ին շարժեցան դէպի Ղարաքիլիսա (այժմՎանաձոր) եւ Արարատեան դաշտ Երեւան ներխուժելու նպատակով:

Հայաստան, արտաքին աշխարհէն ամբողջովին կտրուած, չորս կողմէն շրջապատուած էր թշնամի ուժերով:

Երեւանի զօրախումբի հրամանատար զօրավար Մովսէս Սիլիկեան մայիս 18-ին ընդհանուր հրամանատարութեան տեղեկացուց, որ դրութիւնը ողբերգական է: Հայութեան գլխուն կախուած էր ի սպառ բնաջնջման վտանգը: Կացութիւնը աւելի քան օրհասական էր:

Յատուկ կոմիտէն Երեւանի նահանգի գերագոյն իշխանութիւնն էրԵրեւանի Ազգային խորհուրդի ղեկավար Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ: Արամ 1918 մարտին տիքթաթոր հռչակուած էր: Ան բազմաթիւ կոչերով ու հրամաններով դիմեց ժողովուրդին սեփական ուժերուն վստահելու, կազմակերպուելու, պայքարելու եւ կենաց մահու կռիւ մղելու համար:

*

Բաշ Ապարանի գաւառին մէջ ծանր բախումները սկսան մայիս 22-ին, Դաւաբոյինի բարձունքներուն, Քասաղ գետի բլուրներուն եւ Արագածի լեռնալանջերուն: Թրքական յառաջապահ ջոկատները, որոնք լուրջ դիմադրութիւն չէին սպասեր, կորուստներ տալով կանգ առին:

Մայիս 23-ին թուրքերը հրետանային ու գնդացիրային ուժեղ կրակի տակ առին հայկական դիրքերը: Յամառ դիմադրութենէ եւ ծանր կորուստներէ ետք, Արսէն Տէր Պօղոսեանի հրամանով հայկական ուժերը նահանջեցին պաշտպանական երկրորդ գիծ:

Շրջանցելով Ապարանը եւ յարձակման անցնելով երկու ուղղութիւններով, թուրքեր փորձեցին թեւերէն տեղացող հարուածներով ընկճել հայ մարտիկներուն դիմադրութիւնը:

Թրքական հրամանատարութեան նպատակն էր հիւսիսէն արշաւել Երեւանի վրայ, անցնիլ Սարդարապատի մէջ կեդրոնացած հայկական զօրքերու թիկունքը եւ զանոնք կտրել Երեւանէն:

Բաշ Ապարանի ռազմաճակատին վրայ հայկական զօրագունդերու հրամանատարութիւնը վստահուեցաւ Դրոյին: Դրօ իր զօրախումբով Բաշ Ապարան հասաւ մայիս 23-ի երեկոյեան:

Դրօ իր ուժերով յարձակման անցաւ, Ապարանի երկայնքին ետ շպրտեց թուրքերը եւ շարժեցաւ դէպի Դանագիրմազ եւ Ղոնդաղսազ:

Մայիս 25-ին թուրքերը լայնածաւալ յարձակման անցան: Կէսօրին, անձրեւի տակ, անոնք Սարալանջ գիւղէն արեւելք փորձեցին անցնիլ յորդացած Քասաղ գետը, դուրս գալ հայկական ուժերու թիկունքը եւ խորտակել ապարանցիներու դիմադրութիւնը: Բայց հայկական ուժերը գրաւեցին Քասաղի երկու ափերու բարձունքները, կրակի տակ առին թուրքերը եւ ստիպեցին անոնց նահանջել:

Յետմիջօրէին թուրքերը գրոհի անցան Արագածի լանջերուն, ճեղքեցին հայոց պաշտպանութիւնը եւ թափանցեցին հայկական ուժերու թիկունքը, բայց հայկական ուժերը յաջողեցան կասեցնել անոնց յառաջխաղացքը եւ երկու կրակի տակ առին զանոնք: Մայիս 26-ին թուրքեր քանի մը ուղղութիւններով փորձեցին յառաջանալ, բայց կասեցուեցան:

Մայիս 27-ին հայկական նոր ուժեր հասան Ապարան: Հայկական ուժերուն միացած էին նաեւ եզիտի կռուող ուժեր` Ջհանգիր աղայի գլխաւորութեամբ:

Հայկական ուժերը յարձակման անցան ճակատի երկայնքին: Բուռն բախումներէ ետք թուրքեր նահանջեցին Նիգաւանէն եւ Մելիք գիւղէն եւ շրջակայ բարձունքներուն վրայ կեդրոնացան:

Մայիս 28-ին Դրօ անձնապէս գրոհի առաջնորդեց իր ուժերը: Թրքական դիրքերը գրաւուեցան մէկը միւսին ետեւէն: Հերոսաբար զոհուեցան շարք մը քաջորդիներ:

Հայկական ուժերը գրոհը շարունակեցին ամբողջ գիշերը:

Մայիս 29-ին հայկական ուժերու յարձակումները շարունակուեցան: Թրքական զօրքերը` ցիրուցան, սկսան փախուստ տալ դէպի Համամլու: Երեկոյեան թուրքերը սպիտակ դրօշակ բարձրացուցին: Թուրք բռնագնացներ բանակցութեան մէջ մտան Դրոյի հետ եւ յայտարարեցին, որ Պաթումի մէջ զինադադար ստորագրուած է, ուստի պէտք է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ